Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր Եղեռնի Ու Պայքարի. Շողակաթի Մահը Սալամիայի Մէջ» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յունիս 15, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը հովանաւորած էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս եւ կազմակերպած «Ազդակ» օրաթերթը եւ Համազգայինի գիր ու գրականութեան մասնաճիւղը:

Համազգային գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սրբուկ Ճենանեան: Ան ըսաւ, թէ հակառակ 20-րդ դարու սկիզբին հայ ժողովուրդի ապրած զարհուրելի չարչարանքներուն, որոնք իրենց դաժանութեամբ ու անմարդկայնութեամբ կը ցնցեն ապրող իւրաքանչիւր էակի հոգին, հայը տակաւին կրնայ վաւերական տուեալներով, գիտական ու քննական մօտեցումով արժեւորել ու անմահացնել հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն մութ էջերը` Մեծ եղեռնի պատմութիւնը: Նմանօրինակ աշխատանքի արգասիքն է դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» գործը:

Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» հատորը ներկայացուց սփիւռքահայ մամուլի աշխատակից, բանասէր Աւօ Գաթրճեանը: Ան ըսաւ, թէ գիրքին հիմնական ենթահողը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ տարագիրներ Ներսէս քհնյ. Թաւուգճեանի ու Գրիգոր Պողարեանի օրագիրներն են: Հեղինակը իր վերլուծական դատումներով կը փաստէ ո՛չ միայն հայուն ներկայութիւնը Կիլիկիոյ եւ Հայաստանի հողատարածքին, այլ նաեւ կը փաստէ հայուն գոյատեւելու պայքարը, ինքզինք գերազանցելու անխոնջ աշխատանքը, քրիստոնէական հաւատքը պահելու խանդը եւ ազգային դիմագիծը պահպանելու մարմաջը:

Աւօ Գաթրճեան ըսաւ, որ հեղինակի գիտական ոճը աշխատութիւնը հետաքրքրական դարձուցած է: Հեղինակը ընթերցողին հետաքրքրութիւնը արթնցնելով օրագրողներու պատմագրութիւնները կը ներկայացնէ, անոնց ընդմէջէն տեղեկութիւններ եւ գաղափարներ կու տայ, ապա ընթերցողին հորիզոնները բանալով եւ ընդգծումներ կատարելով ուշադրութեան կը հրաւիրէ ու հասկնալի պատգամ կ՛ուղղէ: Անոր գործածած լեզուն պարզ է, դիւրաւ ընկալելի, իր հարազատութեան ու մասնագիտական գրիչին ազդեցութեամբ ընթերցողը կը տպաւորէ ու կը ներքաշէ:

Ան հաստատեց, որ գիրքը ամբողջութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակահատուածին մէջ ինկած տարագրութեան ու կենաց մահու արձանագրութիւններու վերլուծումն է, որ ներկան ու անցեալը կամրջող ճամբայ մը ունի, ապա ըսաւ, թէ հեղինակը պատմագրութիւնները շատ ճշգրտօրէն եւ մանաւանդ արդարօրէն բնութագրած,  պատմած է դիւրահաղորդ կերպով եւ նիւթը ճարտարօրէն կապած է մարդկային, մերթ ազգային ինքնութեան մտահոգութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Գաթրճեան ըսաւ, թէ Վահէ Թաշճեան թէեւ օգտագործած է երկու անհատներու օրագիրները, սակայն իր մասնագիտական հանգամանքով կատարած է քիչ մը մարդակերտում, քիչ մը վերլուծում, քիչ մը գաղափարախօսութիւն, միշտ ալ վերադարձ կատարած է Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած հայու տարագրութեան:

Խօսքի աւարտին ան յայտնեց, որ գիրքը կու գայ առաւել հարստացնելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին փաստացի պատմագրութիւն մը ուսումնասիրական վերլուծումներով եւ քննարկումներով: Կու գայ հարստացնելու Վահէ Թաշճեանի մասնագիտական եւ հետազօտական աւանդը` դիտել տալով, որ գիրքին մէջ հեղինակին վերլուծումներուն եւ եզրակացութիւններուն ընդմէջէն ընթերցողը կը հաղորդուի դրուագներու, Կիլիկիոյ եւ Պիլատ Աշշամի զանազան շրջաններու, հոն ապրող անձնաւորութիւններու եւ կերպարներու, որոնց ճամբով յուշի կողքին պատգամ ու պատկեր կը փոխանցուի ընթերցողին:

Խօսք առաւ գիրքի հեղինակ դոկտ. Վահէ Թաշճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն, ինչպէս նաեւ Շահան արք. Սարգիսեանին գիրքի հայերէն տարբերակի նախաձեռնութեան համար, ապա ներկայացուց, թէ ինչպէս ծնած է սոյն գիրքը գրելու գաղափարը: Ան ըսաւ, թէ որոշած է գրել ոչ թէ ընդհանուր Պիլատ Աշշամի հայերու տարագրութեան պատմութիւնը, այլ հիմք ընդունելով Ներսէս քհնյ. Թաւուգճեանի եւ Գրիգոր Պողարեանի օրագիրները, մանրապատումները,  անոնց ընդմէջէն ներկայացնել Պիլատ Աշշամ տարագրուած հայութեան պատմութիւնը:

Ան յայտնեց, որ Ներսէս քհնյ. Թաւուգճեանի օրագրութիւնը իւրայատուկ եղած է, անոր լեզուն բացառիկ հայերէն մը եղած է եւ սահուն ընթեռնելի: Ներսէս քհնյ. Թաւուգճեանի յուշագրութիւնը չէ սահմանափակուած միայն դէպքեր նկարագրելով, այլ անոր օրագրութեան մէջ կարելի է գտնել խորաթափանց վերլուծումներ, հոգեմտաւոր մեկնաբանութիւններ, աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական խօսքեր` յատկապէս ծայրայեղ կացութիւններ բացայայտելու ընթացքին: Դոկտ. Թաշճեան ըսաւ նաեւ, որ տէր Ներսէսի օրագրութիւնը այն գործն է, ուր պահուն հարազատութիւնը ընդգրկուած է:

Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ պատումի միջավայրին, այսինքն` Պիլատ Աշշամին, որ տէր Ներսէսի եւ Գրիգոր Պողարեանի պարագային Համա եւ Սալամիա քաղաքներն են: Միջավայրը դիտուած լիբանանահայութեան դիտանկիւնէն հարազատ է, որովհետեւ մեզմէ շատերուն նախնիները տարագրուած են այդ ճանապարհներուն վրայ, եւ որոնց վրայ գաղթականները կենաց մահու պայքար մղած են: Ան ըսաւ, թէ երկու օրագիրներուն միջոցով աւելի լաւ կրնանք գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերապրիլ ծայրայեղ պայմաններուն մէջ: Այդ միջավայրին մէջ ջարդեր տեղի չեն ունեցած, այլ գոյութիւն ունեցած են այլ դժուարութիւններ, խոչընդոտներ, որոնցմէ հիմնականը սովը եղած է, հիւանդութիւնները, զինուորագրութիւնը եւ տնտեսական վատ պայմանները:

Սրտի խօսք արտասանեց «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» հատորով ներկայացուած կրթական գործիչ Գրիգոր Պողարեանի զաւակը` ազգային գործիչ Գրիգորիս Պողարեանը: Ան ներկաներուն հետ բաժնեց կարգ մը մտածումներ, որ ունեցած է գիրքը կարդացած պահուն եւ անկէ ետք: Ան դիտել տուաւ, թէ իր պապերուն լիաթոք խնդուքը չլսելուն բուն պատճառը կրօնափոխութիւնը եղած է: Այս երեւոյթը անձնապէս իր հօր վրայ շատ ազդած է, որ այդ մասին իր կեանքի ընթացքին բնաւ ակնարկութիւն չէ կատարած:

Ան ըսաւ, թէ փորձած է հասնկալ նաեւ հօրը հոգեվիճակը, թէ ի՛նչ ձեւով ազդած է իր ապագայ գործունէութեան վրայ Հալէպի մէջ, եւ այս մասին համապատասխան մէջբերումներ կարդաց: Ան ըսաւ, որ իր հայրը յուզող գլխաւոր նիւթերը եղած են պատիւը, ազգի ծառայութիւնը եւ լաւագոյնը ընելը յատկանիշներ, որոնք փորձած է փոխանցել իր աշակերտներուն` ձեւով մը իբրեւ չքմեղանք իր կեանքին եւ դաւանափոխութեան:

Եզրափակիչ խօսք արտասանեց Շահան արք. Սարգիսեան: Ան ըսաւ, թէ հայ իրականութեան մէջ գրահանդէսները կ՛ապացուցեն, որ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր երթը գրականութեան, պատմութեան, ինքնահաստատման ճանապարհին վրայ, ապա ըսաւ, որ Վահէ Թաշճեանը կայացած գիտնական մըն է եւ ցեղասպանագէտ: Ցեղասպանութիւնը այնքան ընդարձակածաւալ եւ այնքան մարդկային բջիջներուն մէջ թափանցող իրականութիւն մըն է , որուն լուծումը մնայուն եւ մշտական ընթացքէ:

Սրբազան հայրը հաստատեց, որ Վահէ Թաշճեան կրցած է վերլուծական նոր հորիզոն մը բանալ օրագիրները հայ ժողովուրդին ներկայացնելով: Ան ըսաւ, որ երբ Թաշճեան նախաձեռնած է այս գործին նախ անգլերէնով, ան փորձած է մտնել համաշխարհային ցեղասպանագիտական համեմատական նիւթերուն մէջ, մտնել գրական եւ հոգեբանական բարդ խնդիրներու մէջ եւ զանոնք փորձած է հասկնալ ու փոխանցել օտարին այնպիսի ձեւով, որ սովորական ցեղասպանագիտական պատմութենէն մեզի կը մտցնէ վերակենդանացման իրականութիւն, թէ հայ ժոովուրդը ինչպէ՛ս վերապրեցաւ:

Իր խօսքի աւարտին սրբազանը ըսաւ, թէ Վահէ Թաշճեանը փորձած  է միջազգային ցեղասպանագիտութեան եւ յատկապէս օրագրութեան սեռին հետ կապուած խնդիրները համեմատութեան մէջ դնել եւ իր տեսակին մէջ առաջինն է իր գործը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» գիրքին գինեձօնը, ապա հեղինակը իր գիրքերը մակագրեց ներկաներուն` հարազատ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դասախօսէ Գերմանական Համալսարանի Դասախօսներուն Եւ Ուսանողներուն

Յաջորդը

Շնորհահանդէս` «The Armenian Genocide: Prelude And Aftermath» Մատենաշարէն Լոյս Ընծայուած 5 Հատորներու

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?