Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կրնայ 6 մայիսին Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունենալիք նախարարական նիստի ծիրին մէջ հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Անոնք կարելիութիւն պիտի ունենան հանդիպիլ եւ հարցերու լայն շրջանակ քննարկել:
Նախապէս Լաւրովի եւ Փոմփէոյի միջեւ տեղի ունեցած էր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին վերջինս ակնարկած էր, թէ Ռուսիան պէտք է զերծ մնայ Վենեզուելայի իրադարձութիւններուն միջամտելու քաղաքականութենէն: