Պոլսոյ Դեսպանաժողովը, Վանի Հրդեհը, Վանգոյժ Եւ Սկիզբ Ռուս-Թրքական Պատերազմին
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պոլսոյ մէջ, սահմանադրութեան հռչակման օրը` 23 դեկտեմբեր 1876-ին բացուեցաւ եւրոպական պետութեանց ներկայացուցիչներէն կազմուած դեսպանաժողովը: Բանակցութիւնները կը վարէին Բրիտանիոյ ներկայացուցիչ լորտ Սալիզպըրի եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Նիկոլայ Իգնատիեւ: Թրքական պատուիրակութիւնը, մեծ վեզիր Միտհաթ փաշայի գլխաւորութեամբ, յայտարարեց որ սուլթանը սահմանադրութեան հրատարակած եւ բոլոր հպատակներուն հաւասարութիւն եւ ազատութիւն շնորհած ըլլալով` այլեւս կարիք չի մնար խորհրդաժողովի:
Նոյն օրերուն Ներսէս պատրիարք Հայկական հարցը դեսպանաժողովի ուշադրութեան եւ քննութեան յանձնեց:
Պոլսոյ հայկական թերթերը հայկական հարստահարութեանց եւ տառապանքներուն մասին յօդուածներ եւ թղթակցութիւններ սկսան հրատարակել:
Պոլիսէն չորս հազար հոգիի ստորագրութիւնը կրող հանրագրութիւն մը ուղարկուեցաւ Էջմիածին` Գէորգ Դ. կաթողիկոսին: Հանրագրութեան մէջ կը նկարագրուէր հայ ժողովուրդին դարաւոր տառապանքները. «Քանի դարք են, զի ազգ մեր անկեալ է ըստ հպատակութեամբ թուրքաց, զտիւ եւ զգիշեր, անդուլ անդադար տագնապիմք անագորոյն չարչարանօք ի գաւառապետաց, ի հարկահանաց, ի գործակալաց եւ յայլոց բռնաւորաց»: Կը նշուէր, որ կը պղծուին հայոց եկեղեցիները, կը բռնաբարուին հայ կիներն ու աղջիկները, կը խողխողուին հայ ծերերն ու երիտասարդները եւ կը յափշտակուին հայոց գոյքերը:
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, եպարքոս Միտհաթ փաշա Սուրբ Ծննդեան տօնին, 6 յունուար 1877-ին այցելեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան եւ պաշտօնական ընդունելութեան արժանացաւ:
Դեսպանաժողովի աշխատանքները կը շարունակուէին, լուծում գտնելու համար Պալքաններու տագնապներուն: Օսմանեան կառավարութենէն կը պահանջուէր քաղաքական բարեկարգումներ կատարել Պոսնիոյ եւ մեծամասնութեամբ պուլկարներով բնակուած շրջաններուն մէջ: Պատրաստուած նախագիծին համաձայն, Պոսնիոյ, ինչպէս նաեւ Հերցեկովինայի մեծ մասին ինքնավարութիւն պիտի շնորհուէր, Հերցեկովինայի հարաւային շրջանները Մոնթենեկրոյի իշխանութեան պիտի կցուէին, իսկ մեծամասնութեամբ պուլկարներով բնակուած շրջանները ինքնավար երկու վիլայէթներու պիտի բաժնուէին` Արեւելեան (Թարնովօ կեդրոնով) եւ Արեւմտեան (Սոֆիա կեդրոնով): Դեսպանաժողովը փակուեցաւ 20 յունուար 1877-ին:
Դէպքերու այս հոլովոյթին մէջ անայլայլ կը մնար միայն Խրիմեան Հայրիկ: Թորգոմ եպիսկոպոս Գուշակեան կը վկայէ ըսելով. «Իւսկիւտարի իր մենարանէն կը դիտէր ան այս ամէնը` ազգերու կեանքին ու բախտին յեղաշրջութեանց իմաստասիրական հոտառութեամբը, ամէնքէն աւելի խորազգաց ու թափանցող միտք, ստոյիկեան ժպիտով մը կը նայէր դէպքերու ընթացքին, իրերու այս սկզբնաւորութեան մէջ նոյնիսկ տեսնելով անոնց վախճանը»:
***
Սուլթան Համիտի եւ Բարձրագոյն դրան համար, Վան կը հանդիսանար հայկական ազգայնականութեան միջնաբերդը: Վանի հայութիւնը բնորոշուած էր իբրեւ «խիստ վտանգաւոր» տարր:
Սուլթան Համիտ եւ Բարձրագոյն դուռը որոշեցին ծանր հարուած մը տալ Վանի հայութեան: Պատրաստուեցաւ Վանի շուկան կողոպտելու եւ հրդեհելու ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը յանձնուեցաւ Չերքէզ Մեհմէտ բէկին:
Չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 1876-ի գիշերը տաճիկ զօրքեր, ոստիկաններ եւ խուժանը մտան Վանի շուկան, կողոպտեցին հայոց խանութները եւ ապա կրակի տուին ամբողջ շուկան: Հարիւրաւոր խանութներ, վաճառատուներ, արհեստանոցներ եւ խաներ հրոյ ճարակ դարձան: Ահաւոր հրդեհը կը լուսաւորէր մութ երկնակամարը, եւ Վանայ ծովը բոցերու ծիրանիով մը ծածկուած էր: Քաղաքամէջի եւ Այգեստանի հայութիւնը, տանիքները բարձրացած, ցուրտին ու ձիւնին տակ կանգնած, սարսափահար կը դիտէր ահաւոր աղէտը եւ կ՛ողբար:
Վանի հայութիւնը տնտեսապէս քայքայուեցաւ եւ մոխիրներու վրայ նստաւ:
Շուկայի հրդեհի` «բազարի եանկուն»-ի լուրը հասաւ Պոլիս: Խրիմեան Հայրիկ արցունքոտ աչքերով ողբաց իր հայրենակիցներուն վիշտն ու թշուառութիւնը եւ 25 յունուար 1877-ին գրեց «Վանգոյժը»-ը:
«Այդ քաղաքաւեր կրակին համար, որ անխնայ այրեց լափեց մեր հայրենեաց կեանքը, ես մի կաթ ջուր պատրաստեցի, չէ թէ այրած ժողովուրդին մորմոքեալ սրտին ջուր տալու մտքով` զի դորա համար գետեր եւ ծովեր պէտք են` այլ մի միայն Վանայ դպրատանց աղքատիկ մանուկներուն ծարաւն ու պապակը զովացնելու համար:
«… Ո՞ տայր ինձ, ո՜հ, գեղեցիկդ Վան, Վասպուրական աշխարհի զարդն ու պսակ, որ աւերակիդ աճիւնացեալ մոխրին վերայ նստելով` արժանի լինէի զքեզ եւ քո որդիքներդ ողբալ:
«Պատահար քո` երկնից պատահար չէր, այլ նոյն իսկ քո երկրէն եւ քո մէջէն. հին դրացի քաղաքացիներդ դաւեցին զքեզ. նոքա` որ քեզ հետ կուտէին հայրենի սեղանէն. նոքա` որ քո ճակատին քրտանց վաստակով լիապէս կը յագենային, ո՜հ անխնայաբար ոտնակոխեցին բարելից հացի սեղանդ:
«… Ողորմիմ քեզ, ժողովուրդ հայոց, ողորմիմ. արդեօք լաւագոյն չէ՞ր քեզ, որ միանգամ մեռնէիր եւ կնքուէր քո հանգստեան գերեզման եւ դու երթայիր դադարէիր առ հարս քո, քան թէ այսպէս ի գետին թալկանաով արիւնացամաք մեռնիս: Ո՜հ, մինչեւ ե՞րբ անսամ քեզ, որ ինքնազոհ մեռնիլ սորվիս. աշխարհ սորվեցաւ այդ դասը, իւր մրցանակն առաւ, դու դեռ անուս մանուկ մնացիր:
«Այո՛, այն օրերը, երբ սահմանադիր օրէնք պարտք եւ իրաւունք կը քարոզէր, հաւասարութիւն կաւետէր, քո զրկանք եւ հարստահարութիւն աւելի եւս ծանրացաւ:
«Նախատեսէ՛, նախատեսէ՛, ո՛վ Թուրքաստան, սուրն ու դանակ քաղաքակրթութեան պատենին մէջ դիր, գիտցիր եթէ ջանաս միշտ քո վաստակաւոր եզն իւր վարած ակօսին մէջ մորթել` ի՞նչ կը լինի այնուհետեւ քո շահն. ոչինչ. միայն միսն ու կաշին. եւ յայնժամ դու անագան ուրեմն կուշաբերիս. եւ աւա՜ղ, կը տեսնաս որ երկիրդ անմշակ մնացեր է, հացին ու գանձին սովը կը տիրէ, երկրին զաւակներ քաղցած կը մնան: Ծանի՛ր ուրեմն ծանի՛ր, այդ ժրագործ եզին շահաբեր արդիւնքը, փոխանակ ազազուն պահելոյ` դարման տուր ու պարարտ պահէ զայն, որ իւր ուժով կարենայ վարել քո խորդացեալ երկիրը:
«… Դու լոյս եւ արեւ կը սիրես, ժողովուրդ. լոյս եւ արեւ զքեղ պիտի վերածնին, քո հայրենեաց երկիր մարգագետին կը դառնայ. լուսին ի վերուստ վերայէդ անցնելով պիտի զարմացմամբ հայի երբ տեսայ, որ Արծրունեան աշխարհի որդիքներ համակ արծուապէս նորափետուր զարդարուած են, զոր բռնութիւն փետտեց որ լերկամարմին անպատանք մեռնին:
«… Գիտե՜մ, գիտե՜մ, այս իմ հեռաւոր նժդեհութեան վայրէս զքեզ լալ միայն հերիք չէ, ո՛վ իմ բնակասնունդ հայրենի՜ք, ո՛վ իմ խանձեալ խանձարուր – գա՜մ գա՜մ եւ քեզ հետ կական բառնամ, մոխրակուտիդ վերայ ողբանուէր նստելով զքեզ ողջագուրելով լամ»:
«Վանգոյժ», 16 էջ, լոյս տեսաւ Պոլիս, Արամեան տպարանէն, 1877 յունուարին: Հրատարակութեան մէկ մասը յետոյ գրաւուեցաւ եւ փճացուեցաւ պետութեան կողմէ: Նոյն տարին երկրորդ հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Թիֆլիսի մէջ:
Պետական ոճրագործութիւնը վարագուրելու համար պետական շրջանակներ սկսան զրոյցներ յերիւրել, փաստարկելով որ հայեր իրենք հրդեհեցին Վանի շուկան, որուն նպատակն էր հայկական հարց մը ստեղծել, որպէսզի Պոլսոյ դեսպանաժողովը քննութեան առնէր նաեւ հայկական հարցը: Չարամիտներ կը պնդէին, որ ռուսերու դրդումով հայեր այրեցին իրենց շուկան:
***
Վանի հրդեհը ցնցեց պատրիարքարանն ու Ազգային ժողովը: Ներսէս պատրիարք, պատուիրակութեան մը գլուխը անցած գնաց Բարձրագոյն դուռ եւ Միտհաթ փաշային բողոք-տեղեկագիր մը ներկայացուց:
Միտհաթ փաշա, անելէն դուրս գալու համար, նոյն օրերուն` 1877 յունուարին, Էրզրումի կուսակալութեան ենթակայ վանի մութասարիֆութիւնը առանձին կուսակալութեան վերածեց, որ կ՛ընդգրկէր նաեւ Բաղէշն ու Մուշը: Իբրեւ վալի Վան ղրկուեցաւ Քէօսէ Հասան փաշա, որուն օգնական նշանակուեցաւ Մկրտիչ Աղաթոն եւ այնուհետեւ ալ` Մարկոս Աղաբէկեան: Վարչական եւ ոստիկանական փոփոխութիւններ եղան եւ պետական ծառայութեան մէջ մտան հայ պաշտօնեաներ:
Պետութեան կողմէ քննիչ խառն յանձնաժողով մը ղրկուեցաւ Վան, հրդեհին պատճառները քննելու եւ յանցաւորները պատժելու համար: Յանձնաժողովին տեղեկագիրը չստորագրեցին հայ անդամները:
Վանի օտար հիւպատոսներն ալ վկայեցին որ հրձիգութեան շարժառիթը աւարառութիւնն էր եւ հեծեալ, պահեստի ու ոստիկան զինուորներ կատարած էին կողոպուտը:
***
Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի ունեցան: Ընտրուեցան 130 երեսփոխաններ, որոնց 44-ը` քրիստոնեաներ: Քրիստոնեայ երեսփոխաններէն 11-ը հայեր էին: Իսկ ծերակոյտի անդամները նշանակուեցան սուլթան Համիտի կողմէ: Նշանակուած ծերակուտականներուն մէջ էր Խրիմեան Հայրիկ: Երեսփոխանական ժողովը բացուեցաւ 19 մարտ 1877-ին: Մինչ այդ, 5 փետրուար 1877-ին Միտհաթ փաշա պաշտօնազրկուեցաւ եւ զայն փոխարինեց Իպրահիմ Էտհէմ փաշա: Վանի հրդեհը քննութեան առնուեցաւ նաեւ օսմանեան խորհրդարանին մէջ: Հայ երեսփոխանները, քանի մը յոյն երեսփոխաններու հետ, համարձակօրէն ձաղկեցին կառավարութեան ընթացքը:
Թիֆլիսի մէջ Գրիգոր Արծրունի իր «Մշակ» թերթին մէջ բուռն քննադատութեան
ենթարկեց Ներսէս պատրիարքի եւ Ազգային ժողովի «խոհական քաղաքականութիւնը» եւ հանգանակութիւն մը բացաւ ի նպաստ Վանի աղիտեալներուն:
Սուլթան Համիտ, զայրացած Խրիմեան Հայրիկի «Վանգոյժ»-ի հրատարակութենէն եւ անոր գտած արձագանգէն, հրաժարեցնել տուաւ զայն օսմանեան ծերակոյտէն:
Հայրիկ կրկին Գուզկունճունքի իր խուցը քաշուեցաւ եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քարոզիչը դարձաւ:
***
Օսմանեան տիրապետութեան դէմ Պալքանեան ժողովուրդներու ապստամբութիւնները ճնշուած եւ տասնեակ հազարաւոր քրիստոնեաներ ջարդուած էին: Ռուսիա, Պալքաններու մէջ իր ազդեցութիւնը զօրացնելու նպատակով, իր օրթոտոքս դաւանակիցները պաշտպանելու անուան տակ, կ՛աջակցէր ապստամբներուն: Թուրքիա Բրիտանիոյ թելադրանքով, մերժեց Պոսնիոյ, Հերցեկովինայի եւ Պուլկարիոյ ինքնավարութիւն տալու նախագիծը:
Ռուսական բանակները պատրաստութեան մէջ էին. զօրաշարժը սկսած էր, իսկ մարտանաւերը հրամանի կը սպասէին:
Թուրքիա սպառազէն գունդեր տեղակայեց Պալքաններու ամրացուած դիրքերու շուրջ, ռազմական նաւակներ` Դանուբ գետի երկայնքին, եւ Ամերիկայէն մեծաքանակ «Մարթինի-Հենրի» հրացաններ ապսպրեց:
Ռուսիա 12 (24) ապրիլ 1877-ին պատերազմ յայտարարեց Օսմանեան կայսրութեան դէմ եւ ռազմական գործողութիւններու սկսաւ Պալքանեան եւ Կովկասեան ճակատներէն: Կովկասեան ռազմաճակատին վրայ ռուսական զօրքերը` 50 հազար զինուոր եւ 202 թնդանօթ, որոնք կը գտնուէին Կովկաս փոխարքայ մեծ իշխան Միխայիլ Նիկոլայեւիչի հրամանատարութեան տակ, կ՛առաջնորդէին հայ զօրավարներ Միքայէլ Լոռիս-Մելիքով, Արշակ Տէր Ղուկասով, Իվան Լազարեւ եւ Բեհբուտ Շելկովնիկով: Թուրքիա, Ահմէտ Մուխթար փաշայի հրամանատարութեան տակ, 100 հազար զինուոր կեդրոնացուց կովկասեան ճակատին վրայ: Ճակատ քշուեցան նաեւ հազարաւոր քիւրտ պաշըպոզուքներ:
Տէր Ղուկասովի զօրքը, որ տեղակայուած էր Երեւանի մօտ, ներխուժեց օսմանեան տարածք եւ ապրիլ 17 (29)-ին գրաւեց Պայազիտը:
Շէյխ Ճալալէտտին տասնեակ հազար քիւրտ ձիաւորներով Աղբակէն, Վանի վրայով յառաջացաւ դէպի Պայազիտի ճակատ:
Ռուսական զօրքը լայնածաւալ յարձակողականի անցաւ եւ մայիս 5 (17)-ին գրաւեց Արտահանը, իսկ մայիսի վերջաւորութեան պաշարեց Կարսը:
Պալքանեան ճակատին վրայ Ռուսիա յարձակման անցաւ 185 հազար զինուորներով: Օսմանցիք, 200 հազար զինուորներով, ընտրեցին պաշտպանողական մարտավարութիւնը: Ռուսական եւ ռումանական զօրքերը ականապատեցին Դանուբը:
***
Ներսէս պատրիարք Վարժապետեան կոնդակ մը հրապարակեց, իր հօտին պատուիրելով հաւատարմաբար եւ անձնուիրութեամբ աջակցիլ օսմանեան բանակներուն: Ան կը շեշտէր ըսելով. «Օսմանեան երկիրը պաշտպանել` Հայաստանը պաշտպանել ըսել է, նոյնիսկ հայու կրօնը, դպրոցը, ինչքը, տունը, ընտանիքը եւ պատիւն ու կեանքը պաշտպանել ըսել է»:
Պոլսոյ մէջ պատերազմական վիճակ յայտարարուած էր, բայց հայկական շրջանակներու մէջ հրապարակաւ դժգոհութեան ձայներ բարձրացան «թրքամոլ» պատրիարքին դէմ:
***
Ճակատ մեկնած թրքական զօրքերն ու քիւրտ պաշըպոզուքները անպաշտպան հայկական գիւղերը թալանելով եւ անոնց բնակիչները կոտորելով իրենց պարտութիւններուն վրէժը կը լուծէին:
Ռուսական յառաջացող բանակները հայերու կողմէ կը դիմաւորուէին իբրեւ ազատարարներ: Հայազգի զօրավարներու առաջնորդութեամբ հասնող ռուս զինուորները հայ գիւղացիները կը համարէին փրկարարներ, որոնք եկած էին իրենց գիտութեան շղթաները խորտակելու:
Հայեր մէկ կողմէ, կարգ մը վայրերու եւ քաղաքներու մէջ ամէն աջակցութիւն կը ցուցաբերէին օսմանեան բանակին, մինչ միւս կողմէ ոգեւորութիւնը համակած էր ժողովուրդը:
Պատրիարքարան եւ Ազգային ժողով անորոշութեան մատնուած էին: Ամէն ինչ կախեալ էր պատերազմի ելքէն:
Խրիմեան Հայրիկ, իր ամբողջ հեղինակութիւնը եւ հմայքը ի գործ դնելով սիրտ տուաւ տատանողներուն, վերջ տալու մտավախութիւններուն: