Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ` «Սետր»-ի Խորհրդաժողովի Մասին Դասախօսութիւն

Ապրիլ 17, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սետր»-ի խորհրդաժողովի կայացման առաջին տարեդարձին առիթով Հայկազեան համալսարանը հիւրընկալեց տնտեսական հարցերով Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Հաազար Քարաքալան` դասախօսութեամբ մը ներկայացնելու «Սետր»-ի հիմնական որոշումներուն եւ Լիբանանի տնտեսութեան վրայ անոր ձգելիք ազդեցութիւններուն մասին:

Դասախօսը ներկայացուեցաւ Հայկազեան համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի տեսուչ դոկտ. Արտա Էքմեքճիի կողմէ:

Հաազար Քարաքալայի ներկայացումը կեդրոնացաւ «Սետր»-ի հիմնական 4 կէտերու վրայ, որոնց ընդմէջէն նպատակադրուած է շրջանցել երկրի տնտեսական տագնապը, կայունութիւն հաստատելը, երկարաժամկէտ բարգաւաճումն ու գործի առիթներ ստեղծելը:

Ներկայացնելով առաջին կէտը` երկրի տնտեսական տագնապը շրջանցելու կարեւորութիւնը, Քարաքալա անդրադարձաւ մօտիկ ապագային ներդրումային ծրագիրները աւելցնելու, յատկապէս` ենթակառուցուածքային մարզին մէջ ներդրումները անմիջապէս կատարելով, առիթ տալ սեփական մարզի ընկերութիւններու, որ ինքնաբերաբար գործի առիթներ պիտի ստեղծէ:

Երկրորդ կէտը ներկայացնելով` Քարաքալա շեշտեց տնտեսական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութեան վրայ, որ իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ եւ իբրեւ օժանդակ գործօն պիտի նպաստէ տնտեսական աճին:

Պետական համակարգին մասին խօսելով, դասախօսը ընդգծեց պետական կառոյցներու գործելաձեւին մէջ բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` ըսելով, որ յատկապէս փտածութեան դէմ պայքարը իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ ներդրողները քաջալերելու եւ տնտեսական կայունութիւն ապահովելու իմաստով:

Ներկայացման չորրորդ բաժինով Քարաքալա հաստատեց, որ անհրաժեշտ է տնտեսական ռազմավարութեան մը մշակումը, որուն հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ արտադրողական զանազան մարզերու մէջ բարեկարգումներ կատարելը, իսկ արդիւնքը` տեղական արտադրութիւններու արտահանումը:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ամէն Տարի Այս Օրերուն…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?