Երէկ` հինգշաբթի, 11 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 150-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Յակոբ Օշականի փոքր արձակը»: Նիւթը ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի դասախօս Մարինէ Ղազարեան:
Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ իր խօսքը սկսաւ նշելով, թէ այս լսարանը արդէն «Ազդակ»-ի 150-րդ լսարանն է: Ան ակնարկով մը վերյիշեց «Ազդակ»-ի 150 լսարաններուն նիւթերը, որոնք շօշափեցին եւ քննարկումի առարկայ դարձուցին մեր հայկական կեանքը յուզող իւրաքանչիւր հարց: Ան ընդգծեց անցնող 150 լսարաններուն կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոր դասախօսները եւ ներկաները առիթը ունեցան միտքերու աշխուժ փոխանակում կատարելու: Ժագ Յակոբեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, թէ իրենց փափաքն է, որ այս հարթակը շարունակէ մնալ լիբանանահայութեան մտաւորական կեանքի շարժիչ գործօններէն մէկը:
Օրուան դասախօս Մարինէ Ղազարեան ողջունելէ ետք ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք աջակցած են իրեն այսպիսի գործի մը իրագործման մէջ: Ան նշեց, որ «Յակոբ Օշականի փոքր արձակ»-ը զեկուցումին նիւթը նուիրուած է Յակոբ Օշականի մօտ հոգեւորի եւ բնազդայինի միացումին` շեշտելով, թէ ինք կ՛ուսումնասիրէ ոչ թէ Յակոբ Օշականի վէպերը, այլ` անոր վիպակները եւ պատմուածքները: Ղազարեան նշեց, որ հայ մեծանուն գրագէտ եւ քննադատ Յակոբ Օշականի արուեստը ունի կեանքի լայն ընդգրկում եւ գեղագիտական սկզբունքներ, որոնք հիմնուած են այն գաղափարին վրայ, թէ գրել կը նշանակէ կեանք հիւսել:
Օրուան բանախօսը յայտնեց, որ իր նպատակն է Յակոբ Օշականի գործերէն նորութիւն ի յայտ բերել: Ան նշեց, որ բազմաթիւ գրականագէտներ անդրադարձած են Օշականի ստեղծագործութեան, սակայն շարք մը վիպակներ եւ առանձին գործեր տակաւին կը մնան ստուերի մէջ: Ան նկատել տուաւ, թէ իր նպատակն է ուսումնասիրել դեռահաս հերոսներու սեռական հոգեբանութիւնը, որ պարզօրէն նշուած է Օշականի գործերուն մէջ: Մարինէ Ղազարեանի ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է Օշականի «Երբ պատանի են» վիպակի ուսումնասիրութեան վրայ, որմէ ետք ան իր ընդհանրացումները կատարած է «Ծակ պտուկ» վէպի հիման վրայ:
Մարինէ Ղազարեան նշեց, որ Օշականի գործերուն մէջ նկատելի է փիլիսոփայական-հոգեբանական հոսանքի գաղափարաբանութիւնը: Ան ներկաներուն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Յակոբ Օշականի գրութիւնները հիմնուած են պատանիներու զգացումներուն վրայ` կեդրոնանալով յատկապէս անոնց ներաշխարհին վրայ: Ղազարեան հաստատեց, որ Օշականի խօսքերը ընդհանրապէս հիմնուած են պատանիներու ներաշխարհին վրայ, որովհետեւ ինք մօտաւորապէս 50 տարի աշխատած է իբրեւ պատանիներու ուսուցիչ, եւ հետեւաբար պատանիներուն հետ ընդարձակ փորձառութիւն ունեցած է:
Ղազարեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ Յակոբ Օշական կու գայ փաստելու, որ հայ գրականութիւնը եւրոպական գրականութեան հետ զուգահեռ կը քալէ եւ նոյնիսկ անկէ առջեւ: Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ թէկուզ Յակոբ Օշականի գրականութիւնը 100 տարուան պատմութիւն ունի, սակայն անոր շօշափած բոլոր խնդիրները կը յատկանշեն մեր ներկայ այժմէական խնդիրները, որոնց միջոցով կարելի է թափանցել պատանիի մը ներաշխարհը: