Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սթեփ ըհետ սփորթց սքուլ»-ին, երէկ` ուրբաթ, 28 յունիսին, «Չեմփս» ակումին մէջ (Հազմիէ) սկիզբ առաւ մարզիչներու յատուկ դասընթացքը, որ պիտի երկարի երկու օրերու վրայ:
Արաբական երկիրներէ եկած եւ լիբանանցի մարզիչներուն յատուկ դասընթացքը կը վարէ սերպ հանրածանօթ մարզիչ Զալքօ Օպրատովիչ, որ կը նկատուի Եւրոպայի լաւագոյն մարզիչը:
Միջին Արեւելքի մէջ նմանօրինակ դասընթացք մը առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսած եւ մինչեւ երեկոյ տեղի ունեցած այս դասընթացքները կը շարունակուին այսօր ալ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 15:00:
Օպրատովիչին կ՛ընկերանայ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբի նախկին մարզիչ, սլովենիացի Սլոպոտան Սուպոթիչ:
Իսկ «Սթեփ ըհետ սփորթց սքուլ»-ի հիմնադիրն ու սեփականատէրն է Ֆուատ Ժըրժես:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ԱՆԹՈՆԻ ՖԼԷՅՀԱՆ