Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ իրանցիներուն հետ պիտի բանակցի, երբ անոնք պատրաստ ըլլան` նշելով, որ Թեհրան բուռն թշնամանք ցուցաբերած է:
«Իրանեան տնտեսութիւնը կը քայքայուի, եւ ես կը տխրիմ անոր ժողովուրդին համար», նշեց ան:
Թրամփ ըսաւ, թէ Իրան «շատ մեծ սխալ պիտի գործէ եւ հսկայական ուժով պիտի դիմակայուի, եթէ շրջանին մէջ ամերիկեան շահերը վտանգէ»:
Ան նախապէս հերքած էր, որ իր վարչակազմը ջանացած ըլլայ Իրանի հետ բանակցիլ` նշելով, որ Թեհրանի հետ երկխօսութեան պատրաստ է` պայմանով որ երկխօսութեան դիմումը ներկայացնողը ըլլայ իրանեան կողմը:
Միւս կողմէ` Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նշեց, որ ներկայ պահը բանակցութեան համար յարմար չէ, այլ` դիմադրութեան ու տոկունութեան:
Ան յայտնեց, որ իրանցի ժողովուրդը այսօր միասնական կերպով կը կանգնի Միացեալ Նահանգներուն ու պատժամիջոցներուն դէմ, եւ այդ ծիրին մէջ ժողովուրդին ու ղեկավարութեան միջեւ որեւէ տարակարծութիւն գոյութիւն չունի:
Իրանի նախագահը աւելցուց. «Թշնամին միշտ ալ կը ջանար, որ առաջին քայլը կատարողը Թեհրանը ըլլայ, սակայն ատիկա երբեք պիտի չըլլայ»: