Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ղարաբաղցին

Յուլիս 3, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Ո՞վ է ղարաբաղցին: Կրնայ ըլլալ, որ շատերը կը կարծեն, թէ ղարաբաղցին այն կոպիտ անձն է, որ կոշտ ոճով մեզի հետ կը յարաբերի: Սակայն այս վարկածը սխա՛լ է, որովհետեւ ղարաբաղցին այդ կերպարը չի ներկայացներ:

Ղարաբաղցին այն բարեսիրտ անձն է, որ ամէն գնով պատրաստ է ուրիշներուն օգտակար դառնալու: Ան ո՛չ ազգի խտրութիւն կը դնէ, ո՛չ ալ սեռի, իրեն համար բաւարար է, որ հայերէն կը խօսիս, հայկական ինքնութիւնդ կը պահես եւ հայկական հարուստ մշակոյթի տէր անձ ես: Ղարաբաղի բնակիչներուն դէմքէն ժպիտը երբեք չի կորսուիր, անոնք կը ստիպեն, որ դիմացինը նաեւ ժպտի:

Բարեսիրտ ըլլալու կողքին, ղարաբաղցին նաեւ սրտաբաց ու առատաձեռն է: Անոր ջերմ ընդունելութիւնը շատ մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ հիւրերուն վրայ: Իսկ երբ ան «հաց » ուտելու կը հրաւիրէ, բարիքներով լի սեղան մը պատրաստած կ՛ըլլայ` լեցուն ուտեստեղէններով, ինչպէս նաեւ` միրգերով ու խմիչքներով:

Բարեսիրտ, սրտաբաց եւ լաւատես է ղարաբաղցին: Երբ պատմութեան ուղեգիծին նայինք, Արցախը եւ իր բնակչութիւնը շատ դաժան եւ վատ օրերէ  անցած են: Սակայն հակառակ այս խոչընդոտներուն` Արցախը մնացած է կանգուն, իսկ իր բնակիչները` լաւատես  ու արթուն: Ղարաբաղցին իր յատուկ ապրելաձեւը ունի: Ան օրը օրին կ՛ապրի եւ համոզուած է, որ յաջորդող օրերը «լոխ լաւա լինելու», որ կը նշանակէ, թէ ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ հետագային: Հետեւաբար ո՛չ մէկ դժուարութիւն պիտի կարենայ խանգարել Ղարաբաղի բնակիչներուն լաւատեսութիւնը:

Անցեալ շաբաթ, երբ խումբ մը ուսանողներով այցելեցինք Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն, մեծ ուրախութեամբ մտիկ կ՛ընէի նախարարին ինքնավստահ խօսքերը: Ան մեզի տեղեկացուց, որ Արցախը իր զարգացման երթը կը շարունակէ, ինչպէս նաեւ երկիրը կը յառաջդիմէ զանազան ոլորտներու մէջ: Ան աւելցուց իր խօսքերուն մէջ, որ ժամանակը հասած է, որ Արցախը իր պարտքերը գոցէ: Նախարարութեան համար Արցախը արդէն իսկ դարձած է հզօր պետութիւն մը, որ կրնայ օժանդակել  հայկական գաղութներուն որեւէ ձեւով: Հետեւաբար Արցախի բնակչութիւնը ուժեղ եւ պատրաստակամ ըլլալուն պատճառով արտաքին գործոց նախարարը ինքնավստահօրէն կը խոստանայ օգնութեան հասնիլ սփիւռքին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանին:

Շնորհիւ այս հրաշալի ժողովուրդին` Արցախի յառաջդիմութեան երթը կը շարունակուի: Տարուէ տարի ուսանողներուն թիւը կը բարձրանայ, բանակը կը զօրանայ, եւ երկիրը տնտեսական աճի մէջ կը գտնուի:

Այս բոլոր յատկանիշները, զորս նախօրօք նշեցի,  պատճառ կը դառնան, որ Արցախի բնակիչները մնան մէկ ուժ, մէկ միաւոր եւ այդ սուրբ հողին տէրն ու տիրականը: Արցախի տարածքը բախտաւոր է, որ այսպիսի խոհեմ ու վսեմ բնակչութիւն մը  ունի իր հողին վրայ ապրող, որ քաջատեղեակ է անոր արժէքին, նոյնպէս ալ արցախցին հպարտ է, որ այսպիսի դրախտի մը արժանացած է:

Կ՛ուզեմ գրութիւնս փակել Հրաչեայ Բեգլարեանի խօսքերով, որոնք իրականութեան պատկերը կը ցոլացնեն.

«Պատուել գիտէ միշտ իր հիւրին,
Գիտէ գինը աղ ու հացին,
Միշտ հիւրասէր ու միշտ բարի,
Միշտ սրտաբաց ղարաբաղցին:

Ուր էլ լինես իմ բարեկամ,
Դու նրա հետ ընկերակցիր,
Լաւ ընկերոջ համար անգամ,
Կեանքը կը տայ Ղարաբաղցին… »:

 

 

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?