Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերական Զրոյց.- Հակադաշնակցականութիւնը Ընդդիմախօսութիւն Չէ, Այլ` Մոլուցք

Մայիս 30, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ծնունդէն մինչեւ այսօր, 129-ամեայ իր պատմութեան ընթացքին դիմագրաւած է ընդդիմախօսութեան տարբեր դրսեւորումներ: Հիմնադրութեան առաջին տարիներուն, հայ իրականութեան մէջ գործող այլ քաղաքական կուսակցութիւններ, շատ յաճախ` գաղափարական հիմնաւորումներով, ընդդիմախօսած են Դաշնակցութեան: Քրիստափոր Միքայէլեան 1901-ին «Պատմական չարիք» յօդուածին մէջ կը գրէ. «Զանազան կարգի, զանազան բնազդների հայեր, ընդունելով միեւնոյն երեւոյթը իբրեւ փաստ, տարբեր բացատրութիւններ են տալիս դրան»: Քրիստափորի ակնարկած «զանազան կարգի հայեր»-ուն մէջ կային «յեղափոխականներ», «գաղափարակիցներ», «յեղափոխական կռիւի համակիրներ», «անտարբերներ», պայքարը «աննպատակայարմար նկատողներ» եւ իրենց ունեցածը աւելցնելու համար «Հնդկաստան, Անգլիա, Ամերիկա, Ափրիկէ, ջհանամ» գացողներ:

Այստեղ շատ պարզ բաժանում կարելի է կատարել ընդդիմախօսի ու հակադաշնակցական մոլուցքի միջեւ: Ազգային պայքարին միւս հաւատացողներուն մէջ են ընդդիմախօսները, որոնք կը հաւատան ազգային պայքարին, բայց գուցէ տարբեր մօտեցումներ ունին: Իսկ անտարբերներու, պայքարը աննպատակայարմար նկատողներու եւ «ջհանամ» գացածներու մէջ բոյն դրածը հակադաշնակցական մոլուցքն է:

Այսպէս էր առաջին 30 տարիներուն, մինչեւ` կոմունիզմի գալուստը: Հայ ապազգային կոմունիստները հակադաշնակցական մոլուցքի աստիճանը բարձրացուցին հալածանքի, կացինահարման, սուտի ու կեղծիքի վրայ հիմնուած քարոզչութեան ու թշնամանքի մակարդակին: Կոմունիստները յաջողեցան նաեւ ընդդիմախօսութիւնը ի սպառ վերացնել եւ ընդդիմախօսին ալ ներքաշել հակադաշնակցականութեան մոլուցքի դաշտ:

Խորհրդային Միութեան փլուզումով որոշ չափով վերականգնեցաւ ընդդիմախօսութիւնը: Որոշ խաւ մը, զրկուելով կոմունիստական աջակցութենէն, վերադարձաւ գաղափարական ու քաղաքական հայեացքներու վրայ կառուցուած ընդդիմախօսութեան: Բայց կոմունիստներու եօթանասունամեայ սուտի ու կեղծիքի վրայ խարսխուած քարոզչութիւնը ոչ միայն անհետեւանք չմնաց, այլ շարունակեց դրսեւորուիլ ՀՀՇ-ական ապազգային ու պայքարը «աննպատակայարմար նկատելու» տրամաբանութեամբ: Այդ տրամաբանութիւնը իր հարազատ արտայայտութիւնը գտաւ արցախեան գոյապայքարի օրերուն:

Այսպէս, սահուն կերպով հակադաշնակցականութեան դրօշը անցաւ ՀՀՇ-ին` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ: Հակառակ դրօշակիրի փոփոխութեան` մոլուցքի տրամաբանութիւնն ու գործելակերպը կը մնային նոյնը: Տրամաբանութիւնը կրկին կը մնար այն, որ պայքարը աննպատակայարմար է, եւ ազգային գաղափարախօսութիւնը կեղծ քաթեկորիա է: Իսկ գործելակերպը եւս նոյնն էր` սուտն ու կեղծիքը, բռնութիւնն ու հալածանքը, ամբոխավարութիւնն ու անցեալին հետ ածանցելը: Նոյնիսկ չվարանեցան ըսելու, որ Դաշնակցութիւնը կը համագործակցի կոմունիստներուն հետ` ընդդէմ ժողովուրդի «ընտրեալ» ՀՀՇ-ին:

Այսօր եւս հակադաշնակցականութիւնը, գուցէ` տարբեր փաթեթաւորումով, գլուխ ցցած է` ամբոխավարական նոյն տրամաբանութեամբ, քիչ մը աւելի հայհոյախառն, բայց նոյնքան ապազգային եւ նոյնքան սուտի ու կեղծիքի վրայ հիմնուած:

Հետեւաբար հակադաշնակցականութիւնը նոյնքան հին է, որքան Դաշնակցութիւնը: Ի վերջոյ, որո՞նք են հակադաշնակցականները: Անոնք ազգային գաղափարախօսութիւնն ու արժէքները ժամանակավրէպ ու կեղծ քաթեկորիա նկատողներն են, ազգային իրաւունքներու համար մղուած պայքարը աննպատակայարմար նկատողներն են, սուտի ու կեղծիքի ամբոխավար քարոզիչներն են եւ ներազգային բռնութեան ու հալածանքի կողմնակիցներն են: Ասոնցմէ դուրս` Դաշնակցութեան հասցէին քննադատական խօսք արտայայտողները յարգարժան ընդդիմախօսներն են, որոնք ունին տարբեր հայեացք ու համոզում եւ կը փորձեն իրենց գաղափարները հակադրել ՀՅԴ-ի համոզումներուն ու գաղափարներուն:

Այստեղ հարց կը ծագի` ինչպէ՞ս վերաբերիլ հակադաշնակցական մոլուցքին: Կրկին դիմենք ՀՅԴ հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանին: Երբեմն` «Արտայայտել արդար վրդովմունք, երբ տեսնում ես, որ մարդիկ օգտւում են մտքից միայն նրա համար, որ արդարացնեն իրենց անարդարութիւնները»: Կարելի է` «Բաւականանալ սոսկ արհամարհանքով, որովհետեւ կան դէպքեր, երբ անարժան հակառակորդների հետ լուրջ խօսելը միայն անպատուութիւն է բերում ձեր դաւանած գաղափարին»: «Կարող է նոյնիսկ ներողամիտ լինել` ի նկատի ունենալով, որ մարդիկ շատ յաճախ կարող են իրենք էլ չիմանալ, թէ իրենց եւ ձեր մէջ նկատուող զանազանութիւնները բղխում են ոչ թէ պարզ գիտակցութիւնից կամ բարեխիղճ վերաբերմունքից դէպի ձեզ, այլ` այն կոյր բնազդներից, որոնց արմատները շատ հեռու են թաղուած»:

«Բայց մի բան,- կ՛աւելցնէ Քրիստափոր,- որ պէտք է անկասկած արտայայտուի բոլոր դէպքերում եւ բոլոր ընկերների մէջ. դա վերջիվերջոյ այն արիութիւնն է, որով նրանք երբեք պէտք չէ ազդուեն այդպիսի երեւոյթներից: Մենք մնում ենք փոքրամասնութիւն, բայց այդ փոքրամասնութիւնը չէ, որ պիտի ենթարկուի անտարբերների, ձեռնպահների եւ ամէն կարգի Ճիզւիթների, իմաստակների կամ շառլաթանների բազմութեանը»: Այժմէական հնչելու համար` Քրիստափորին թուածներուն շարքին կարելի է այսօր աւելցնել նաեւ անլուրջներու բազմութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Անկարելի Նամակ Թիւ 4. Հայ Մամուլի Հասկացողութեան Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?