Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքերը Կը Փորձեն Իւրացնել Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին

Յուլիս 3, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի միջազգային սփիւռքի կեդրոնի ղեկավար Իսմայիլ Աղայեւ եւ հայատեացութեամբ յայտնի` թրքական «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի» միութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ, այցելելով Աղթամար կղզի, պատմութիւնը կեղծող հերթական յայտարարութիւններ կատարած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:

Երկու կազմակերպութիւններուն պատուիրակութիւնները ազրպէյճանական դրօշներով այցելած են Ս. Խաչ եկեղեցի, ուր Աղայեւ եւ Կիւլպէյ միասնաբար յայտարարած են, թէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին կը պատկանի «քրիստոնեայ թուրքեր»-ուն, եւ շուտով այդ ուղղութեամբ հետազօտական աշխատանքներ պիտի կատարուին:

«Հայերը, ուր որ խաչ կը տեսնեն, այդ հողերն ու եկեղեցիները հայկական կը նկատեն: Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող եկեղեցին հայերուն չի պատկանիր, այլ քրիստոնեայ թուրքերուն, ասիկա քրիստոնեայ թուրքերու յուշարձան է: Ասկէ քանի մը տարի առաջ հայերը օր ցերեկով թաքուն եկած են եւ եկեղեցւոյ վրայ հայկական տառեր գրած ու, մարդոց յիմարացնելով ցոյց կու տան, որ ասիկա իրենց կը պատկանի: Բայց թող բոլորը իմանան, որ ասիկա քրիստոնեայ թուրքերուն կը պատկանի: Մենք` իբրեւ աշխարհի ազրպէյճանցիներ, իբրեւ սփիւռք, կը պատրաստուինք հայերուն դէմ քայլերու ձեռնարկելու», յայտարարած է Աղայեւ:

Կէօքսել իր կարգին Վանը հայկական մայրաքաղաք ներկայացնելը կեղծ նկատած է: «Հայերը Վանը յայտարարած են մայրաքաղաք: Կարծես թէ այս շրջանին մէջ ո՛չ թուրք, ո՛չ քիւրտ, ո՛չ ալ ազրպէյճանցիներ ապրած են: Կարծես այստեղ միշտ հայեր ապրած են, իսկ մենք ալ հայերու թափթփուքներն ենք: Անոնց միակ նպատակը ծովէ ծով երկիր ստեղծելն է: Սակայն մենք հզօր ենք: Որեւէ պահու Ղարաբաղը պիտի ազատագրենք», յոխորտացած է ան:

Անոնք նաեւ յայտարարած են, թէ Ազրպէյճանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ սկսած են եկեղեցւոյ` թուրքերուն պատկանելուն վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները եւ մօտ օրէն խորհրդաժողով պիտի գումարեն ու «քրիստոնեայ թուրքերը» Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցի պիտի բերեն` պատարագ մատուցելու:

 

 

 

Նախորդը

Քապըր Շմունի Միջադէպին Յառաջացուցած Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Փորձեր

Յաջորդը

Քոնկրեսական Ճուտի Չու Արցախի Սահմանէն Արձակազէնները Հեռացնելու Առաջարկ Ներկայացուց

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?