Նախորդ շաբաթավերջին Հուփսի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբուն վրայ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը, որուն ընթացքին Սքուատրա հիւրընկալեց Պէյրութը:
Պէյրութ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, այս մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրելով (46-40) հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան:

Այսպիսով, Պէյրութ 2019-2020 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ա. դասակարգին մէջ, մինչ Սքուատրա փլէյ-օֆի մրցումներ պիտի կատարէ 1875-ի դէմ (Սեն Ժոզեֆ)` երկրորդ տոմսին համար:
Յաղթական խումբը մրցումին աւարտին ախոյեանութեան տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիէն:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Էտի Ապի Զախըմ, ֆետերասիոնի անդամ Եասեր Հաժ, Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Պէյրութի նախագահ Նետիմ Հաքիմ եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներ: