Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. ԵԱՀԿ-ի Մէջ Հայկական Առաւելներ Թէ՛ Անգարայի Եւ Թէ՛ Պաքուի Ուղղութեամբ

Յուլիս 8, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին համար արցախեան հակամարտութեան մասին պատրաստուած զեկուցումին մէջ  օգտագործուած էր այնպիսի եզրաբանութիւն, որ  կը պաշտպանէր Ազրպէյճանի շահերը:  Եզրաբանութիւնը  բնականաբար միակողմանի էր  եւ համահունչ չէր հաւասարակշռութիւն պահպանող միջնորդական առաքելութեան օգտագործած բառապաշարին եւ ըսելաձեւերուն: ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին զեկուցողը   նկատի պէտք է ունենար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն օգտագործած եզրոյթները իրավիճակի գնահատական ձեւակերպելու ընթացքին եւ որեւէ կերպ հակասութիւն պէտք չէ ստեղծեր միեւնոյն կառոյցի այն խմբակին հետ, որ լիազօրուած էր միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու: Խօսքը կը վերաբերի իրլանտացի զեկուցողին կողմէ օգտագործուած «Ազրպէյճանական 7 տարածքներ» ասոյթին:

Միակողմանի մօտեցում ներառած զեկուցումը բնականաբար չէր կրնար հիմք ծառայել բանակցութիւններու: Գերակայ պիտի նկատուէին համանախագահներուն մօտեցումները, յայտարարութիւններն ու կոչերը: Համանախագահներու վերջին իրերայաջորդ հրապարակումները նման եզրոյթներ չէին օգտագործած:

Անշուշտ ազրպէյճանական կողմը աշխատած էր իրեն յատուկ միջոցներով. եւրոպական կառոյցները իրազեկ են այն մեթոտաբանութեան, որ Պաքուն ի գործ կը դնէր հերթական անգամ բանաձեւեր որսալու: Այն փաստը, որ ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամը նման բանաձեւի նախագիծ կը նկատէ հաւասարակշռուած, կը խօսի արդէն ազրպէյճանական ծանօթ միջոցներու կիրարկման մասին:

Բանաձեւի նախագիծին մէջ փոփոխութիւն ներառելու թիրախային աշխատանքը արդիւնաւորուած է: Հայկական կողմի բազմաուղղութեամբ աշխատանքը յանգած է հակահայկական ձեւակերպումներու դուրս բերման. հիմնաւորումը պարզ է: ԵԱՀԿ-ի առնչուած որեւէ բանաձեւ չի  կրնար խախտել համանախագահներուն ստեղծած միջնորդական հաւասարակշռութիւնը: Մանաւանդ որ ամբողջ բանակցային գործընթացը կը շարունակէ ընթանալ Հելսինքեան սկզբունքներուն վրայ, որոնք կը բացառեն ուժի կիրարկումը, կը յարգեն իրաւահաւասարութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:

Չմոռնանք, որ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ է 57 երկիր, որոնք ունին 350 պատգամաւոր. հետեւաբար բազմաթիւ ուղղութիւններով աշխատանքը յանգած է արդիւնքի եւ ԵԱՀԿ-ը փաստօրէն մերժած է ինքնահակասական ընթացքը:

Դիտարկում-տեղեկութիւն մը այս առիթով կրնայ որոշ լոյս սփռել զեկուցաբերին մասին: 2013-ին Ալան Ֆարելը ընկերային ցանցերով անյարմար գրառում կատարած էր երգիչի մը մասին եւ ապա իր կայքով ներողութիւն խնդրած:

Մնալով ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ` զուգահեռ զեկուցումէն հակահայկական ձեւակերպումները դուրս բերելու փաստին, ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի մարդու իրաւունքներու կոմիտէն կ՛ողջունէր իտալական խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Ֆրանսայի կողմէ ապրիլի 24-ի սահմանումը իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:

Հայկական կողմը առաւելներ կ՛արձանագրէր թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Պաքուի ուղղութեամբ:

 

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը` Իր Լիազօրութիւններուն Մասին. «Ես Կ՛աշխատիմ Սահմանադրութեան Սահմաններուն Մէջ»

Յաջորդը

Վրացական Դատախազութիւնը Ցոյցերուն Ետին Յեղաշրջումի Փորձի Մը Շուրջ Հետաքննութիւն Կը Կատարէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  22-րդ Կէտը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 22-րդ Կէտը

Սեպտեմբեր 30, 2025
Թրամփ. «Կազայի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու  Համաձայնութեան Գոյացման Կարելիութեան  Նկատմամբ Լաւատես Եմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան Գոյացման Կարելիութեան Նկատմամբ Լաւատես Եմ»

Սեպտեմբեր 30, 2025
Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին.  Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի  Զինուորական Բարձրաստիճան  Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին. Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի Զինուորական Բարձրաստիճան Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?