Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Շեհայէպի Հետ Քննարկեց Կրթական Համակարգը Յուզող Հարցեր

June 12, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր առաւօտեան պիտի նախագահէ Վճռադատ ատեանի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած յատուկ ձեռնարկը, որուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, ինչպէս նաեւ պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, դատաւորներ, ինչպէս նաեւ կարգ մը երկիրներու վճռադատ ատեաններու դատաւորներ, յատկապէս արաբական եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու:

Այս առիթով նախագահ Աուն պիտի արտասանէ խօսք մը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպը, որուն հետ քննարկեց կրթական, դիւանագիտական եւ մշակութային շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ մաղթեց, որ Լիբանանեան համալսարանին մէջ տակաւին առկայ դասադուլին վերջ տրուի եւ կրթական տարեշրջանը փրկուի: Ան նշեց, որ ուսանողները Լիբանանի երկրորդ բանակն են` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանեան համալսարանը պահպանել:

Շեհայէպ ընդգծեց, որ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն պահանջները արդար են:

Ան նշեց, որ պետական քննութիւնները այսօր կը սկսին` աւելցնելով, որ գումակային բոլոր դասաւորումները արդէն իսկ կատարուած են: Ան յայտնեց նաեւ, որ պրէօվէի պետական քննութեան առաջին փուլին չարձանագրուող աշակերտներուն առիթ պիտի տրուի արձանագրուիլ եւ մասնակցիլ քննութեան երկրորդ փուլին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը:

Հանդիպումին ընթացքին Քուպիչ նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:

 

Նախորդը

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. «Լիբանանի Նկատմամբ Հաւատարմութիւնը Առաջնահերթ Է Որեւէ Կողմի Նկատմամբ Հաւատարմութենէն» Կ՛ըսէ Վարչապետ Սաատ Հարիրի

Յաջորդը

Նիզար Զաքքա Ազատ Արձակուեցաւ Եւ Վերադարձաւ Լիբանան

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.