Ազատագրութեան, պայքարի եւ ՅԱՂԹԱՆԱԿ-ի խորհրդանիշն է Շուշին: Իր աշխարհագրական դիրքն ալ կը մատնէ այս բարձր ցցուած հողաշերտը, որ պատմութեան ընթացքին շարունակ պայքարած է` մնալով պինդ, խրոխտ եւ հպարտ:
Միշտ բարձրագլուխ… այսպէս կը յատկանշուի սէգ Շուշին:
8-9 մայիս 1992-ին արձանագրուած յիշատակելի յաղթանակը վերջին օղակն է այդ շարքին, որ լեցուն է դարերու վրայ երկարող արեան եւ ազատութեան տենչի հետքերով: Դարեր շարունակ, շնորհիւ իր դիրքին, ան միշտ դարձած է ռազմաբեմ մը` կովկասեան բարձրաւանդակի տարածաշրջանէն ներս:
17-րդ դարաշրջանէն իսկ հայոց զօրքը պայքարած է Շուշին ազատագրելու համար պարսիկ իշխանութիւններու լուծէն: Պարզ փակագիծ մը բանալը տեղին է նշելու համար, որ քաղաքի այդ հռչակաւոր մզկիթը, իւրայատուկ` իր զոյգ աշտարակներով, շինուած է այդ տարիներուն… Երբ Ազրպէյճան անունով երկիր գոյութիւն չունէր:
Տարիներ շարունակ պայքար մղելով` հայոց բանակը կրցած է կառուցել բերդ-ամրոցը:
19-րդ դարաշրջանին Շուշին մի՛շտ ալ իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով շարունակեց մնալ կռուախնձոր մը պատերազմող երկու երկիրներու` Պարսկաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Ի վերջոյ, երկու երկիրներուն միջեւ կատարուած համաձայնութեամբ եւ կնքուած պայմանագրով Շուշին յանձնուեցաւ Ռուսիոյ:
Շուշին քաղաքի կարգավիճակ ստացած էր 1847 թուականին: Հետագայ տասնամեակներուն անոր բնակչութիւնը կովկասեան այդ տարածաշրջանի երրորդն էր հայահոծ Թիֆլիսէն եւ Պաքուէն ետք, գերազանցելով Երեւանն ու Գիւմրին:
Ապա, խորհրդային օրերուն` 7 յուլիս 1923-ին, ստալինեան սին հաշիւներու հետեւանք, Շուշին եւ Արցախը յանձնուեցան Ազրպէյճանի: Մինչ այդ, նախքան այս սադրիչ որոշումը, արդէն իսկ հետեւողական ձեւով հալածանքները կը շարունակուէին շրջանի հայ բնակչութեան դէմ: Մարտ 1920-ին կազմակերպուած ջարդ կատարուած էր, յար եւ նման` հինգ տարի առաջուան Հայոց ցեղասպանութեան:
Քաղաքի հայաշատ թաղամասերը դիտմամբ եւ հետեւողական կերպով հրոյ ճարակ դարձած էին, որուն պատճառով աւելի քան քսան հազար անմեղ հայորդիներ մահացած էին: Եւ ահաւասիկ, անոնց մնացորդացը` խորհրդային եւ անմիջապէս անոր յաջորդող անկախութեան օրերուն, կառչած մնալով երբեմնի իրենց պաշտած ու երկրպագած «կովկասեան փոքր Փարիզ»-ին, իրագործեցին անկարելի հրաշքը:
Այդ կայծակնային յարձակումը տեւած էր հազիւ երկու օր, եւ այդ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին ո՛չ թէ միայն անառակ ազերիէն խլուած էր անառիկ բերդ Շուշին, այլ նաեւ ազատագրուած էր ամբողջ տարածաշրջան մը:
Շուշիի ազատագրումն է, որ առիթ ընծայեց բանալու Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ միջանցքը, ինչպէս նաեւ` հարաւային ու հիւսիսային շրջաններու միջեւ կապի հաստատումը, վերջապէս կերտեց Արցախի կենսունակութիւնն ու ապահովութիւնը:
Արցախի անկախութեան հռչակումէն աւելի` Շուշիի ազատագրումը աւելի մեծ շուքով կը նշուի: Ի վերջոյ, սէգ Շուշին կերտեց այս անկախութիւնը: