Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուշին Հիմքն Էր Մեր Բոլոր Յառաջիկայ Մեծ Յաղթանակներուն Եւ Յաջողութիւններուն

May 8, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու  յանձնախումբի եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ տեղադրուեցաւ մանրակերտ, որ կը  ներկայացնէ Շուշիի ազատագրութեան գործողութիւնը:

«Շուշին հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարներու բոլոր ժամանակներուն մէջ ունի յատուկ տեղ, թէկուզեւ այն պատճառով, որ բաւական երկար ժամանակահատուած ետք հայ ժողովուրդը վերջապէս յաջողեցաւ իսկապէս ռազմաքաղաքական մեծագոյն յաղթանակ տանիլ: Անկէ ետք իսկապէս շրջադարձ եղաւ թէ՛ Արցախեան պատերազմին, թէ՛ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ: Շուշին հիմքն էր մեր բոլոր յառաջիկայ մեծ յաղթանակներու եւ յաջողութիւններու»,  «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Շուշիի առանձնակի գումարտակի ազատամարտիկ Թաթուլ Յարութիւնեան:

ՀՅԴ Շուշիի առանձնակի գումարտակի ազատամարտիկ Անդրանիկ Ափոյեանի կարծիքով ալ` Շուշիի ազատագրումը մեր յաղթանակներու եւ  մեր ոգիի կայացման սկիզբն է: «Ասիկա մեծ յաղթանակ է եւ մեր համախմբուածութեան միասնութեան խորհուրդը», նշեց ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեանի համաձայն, Շուշիի ազատագրումը արցախեան ազատամարտի ամէնէն ցցուն յաղթանակն է ու դարձած է ազատամարտի խորհրդանիշը:

ՀՅ Դաշնակցութեան «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Տարօն Ղազարեան յայտնեց, որ նախաձեռնութեան նպատակը Շուշիի ազատագրման հոլովոյթը մեր հանրութեան ներկայացնելն է:

Նախորդը

Պիելոռուսիան Պիտի Շարունակէ Օգնել Ազրպէյճանի Բանակին

Յաջորդը

Նախաձեռնութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան. «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Ֆորում` Ստեփանակերտի Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.