Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի առաջին ճակատումը իրարու դէմ հանեց հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլն ու Փարակուէյը:
Պրազիլ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 5-4 արդիւնքով փենալթիներով յաղթանակ մը արձանագրելով իր մրցակիցին դէմ: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով:
Պրազիլի փենալթիները նշանակողները հանդիսացան Ուիլիան, Մարքինիոս, Ֆիլիփ Քութինիօ եւ Կապրիել Ժեսուս, մինչ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ:
Փարակուէյէն երկու մարզիկներ` Կոմեզ եւ Կոնզալես, փենալթիները չկրցան կոլի վերածել, մինչ անոնց խմբակիցները` Միկել Ալմիրոն, Պրունօ Վալտեզ եւ Ռոտրիկօ Ռոխաս յաջողեցան իրենց առաքելութեան մէջ:
Պէտք է նշել, որ Պրազիլ վերջին կէս ժամուն մարզիկի մը առաւելութիւն ունեցաւ` Պալպուենայի կարմիր քարտ ստանալէն ետք (58-րդ):
Կիսաւարտականին Պրազիլ իր դէմ պիտի ունենայ Արժանթին – Վենեզուելա մրցումին յաղթականը: