Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 10, 2019
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Մէջ Կը Ցուցադրուին 16-18-րդ Դարերու Իտալացի Նշանաւոր Վարպետներու Գեղանկարներն Ու Գծանկարները

16-18-րդ դարերու իտալացի նշանաւոր վարպետներու ստեղծագործութիւնները, որոնք բերուած են Տրիեստ քաղաքի Հին արուեստի ազգային պատկերասրահէն, ներկայիս կը ցուցադրուին Երեւանի մէջ:

Գոյնի ձեւը. Վերածնունդէն ռոքոքօ» խորագիրով ցուցահանդէսին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ապրիլ 5-ին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Հանդիսութեան Ներկայ գտնուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Հայաստանի մէջ  Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ տել Մոնաքոյին` երկու պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն մշակութային երկխօսութեանը նպաստելուն համար: Այս ցուցահանդէսը եզակի մշակութային  իրադարձութիւն չէ, այլ այս ցուցահանդէսով դեսպանատունը կը շարունակէ տարիներ ի վեր չդադրող աւանդոյթը` իտալական մշակոյթը  զանազան ձեւաչափերու մէջ Հայաստանի հանրութեան ներկայացնելու աշխատանքը: Ուստի, ի դէմս Վինչենցօ տել Մոնաքոյի, կ՛ողջունեմ նաեւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանի պաշտօնի վրայ` նախորդներուն երախտաւոր  ջանքերը», նշած է վարչապետը:

Ան շեշտեց, որ աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններ ներկայացնող  հայ եւ իտալացի ժողովուրդներուն պետական յարաբերութիւններուն, բարեկամութեան եւ մշակութային փոխազդեցութիւններուն պատմութիւնը հարուստ է եւ դարերու խորք ունի:

«Այս ցուցահանդէսը մշակութային մեծ նախաձեռնութիւն է, որ համահունչ է Հայաստանի եւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանութեան կարեւորագոյն նպատակակէտերուն եւ թիրախներուն: Ներկայացուած ցուցանմուշներուն ընտրութիւնը նպատակային է: Ցուցադրուած են գեղանկարներ, որոնք իրականացուած են հիւսիսային Իտալիոյ տարբեր դպրոցներու ներկայացուցիչներու կողմէ», ըսաւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ տել Մոնաքոն:

Ան վստահեցուց, որ գարնան աւարտին եւ ամրան պիտի շարունակուին միացեալ մշակութային նախաձեռնութիւնները, որովհետեւ Իտալիան եւ Հայաստանը կը հաւատան, որ արուեստը փառահեղ անցեալի տօնակատարութիւնն ու ցնցումը չէ, այլ` ապագայի խորհրդանշումն ու իրականացումը:

Ըստ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Տիգրան Գալստեանի, ժամանակաւոր ցուցադրութիւնները լաւագոյն տարբերակն են թանգարանները աշխուժացնելու համար, եւ մշակոյթներու համագործակցութիւնը կը նպաստէ տարբեր մշակոյթներու զարգացման:

Ցուցահանդէսին մասին պատմող Տոմինիք Լորան ըսաւ, որ կը յուսայ, թէ այս ցուցահանդէսով նոր պատմութիւն պիտի պատմէ, հանդէս պիտի գայ նոր խօսքով եւ ցոյց պիտի տայ, թէ ի՛նչը կը կապէ իտալացի եւ հայ ժողովուրդները իրարու:

Ցուցադրութիւնը կը ներառէ ինչպէս  Վերածնունդի դարաշրջանի իտալացի նկարիչներու, այնպէս ալ եւրոպական արուեստի հետագայ փուլերու արուեստագէտներուն աշխատանքները` 55 գեղանկար եւ գծանկար: Քանալեթթոյի, Թինթորեթթոյի, Ռուպենսի, Փիեթրօ տա Քորթոնայի, Պեռնարտօ Սթրոցցիի, Սոտոմայի, Ֆրանչեսքօ Մաֆֆէիի, Կվերչինոյի, Պեռնինիի, Պաթոնիի  մեծարժեք գործերը կարելիութիւն կ՛ընձեռեն դիտողին աւելի լայն պատկերացում կազմելու տարբեր դարաշրջաններու իտալական գեղանկարի հարստութեան եւ բազմազանութեան մասին:

Տեղեկացնենք, որ ցուցադրուող շարք մը ստեղծագործութիւններ նուիրուած են իտալական արուեստի ամենասիրուած թեմաներէն մէկուն` Աստուածամօր պատկերին: Ֆրանչեսքօ Քափելլան, Նիքոլա Կրասսին, Պարթոլոմէօ Ռամենկին ստեղծած են կտաւներ, որոնք կ՛արտացոլացնեն ժամանակի միտումներն ու ճաշակը:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 16 յունիս:

 «Թեւանիկ»-ը Համակարգիչներ Կը Նուիրէ Արցախի Դպրոցներուն

«Թեւանիկ» բարեգործական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները ապրիլի սկիզբը դարձեալ Արցախ եկան` բարեգործական ծրագիրներ իրականացնելու առաքելութեամբ: Բարեգործական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Արցախի շարք մը գիւղերու դպրոցներու համար բերած էին համակարգիչներ եւ մարզանքի պարագաներ:

Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար` 2 ապրիլին կազմակերպութեան անդամները այցելեցին Մարտունիի, Կաղարծի, Հաղորտի, Վարանդա եւ Մուշկապատ գիւղերը` նշեալ դպրոցներուն համար նախատեսուած համակարգիչներով եւ մարզանքի պարագաներով:  Այցելութիւնը կը նպատակադրէր նաեւ աւելի մօտէն ծանօթանալու Արցախի դպրոցներուն հարցերուն:

«Թեւանիկ» բարեգործական կազմակերպութեան պատասխանատու Իւետ Դանիէլեանը ներկայացուց կազմակերպութեան ստեղծման նպատակը: Կազմակերպութեան բոլոր աշխատանքները կը համադրուին ՀՅԴ Արցախի կառոյցին եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին հետ:

Կը նախատեսուի Արցախի դպրոցներուն եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու 100 համակարգիչ նուիրել:

ՀՕՄ-ի Նախաձեռնութեամբ Եռաբլուրի Մէջ  220 Ծառ Տնկուած Է

«Եռաբլուրէն կը սկսի մեր ազգի ազատութիւնը», կը նշեն Հայ օգնութեան միութեան անդամները եւ կ՛աւելցնեն, որ իրենք պարտաւոր են զայն սրբատեղիի վերածելու:

Եւ ահա արդէն քանի մը տարիէ ի վեր անոնց նախաձեռնութեամբ ծառեր կը տնկուին Եռաբլուրի տարածքին մէջ:  Մարտ 6-ին անոնց միացած էին նաեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին վիրաւորուած տղոցմէ քանի մը հատը ու յարակից տարածքի բնակիչները:

Շահումեանի Բազմազաւակ Ընտանիքներուն Համար Բնակարաններ Կը Կառուցուին

Շահումեանի շրջանի վարչակազմի  քաղաքաշինութեան եւ ճարտարապետութեան բաժինի վարիչ Հրայր Ասրեանը յայտնեց, որ իրենց շրջանին մէջ բազմազաւակ ընտանիքներու համար բնակարաններ կը կառուցուին:

Ան նշեց, որ ծրագիրը խթան կը հանդիսանայ ծնելիութեան եւ բազմազաւակութեան աճին:

Ասրեանը տեղեկացուց, որ ներկայիս Շահումեանի Նոր Վերինշէն, Չարեքտար, Նոր Մանաշիդ, Նոր Էրքեջ, Նոր Խարխափուտ, Ակնաբերդ գիւղերուն մէջ   բազմազաւակ 8 ընտանիքներու համար  բնակարաններ կը կառուցուին:

«Վերոնշեալ համայնքներու բնակարաններու կառուցման աշխատանքներուն շուրջ 80 տոկոսը աւարտման փուլի մէջ է: Ներկայիս կը կատարուին ներքին ու արտաքին յարդարման եւ տարածքներու բարեկարգման աշխատանքներ: Բնակարանները նախատեսուած է շահագործման յանձնել այս տարուան ընթացքին», աւելցուց Ասրեանը:

Համացանցի Ապահովութեան Համաշխարհային Աղիւսակին Վրայ Հայաստան Բարելաւած Է Իր Վարկանիշը

Համացանցի անվտանգութեան 2018-ի համաշխարհային վարկանշային աղիւսակին վրայ Հայաստան յայտնուած է 79-րդ հորիզոնականին` անցած տարուան ցուցանիշին համեմատած 32 հորիզոնականով բարելաւելով իր դիրքը:

Վարկանշային աղիւսակը կազմած ատեն նկատի կ՛առնուի տուեալ երկրի հակուածութիւնը համացանցի անվտանգութեան, որուն ծիրին մէջ կը գնահատուին` օրէնսդրական դաշտը, թեքնիք տուեալները, որակի բարձրացումը եւ գործակցութիւնը:

Վարկանշային աղիւսակը կը գլխաւորէ Բրիտանիան, որուն կը յաջորդեն Մ. Նահանգները եւ Ֆրանսան:

Հայաստանի դրացիներէն Վրաստանը գրաւած է 18-րդ, Թուրքիա` 20-րդ, Ազրպէյճան` 55-րդ եւ Իրան` 60-րդ դիրքը:

Ըստ մասնագէտներու, 2018-ի վերջի դրութեամբ աշխարհի վրայ համացանցի 3,9 միլիառ օգտատէր արձանագրուած է, որ մոլորակի բնակչութեան 51,2 տոկոսն է: Կը նախատեսուի, որ այդ ցուցանիշը 2030-ին 70 տոկոսի հասնի:

Մեկնարկեց «IT-SUMMIT 2019» Համաժողովը

Ռուսիոյ «Համակարգչային եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ձեռնարկութիւններու ընկերակցութեան» եւ «Հայաստանի իրաւազօրութիւն» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ,  Երեւանի մէջ մեկնարկեց «IT-SUMMIT 2019» համաժողովը, որուն մասնակցելու համար Հայաստան եկած են տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտի առաւել քան 150 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ` ղեկավարներ, մասնագէտներ եւ պետական կառոյցներու պաշտօնեաներ:

Համաժողովին մասնակիցները ողջունեց փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար Յակոբ Արշակեանը:

Նախարարը անդրադարձաւ բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտը Հայաստանի մէջ զարգացնելու ուղղութեամբ իրականացուող պետական քաղաքականութեան:

Համաժողովին ելոյթ ունեցաւ փոխնախարար Գեղամ Վարդանեանը: Ան ներկայացուց տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտին մէջ Հայաստանի ունեցած ներուժը եւ զարգացման կարելիութիւնները: Ան ընդգծած է, թէ ոլորտին արագ յառաջընթացին համար անհրաժեշտ է համակարգուած մօտեցում:

Յայտնենք, որ IT-SUMMIT-ը Երեւանի մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով կը գումարուի, եւ այս տարի կարելիութիւն կ՛ընձեռուի հայկական տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ընկերութիւններուն` հիւրերուն ներկայացնելու հայկական յառաջադէմ մշակումները, գիտական հետազօտութիւններու արդիւնքները եւ լաւագոյն գործնական լուծումները:

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի` Հայաստան Ընդգրկուած Է Հետիոտն Արշաւներու Համար Լաւագոյն Երթուղիներու Ցանկին Մէջ

Ճափոնական երկարատեւ արշաւային ուղիներէն մինչեւ արժանթինեան ջրառատ անտառային շրջաններ` «Սի. Էն. Էն. Թրեւըլ»-ը կազմած է արշաւային զբօսաշրջութեան լաւագոյն երթուղիներու ցանկը, որուն մէջ տեղ գտած են 23 վայր` հետիոտն զբօսանքներու համար: Ցանկին մէջ է նաեւ Հայաստանը:

Կը նշուի, որ տասնմէկօրեայ արշաւը կարելիութիւն կու տայ ծանօթանալու Հայաստանի եւ Մետաքսի ճանապարհի լաւագոյն երթուղիներուն, որոնք կը միաւորեն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտպանութեան տակ գտնուող Սանահին եւ Հաղբատ վանական համալիրները` անցնելով լեռնային արահետներով եւ կանաչ անտառներով, կարելիութիւն ընձեռելով հետիոտն արշաւ իրականացնել Գեղամայ լեռներուն մէջ եւ յաղթահարելու Արագածի բարձունքը:

Նշենք, որ Հայաստանէն բացի, ցանկին մէջ ներառուած են` Սպանիան, Անգլիան, Միացեալ Նահանգները, Ճափոնը, Արժանթինը, Մարոքը, Հոնկ Քոնկը, Պութանը, Գերմանիան, Հնդկաստանը, Ուկանտան եւ  շարք մը այլ երկիրներ:

Երեւան-Պուքրէշ Ուղիղ Թռիչքով Եւրոպան Աւելի Մօտ Պիտի Ըլլայ

Ռումանական ազգային օդանաւային «Թարոմ» ընկերութիւնը այսուհետեւ Պուքրէշ-Երեւան-Պուքրէշ ուղիղ թռիչքներ պիտի կատարէ: Ապրիլ 3-ին տեղի ունեցած է ընկերութեան առաջին թռիչքը:

Հայաստանի մէջ «Թարոմ» ընկերութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Արարատ Մուրատեանին խօսքով, այս նախաձեռնութիւնը դէպի Եւրոպա թռիչքները աւելի մօտ եւ շահաւէտ պիտի դարձնեն:

«Թռիչքներ կատարելու քանի մը ուղղութիւններ կային, բայց ընտրեցինք Ռումանիան: Անիկա պատմական նշանակութիւն ունի: Կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ դէպի եւրոպական երկիրներ Պուքրէշէն թռիչքները աւելի կարճ ու աժան են», ըսած է Մուրատեանը:

Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սերգէյ Մինասեանի խօսքով, այս նախաձեռնութիւնը կը վկայէ հայ-ռումանական դրական յարաբերութիւններու մասին:

Տեղեկացնենք, որ ռումանական օդանաւային ընկերութիւնը շաբաթական պիտի կատարէ երեք թռիչք:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Վարչապետի Յեղափոխական Միտքով Տասը Ամիսը Բաւ Չէ Նոյնիսկ Լաւ Հարսանիք Կազմակերպելու

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?