Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յատուկ հրամանագիր մը հրապարակելով յայտարարեց, որ կը վաւերացնէ Լիբանանի «Պեք-Քամըն»-ի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Այսպիսով, Էմիլ Էտմոն Շաղուրի կ՛ըլլայ նախագահ, Շարպել Էլիաս Սալամէ` փոխնախագահ, Ժոզեֆ Խէյրալլա` ընդհանուր քարտուղար, Ճօ Ղասսան Մեուշի` գանձապահ, իսկ Մարի-Թերեզ Ժոզեֆ Թաննուրի` հաշուապահ:
Նախարարութիւնը ընտրուած ֆետերասիոնին արտօնութիւն տուաւ կազմակերպելու տեղական մրցաշարքեր եւ մասնակցելու միջազգային մրցաշարքերու` օրէնքի սահմաններուն մէջ:
Նոր ֆետերասիոնին պաշտօնավարութիւնը պիտի ըլլայ մէկ տարուան համար, սկսեալ` 11 յունիս 2019-էն:
Այս առիթով Շաղուրի շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Ֆընէյշին:
Շաղուրի արդէն իսկ քանի մը տարիներէ ի վեր «Պեք-Քամըն»-ի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը կը վարէ, եւ անոր օրերուն` 2017-ին եւ 2018-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ կազմակերպուած են երկու մեծ մրցաշարքեր` բաւական մեծ յաջողութեամբ: