Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան երէկ շրջագայեցաւ բոլոր այն մարզադաշտերը, ուր տեղի պիտի ունենան Եւրօ-2019-ի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումները, ինչպէս նաեւ այն պանդոկները, ուր պիտի ըլլան մասնակցող խումբերը եւ պաշտօնական անձնաւորութիւնները, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Ան սկիզբը այցելեց Բանանցի մարզադաշտը, ապա Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտ, որմէ ետք ֆետերասիոնի ակադեմիան:
«Ռետիսըն Պլու» պանդոկին մէջ ան հանդիպեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց անգամ մը եւս հաստատեց, որ այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ ամէնէն բարձր մակարդակով: