Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի. «Իրան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Ընդլայնումը Կարեւոր Է Շրջանային Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Ամրապնդման Համար»

June 10, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իբրեւ իսլամական աշխարհի երկու հզօր եւ ազդեցիկ պետութիւններ, Իրանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ընդլայնումը եւ համագործակցութիւնը կարեւոր է շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման համար: «Ալիք» կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին ըսած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին:

Երկու երկիրներուն նախագահները զրոյցին ընթացքին բարձր գնահատած են տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ընթացքը` զանոնք համարելով աշխուժօրէն զարգացող եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող: Անոնք ընդգծած են երկու երկիրներու պաշտօնատարներու մտադրութիւններն ու ցանկութիւնը` օգտագործելու Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, ամրապնդման եւ խորացման բոլոր հնարաւորութիւնները: Ռուհանի ափսոսանք յայտնած է Սուտանի, Լիպիոյ, Եմէնի եւ Աֆղանիստանի մէջ շարունակուող հակամարտութիւններուն եւ խաղաղ քաղաքացիներու սպանդին համար` նշելով, որ Իրանն ու Թուրքիան իրենց եղբայր եւ բարեկամ այլ երկիրներու հետ համագործակցաբար կրնան վերջ տալ այդ վտանգաւոր հոլովոյթներուն եւ լուծել տարածաշրջանի եւ իսլամական աշխարհի հիմնախնդիրները:

Ռուհանի նաեւ ընդգծած է տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առումով Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութեան զարգացման անհրաժեշտութիւնը եւ երկու երկիրներու միջեւ սահմաններուն վրայ անվտանգութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահը իր կարգին նշած է, որ Իրանն ու Թուրքիան բարեկամ երկիրներ են, որոնց միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնումն ու համագործակցութեան ամրապնդումը երկու ժողովուրդներու եւ տարածաշրջանի անմիջական շահերէն կը բխին:

Անդրադառնալով տարածաշրջանի եւ իսլամական աշխարհի խնդիրներուն` Էրտողան նշած է. «Իրանն ու Թուրքիան կրնան աւելի մեծ դեր խաղալ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան խթանման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ իրենց ներգրաւուածութիւնն ու համագործակցութիւնը ընդլայնելու միջոցով»:

 

 

Նախորդը

Պաղեստինցիք Եւ Իսրայէլեան Ընդդիմութիւնը Բուռն Կերպով Կը Քննադատեն Իսրայէլի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Թուրք-Ազրպէյճանական Միացեալ Ռազմափորձեր Նախիջեւանի Մէջ

RelatedPosts

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ  Ամբողջութեամբ Վերահսկել  Հորմուզի Նեղուցին»
Գլխաւոր լուրեր

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ Ամբողջութեամբ Վերահսկել Հորմուզի Նեղուցին»

September 25, 2026
Փեսքով. «Թրամփի Ռուսիա Այցելելու  Փութինի Հրաւէրը Ուժի Մէջ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին Տակաւին Կանուխ Կը Նկատէ «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպման Մասին Խօսիլը

September 25, 2026
Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով
Միջազգային

Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.