8 մայիսին Բանանցի մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Ալաշկերտ եւ Լոռի:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Ալաշկերտ, որ դարձին հիւրընկալեց Արարատ – Արմենիան, արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, սակայն նկատի ունենալով, որ Ալաշկերտ իր դաշտէն դուրս արձանագրած էր 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Լոռիի դէմ:
Կիսաւարտականի դարձի երկրորդ մրցումին Բանանց դաշտ չներկայացաւ (երթ` 0-0):
Բանանցի ղեկավարութիւնը դէմ էր իրաւարարներու անձնակազմին:
Ակումբի նախագահ Ջեւան Չելոյեանց յայտնեց, որ խումբը դաշտ պիտի չներկայանայ, միեւնոյն ժամանակ ալ ան շնորհաւորեց մրցակից կազմին աւարտական հանգրուան հասնիլը: