Պերլինի Վեհաժողովին 61-րդ Յօդուածը Եւ
Խրիմեան Հայրիկի Երկաթէ Շերեփի Պատգամը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայկական հարցին լուծում մը գտնելու առաջադրանքով 1878 յունիսի սկիզբը Պերլին մեկնած հայկական պատուիրակութիւնը, Խրիմեան Հայրիկի գլխաւորութեամբ, դժգոհ մնացած էր 8 յուլիսի նիստին վեհաժողովին որդեգրած եւ հայոց առնչուող 61-րդ յօդուածէն:
Պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն կը սպասէր նման դժբախտ ելքի մը, անհրաժեշտ նկատեց չշուարիլ եւ տակաւին մաքառիլ:
Պատրիարքարանէն հեռագիր ուղարկուեցաւ պատուիրակներուն. անոնցմէ պահանջելով նոր փորձ մը եւս ընել վեհաժողովի անդամներուն մօտ:
Խորէն արքեպիսկոպոս Նարպէյ եւ Մինաս Չերազ վերստին դիմեցին ֆրանսական եւ ռուսական լիազօրներուն, բայց նոյնիսկ ընդունելութեան չարժանացան: Ռուսական դեսպանատան մէջ պարզ քարտուղար մը ընդունեց զանոնք եւ յանդիմանական շեշտով մը ըսաւ, որ «Արեւելքի քրիստոնեաները չէին աջակցած ռուսական քաղաքականութեան»:
Նոյն օրերուն Պոլսոյ հայկական թերթերը, կառավարութեան թոյլտուութեամբ, ընդարձակ յօդուածներ կը գրէին Հայկական հարցին մասին: Հայ մամուլին մէջ արծարծուող պահանջները ձեռնտու էին թրքական քաղաքականութեան: Բարձրագոյն դուռը կ՛ուզէր կայսրութեան զանազան ցեղերը իրարու դէմ հանելով չէզոքացնել, եւ եթէ կարելի է, Պուլկարիոյ ի նպաստ եւրոպական միջամտութեան մը առաջքը առնել: Արդարեւ, Թուրքիա եւրոպական պետութիւններուն կ՛ուզէր զգացնել տալ, որ Պուլկարիոյ համար որեւէ առանձնաշնորհում նմանօրինակ իրաւունքներ պահանջելու առիթ պիտի հայթայթէր երկրին միւս ցեղերուն ալ, ինչ որ պետութեան քայքայման պիտի առաջնորդէր:
* * *
Վեհաժողովը, 61-րդ յօդուածի որդեգրումէն ետք որդեգրեց 62-րդ յօդուածը, ուր կ՛ըսուէր.
«Բարձրագոյն դուռը փափաք յայտնած ըլլալով, որ անվթար պահէ կրօնական ազատութեան սկզբունքները ամենաընդարձակ ասպարէզ մը տալով անոնց, դաշնադիր պետութիւնները կ՛արձանագրեն ինքնաբերաբար եղած սոյն յայտարարութիւնը:
«Օսմանեան կայսրութեան ոչ մէկ մասին մէջ կրօնական դաւանանքներու տարբերութիւնները պատճառ պիտի բռնուին ոեւէ անհատի քաղաքական իրաւունքներ վայելելուն, հանրային պաշտօնի, գործի եւ պատուոյ արժանանալուն կամ որեւէ արհեստով ու գործով զբաղելուն:
«Առանց կրօնի խտրութեան ամէն անձի վկայութիւնը պիտի ընդունուի դատաւորներուն առջեւ:
«Կ՛ապահովուի բոլորին կրօնական ծէսերու ազատութիւնը եւ անոնց կիրարկումը հրապարակով: Նմանապէս ոչ մէկ արգելք պիտի յարուցուի ընդդէմ զանազան ժողովուրդներու կրօնապետական կազմակերպութեան կամ անոնց յարաբերութեանց իրենց հոգեւոր պետերուն հետ:
«Եւրոպական կամ ասիական Թուրքիոյ մէջ ճամբորդող ամէն ազգի եկեղեցականներ, ուխտաւորներ եւ կրօնաւորներ պիտի վայելեն միեւնոյն արտօնութիւնները, իրաւունքները եւ առանձնաշնորհումները»:
* * *
Հայութիւնը, Պոլիսէն մինչեւ գաւառները, պահ մը խանդավառութեամբ ընդունած էր հայկական պատուիրակութեան գործունէութիւնը, սակայն կային նաեւ ողջմիտ ու հեռատես մարդիկ, որոնք կը թելադրէին զգուշ մնալ եւ չտարուիլ պատրանքներով:
«Մանզումէի էֆքիար» թերթի խմբագիր Կարապետ Փանոսեան կը գրէր.
«Շատերը կռահած են, թէ մէկ երկու ամիսէ ի վեր, մենք, միայն մենք, հրապարակի վրայ շրջող ազգային խօսքերու մասին, խիստ զգուշաւորութեամբ եւ հեռատեսութեամբ լռութիւն կը պահենք. երբեմն պզտիկ քար մը կը նետենք. ուրիշներու նման ոչ միայն լեզուով, այլ ճշմարտապէս մեր ազգը կը սիրենք եւ կը մեղքնանք, գաղտնի խրատ կու տանք, եւ ի սրտէ կը ցաւինք երբ բոլորովին երիտասարդները վշտացնել չուզելով կը գրենք միայն ուրիշ լրագիրներու մէջ կարդացուածներուն մէկ մասը, երբ ուրիշները, առատ-առատ եւ աղմկալից լուրեր ու սուտեր կը գրեն, եւ ճիշդ գինեպաններու պէս խեղճ ժողովուրդին թէ՛ դրամը կ՛առնեն եւ թէ՛ ազգային ջանադրութիւնը եւ անդորրութիւնը կը խանգարեն»:
* * *
Խրիմեան Հայրիկի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, 61-րդ յօդուածը ստանալէն ետք, որոշեց պետութեանց լիազօրներուն վերջին գիր մը ուղղել յանուն հայ ժողովուրդին: Սակայն պատուիրակութեան անդամները համաձայն չգտնուեցան ուղերձի բովանդակութեան շուրջ: Ոմանք ուզեցին շնորհակալութեան գիր մը ուղղել այն բարեացակամութեան համար, որ պետութիւնները ցոյց տուին դաշնագիրի 61-րդ յօդուածով եւրոպական հսկողութիւն մը նախատեսելով հայաբնակ նահանգներու բարեկարգութեանց վրայ:
Մինաս Չերազ դէմ արտայայտուեցաւ նման բովանդակութեան մը եւ հեռագիրով հրահանգ ուզեց Պոլիսէն:
Ներսէս պատրիարք հեռագրեց ըսելով, որ ոչ թէ շնորհակալութեան, այլ բողոքի թուղթ պէտք է ներկայացնել լիազօրներուն, եւ թելադրեց անգամ մըն ալ դիմել Ֆրանսայի լիազօր Վատիկնթոնի:
Սակայն Վատինկթոն քաղաքավարութեամբ մերժեց ընդունիլ հայ պատուիրակները:
Հայ պատուիրակութիւնը վերջին ճիգ մըն ալ փորձեց, աղերսելով վեհաժողովէն, որ յանձնարարէ Բարձրագոյն դրան, բարեկարգութեանց իր ծրագիրին մէջ, «հայերէ բնակուած նահանգներուն մէջ» բառերուն տեղ «Հայաստան» բառը գործածել:
Հայ պատուիրակներուն աղերսը լսող չեղաւ:
* * *
Պերլինի դաշնագիրի ստորագրութեան հանդիսաւոր նիստէն երկու ժամ ետք, 13 յուլիսին, հայ պատուիրակները բողոքագիր մը ներկայացուցին, բացի թրքականէն, վեհաժողովի բոլոր պատուիրակներուն, ուր կ՛ըսուէր.
«Հայ պատուիրակութիւնը իր ցաւը կը յայտնէ, որ իր օրինաւոր եւ միանգամայն չափաւոր պահանջները վեհաժողովին կողմէ չընդունուեցան: Մենք կարծեցինք, թէ քանի մը միլիոնէ բաղկացած ազգ մը, որ մինչեւ հիմա ոչ մէկ օտար քաղաքականութեան գործիք չէ եղած, որ չնայելով իր աւելի հարստահարուած ըլլալուն քան Թուրքիոյ քրիստոնեայ միւս ցեղերը, ոչ մէկ նեղութիւն չէ պատճառած թուրք կառավարութեան, եւ որ, թէեւ ոչ մէկ մեծ պետութեան հաւատակից եւ ցեղակից չէ, բայց եւ այնպէս քրիստոնեայ ըլլալով, ինչպէս Թուրքիոյ քրիստոնեայ միւս ժողովուրդները, այս արդի դարուն մէջ կարող էր յուսալ, թէ միեւնոյն պաշտպանութիւնը կը գտնէ, ինչ որ միւսները: Մենք կարծեցինք, թէ այսպիսի ազգ մը, քաղաքական որեւէ փառասիրութիւն չունենալով` իրաւունք կը ստանայ իր սեփական կեանքով ապրելու եւ հայկական հողի վրայ հայ պաշտօնեաներու ձեռքով կառավարուելու: Հայերը հասկցան թէ խաբուած են, թէ իրենց իրաւունքները չեն ճանչցուած, որովհետեւ խաղաղասէր եղած են, եւ թէ իրենց նախկին եկեղեցիին անկախութիւնը եւ իրենց ազգութիւնը պահելով ոչինչ ձեռք չեն բերած:
«Հայ պատուիրակութիւնը Արեւելք պիտի դառնայ իր հետ տանելով այս դասը: Բայց կը յայտնէ այսու ամենայնիւ, թէ հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադարի ձայն բարձրացնելու, մինչեւ որ Եւրոպան անոր արդար պահանջներուն գոհացում տայ»:
* * *
Վեհաժողովի փակման առիթով Պերլինի կայսերական պալատին մէջ հանդիսաւոր խնճոյք տրուեցաւ, որուն հրաւիրուեցան նաեւ հայ պատուիրակները:
Խրիմեան Հայրիկ եւ իր ընկերակիցները մեծարանքներու արժանացան Պիզմարքէն եւ միւս բոլոր լիազօրներէն:
Յաջորդող օրերուն Խրիմեան Հայրիկ հրաժեշտի այցելութիւններ տուաւ եւ Աուկուսթա կայսրուհիին ու գահաժառանգ Ֆրիտրիխ իշխանին շնորհակալական նամակներ ուղարկեց:
Հայկական պատուիրակութիւնը յուլիս 5 (17)-ին ճամբայ ելաւ Պերլինէն: Նարպէյ մեկնեցաւ Փարիզ եւ Ստեփան Փափազեան` Լոնտոն, իրենց անձնական գործերով:
Իսկ Խրիմեան Հայրիկ եւ Մինաս Չերազ մեկնեցան Վիեննա, ուր հասան յուլիս 11 (23)-ին:
Վիեննա կեցութեան ընթացքին անոնք այցելեցին Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը:
Վիեննայէն անոնք ճամբայ ելան Պոլիս, ուր հասան 30 յուլիս (11 օգոստոս, 1878-ին):
* * *
Խրիմեան Հայրիկ Պոլիս հասաւ հոգեպէս ջախջախուած: Ցնդած էին այն երազները, որ Պերլին տարած էր հետը: Ան հաւատացած էր որ իր արցունքը պիտի ցնցէր մեծերուն խղճմտանքը: Հիմա կը վերադառնար աշխարհը ճանչցած, հիասթափուած եւ զղջացած:
Բամբասանքի եւ մեղադրանքի ձայներ կը լսուէին ամէնուրեք: Ներսէս պատրիարք եւ Խրիմեան Հայրիկ անփորձ դիւանագէտներ էին, ինքնագլուխ գործած էին, Հայկական հարցը վիժեցուցած էին, ազգին հաւաքական կամքը չէին յայտնած պետութեանց, եւ եթէ ազգովին բողոքի երթայինք Պերլին, այն ատեն հայոց հարցը վիճաբանութեան կ՛ենթարկուէր:
* * *
Քանի մը օր ետք Խրիմեան Հայրիկ Գումգափուի աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ քարոզ մը խօսեցաւ «Իսրայէ՛լ, դո՛ւ փրկիցես զքեզ» բնաբանով: Եկեղեցին եւ շրջափակը խուռն բազմութեամբ լեցուած էր:
Հայրիկ ըսաւ. «Օրհնեալ եւ սիրելի ժողովուրդ, ինչ որ կ՛ըսեմ` լա՛ւ մտիկ ըրէք, ըսածներուս իմաստը խորապէս ըմբռնեցէք եւ ամէնքնիդ ալ գացէք աղէկ մը խորհեցէք ըսելիք խօսքերուս վրայ:
«… Գիտէք, որ մենք Ներսէս պատրիարքի եւ Ազգային ժողովոյ որոշմամբ իբրեւ պատգամաւոր գացինք Պերլին` հայկական դատը մեծ պետութեանց վեհաժողովին ներկայացնելու համար: Շատ մեծ յոյս ունէինք, որ վեհաժողովը աշխարհին խաղաղութիւն` իսկ փոքր եւ ճնշեալ ազգաց, եւ թիւ որոց մեր ազգին` ազատութիւն պիտի շնորհէր: Վեհաժողովը բացուեցաւ. աշխարհի մեծ պետութեանց քաղաքագէտ պատգամաւորները շարուեցան կանանչ սփռոցով դիւանագիտական սեղաններուն բոլորտիքը, իսկ փոքր եւ ճնշեալ ազգաց պատգամաւորներս վեհաժողովէն դուրս կը սպասէինք:
«Վեհաժողովին մէջտեղը, կանանչ սփռոցով ծածկուած սեղանի մը վրայ, դրուած էր մեծ կաթսայ մը խարիսա, ուրկից բաժին պիտի ստանային աշխարհի մեծ ու փոքր ազգերն ու տէրութիւնքը: Ժողովականներէն ոմանք կը քաշէին արեւելք, ոմանք կը քաշէին արեւմուտք, եւ այսպէս երկար վիճաբանելէ յետոյ, սկսաւ կարդալ, մի առ մի, ներս կանչել փոքր ազգաց պատգամաւորները: Նախ պուլկարը ներս մտաւ, ապա սերպիացին, ղարատաղցին, որոնց կողերէն կախուած սուրերուն չաքուրչուքոցը գրաւեց ժողովականներու ուշադրութիւնը: Բաւական խօսելէ յետոյ, այս երեք պատգամաւորները քաշեցին իրենց սուրերը եւ իբրեւ երկաթեայ շերեփ խոթելով խարիսայի կաթսային մէջ, իրենց բաժին խարիսան առին եւ հպարտ ու համարձակ հեռացան:
«Կարգն եկաւ հայոց պատգամաւորին. ես մօտեցայ, Ազգային ժողովին կողմէ ձեռքս տրուած աղերսաթուղթը ներկայացուցի եւ աղաչեցի, որ իմ ամանս ալ լնուն խարիսա: Յայնժամ կաթսային գլուխ սպասող մեծաւորները ինձ հարցուցին. ո՞ւր է քո երկաթեայ շերեփը, յիրաւի հոս խարիսա կը բաժնուի, բայց երկաթեայ շերեփ չունեցողն չէ կարող անոր մօտենալ, զայս իմացի՛ր, որ եթէ մօտ ատենէն այս խարիսան կրկին բաժնուի, յայնժամ առանց շերեփի չգաս, չի պարապ յետ կը դառնաս: Է՜հ, սիրելի ժողովուրդ հայոց, ես կրնայի՞ խարիսայի կաթսային մէջ խոթել իմ թուղթէ շերեփը , որ պիտի թրջուէր եւ հոն մնար: Հոն, ուր զէնքն է խօսողը, ուր սուրերը կը շողշողան, հոն ի՞նչ գործ ունին խնդիրք եւ աղերսաթուղթեր:
«… Ժողովուրդ հայոց, անշուշտ լաւ հասկցաք, թէ զէնքը ի՜նչ կրնար գործել եւ կը գործէ: Ուրեմն, սիրելի եւ օրհնեալ հայաստանցիներ, գաւառացինե՛ր, երբ հայրենիք վերադառնալու լինէք, ձեր բարեկամաց եւ ազգականաց իբրեւ պարգեւ` մէկ-մէկ զէնք տարէք, զէ՛նք առէք եւ դարձեա՛լ զէնք: Ժողովո՛ւրդ, ամէնէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քո վերայ դիր. քո խելքին եւ բազուկին ո՛ւժ տուր: Մարդ ինքնիրմէն պէտք է աշխատի որ փրկուի: Իսրայէ՛լ դու փրկիցես զքեզ»:
Հայրիկի քարոզը շատ խոր եւ անջնջելի տպաւորութիւն ձգեց ժողովուրդին վրայ եւ ցնցեց հոգիները: