Երէկ` կիրակի, 9 յունիսին տեղի ունեցան Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի ընտրութիւններ: 16 հոգի հաշուող խորհուրդի 8 թափուր տեղերուն համար տեղի ունեցած ընտրապայքարին ամբողջութեամբ յաղթեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, ՀՅԴ-ի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Օթել Տիէօ հիւանդանոցի բժիշկներու համախմբումի, Հըզպալլայի, Երկխօսութեան կուսակցութեան եւ Պեքաայի բժիշկներու համախմբումի զօրակցութիւնը վայելող ցանկը:
Սոյն ցանկին մաս կը կազմէր եւ Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան թեկնածու եւ ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցութիւնը վայելող ընկեր տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան:
Մրցակից գլխաւոր ցանկը կը վայելէր Մուսթաքպալ հոսանքի, Ամալ շարժումի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժիշկներու համախմբումի զօրակցութիւնը:
Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի նախագահի այլ թեկնածուներու չգոյութեան պայմաններուն մէջ տոքթ. Շարաֆ Ապու Շարաֆ ընտրուեցաւ խորհուրդի նախագահ: