Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ճափոնը անկասկած աշխարհի ամէնէն քաղաքակիրթ երկիրներէն մէկն է. սակայն, հակառակ ասոր, ուրիշ երկիրներու նման, ան կը գտնուի ճամբաները աղտոտող ապականումի հարցին առջեւ:
Այս ապականումին դէմ պայքարելու համար երկու բարեկամներ յղացած են իւրայատուկ գաղափար մը: Երկու կամաւորներ` Եուսուքու Օթոքօ եւ անոր ընկերը, որոշած են ծպտուիլ «աղտերու դէմ սամուրայներու», երկրին մեծ քաղաքներուն փողոցները մաքրելու համար: Աւանդական սամուրայներու տարազը յիշեցնող հագուստներ հագուած, անոնք կը շրջին ճափոնական մեծ քաղաքաներուն եւ յատկապէս մայրաքաղաք Թոքիոյի փողոցներուն մէջ, աղբի գաւազանները ձեռքերնին` սամուրայներու քաթանա սուրին փոխարէն:
Իրենց աղբ հաւաքելու «արշաւանքներուն» ընթացքին անոնք իւրայատուկ շարժումներ կը կատարեն` ներշնչուելով մարտարուեստներէն եւ յատկապէս` լայտոյէն, ճափոնական մարտարուեստը, որուն ընթացքին մարտիկը մէկ շարժումով կը քաշէ սուրը եւ կը զարնէ. այս ձեւով անոնք կը մաքրեն աղտոտած փողոցները եւ կը հաւաքեն անցորդներուն թափած աղբերը: Այս հին ժամանակներու սամուրայներուն ներկայութիւնը եւ աշխատանքը` ճամբաներուն մաքրութեան ի նպաստ, մեց հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ մարդոց մօտ. այս ձեւով է, որ մինչ սկիզբը անոնք միայն երկու անձեր էին, այսուհետեւ սամուրայներու մեծ խումբ մըն է, որ կը մաքրէ քաղաքներուն ճամբաները:
Հետաքրքրական
Ճափոնի Մասին
– Ճափոնը կազմուած է 4 գլխաւոր կղզիներէ եւ մօտաւորապէս` 4000-է աւելի փոքր կղզիներէ:
– Ճափոնի մէջ մարդոց գործածած դրամը կը կոչուի եէն:
– Աւելի քան 127 միլիոն անձեր կը բնակին Ճափոնի մէջ: Անոնցմէ 12,7 միլիոնը կը բնակի Թոքիոյի մէջ:
– Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, Ճափոնի ափերուն կը գտնուի Վիշապի Եռանկիւն կոչուած շրջանը. մարդիկ կը հաւատան, որ այդ խորհրդաւոր շրջանին մէջ նաւեր անհետացած են:
– Ճափոնի գլխաւոր կրօններն են` շինթոն, պուտտայականութիւնը եւ քոնֆուսիականութիւնը:
– Ճափոնի մէջ տարեկան մօտաւորապէս 1500 երկրաշարժեր տեղի կ՛ունենան, ինչպէս նաեւ թեթեւ ցնցումներ` ամէն օր:
– Ժամանակին շէնքերուն մեծ մասը շինուած էր փայտէ, մասամբ որովհետեւ փայտէ շէնքերը աւելի կը դիմանան երկրաշարժերու:
– Ճափոնի մէջ արձանագրուած ամէնէն աւելի զօրաւոր երկրաշարժը տեղափոխած է ամբողջ Հոնշոյի կղզին` 2,4 մեթրով:
– Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունին 109 հրաբուխներ:
– Միջին հաշուով, ճափոնցի կիները շատ աւելի երկար կ՛ապրին, քան ուրիշ ոեւէ մարդ` աշխարհի վրայ:
– Ճափոնը միակ երկիրն է, որ ունի կայսր եւ կայսրուհի:
– Ճափոնի ամէնէն բարձր լեռն ու հրաբուխը` Ֆուճի գագաթը կազմուած է իրարու վրայ դիզուած երեք հրաբուխներէ:
– Լեռ մագլցողները պէտք է վճարեն Ֆուճի գագաթին վրայ գտնուող բաղնիքները գործածելու համար:
– 1400 տարուան Հորուի-Ճի տաճարը կանգուն մնացած է 46 գլխաւոր (7 եւ աւելի բարձր զօրութեամբ) երկրաշարժերու ընթացքին:
– Այնուները Ճափոնի բնիկ ժողովուրդներէն են. տակաւին գոյութիւն ունեցող 24 հազար այնուներէն միայն տասն կը խօսի իր բնիկ լեզուն:
– Ճափոներէնը կը գրուի քանժի կոչուած նշաններով:
– Գոյութիւն ունին աւելի քան 60 հազար քանժիներ. սակայն մօտաւորապէս 2 հազար նշաններ ընդհանրապէս կը գործածուին գիրքերուն եւ թերթերուն մէջ:
– Ճափոնցիները կը կազմակերպեն պոնենքայ` «Տարին մոռնալ» կոչուած հաւաքոյթներ ամբողջ դեկտեմբեր ամսուն ընթացքին, իրենց օգնելու նախորդ տարուան հարցերը մոռանալու:
– Ճափոնցիները կը սպառեն Ժամայքայի Կապոյտ լեռներուն վրայ մշակուած սուրճի ծառերուն արտադրութեան 80 առ հարիւրը:
– Ճափոնցիներու տուներուն մէջ բաղնիք մտնելու յատուկ մուճակներ կը գործածուին մանրէները ուրիշ սենեակ չտանելու համար:
– Մեզի ծանօթ առաջին վէպը` «Կենճիին պատմութիւնը», գրուած է աւելի քան 1000 տարիներ առաջ, ճափոնցի կնոջ մը կողմէ:
– Մինչեւ 1800-ական թուականներու կէսերը սեւցուած ակռաները գեղեցկութեան նշան կը համարուէին Ճափոնի մէջ:
– Ձուկի Ցուքիժի շուկային մէջ ամէն օր կը ծախուի աւելի քան 2000 թոն ձկնեղէն եւ ծովային անասուններ:
– Ճափոնի տարածքին մօտաւորապէս 73 առ հարիւրը ծածկուած է լեռներով:
Աշխարհի Ամէնէն Հին Դպրոցը…
… Ք.Ա. 143-141 թուականներուն միջեւ Չինաստանի մէջ եւ ան տակաւին կը գործէ:
Ըստ պատմաբաններուն, աշխարհի այս առաջին պետական դպրոցը հիմնուած է Ուեն Ուենկ կոչուած անձի մը կողմէ, Հոն թագաւորութեան ընթացքին, Ք.Ա. 143-141-ի միջեւ: Այս դպրոցը բացուեցաւ Շենկտուի շրջանին մէջ, Չինաստան, Շենկտու Շիշի անունին տակ: Անիկա կը նշանակէ «Քարէ տուն»:
Հրդեհ մը աւերած է դպրոցը, որ վերաշինուած է Ք.Ե. 194 թուականին, Մինկ թագաւորութեան ընթացքին: Քանի մը տարի ետք դպրոցը դարձեալ կ՛աւերուի եւ կը վերաբացուի բաւական ետք, 1661 թուականին, չինական պետութեան կողմէ:
1900-ական թուականներուն անոր անունը կը փոխուի բազմաթիւ անգամներ, եւ դարձեալ իր սկիզբի անունին կը վերադառնայ 1940-ին: 1952-ին, երբ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նոր կառավարութիւնը կը կազմուի, անոր անունը դարձեալ կը փոխուի:
Ապա Մշակութային յեղափոխութեան շրջանին դպրոցը կ՛աւերուի երրորդ անգամ ըլլալով: Անիկա վերջապէս կը վերակառուցուի եւ կը վերաբացուի իր սկզբնական անունով, 1983 թուականին:
Գիրքեր Բաժնող Մեքենան
Միացեալ Նահանգներու Պաֆֆըլոյի Արթըր Օ. դպրոցին մէջ զետեղուած է գիրքեր բաժնող մեքենայ մը: Այդ շրջանին մէջ բազմաթիւ բնակիչներ գրել եւ կարդալ չեն գիտեր: Հետեւաբար կարդալու հետաքրքրութիւնը պէտք է մանուկներուն փոխանցել անոնց փոքր տարիքէն:
Այս ծրագրին միակ մտահոգութիւնը եղած է մեքենային մէջ մտնող յարմար չափի գիրքեր գտնելը:
Մեքենան մեծ յաջողութիւն գտած է: Գիրք մը ստանալու համար փոքրիկները պէտք է գործածեն կեղծ դրամներ, զորս մեքենային մէջ կը դնեն. իսկ այդ կեղծ դրամները ստանալու համար անոնք պէտք է լաւ արդիւնքներ ունենան իրենց դասերուն մէջ:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Աշխարհի առաջին համակարգիչներէն մէկը կը կշռէր 27 թոն: Անոր կատարած բոլոր գործողութիւնները կարելի է այսօր դնել միակ փոքրիկ մայքրօչիփի մը վրայ:
Այս համակարգիչը կը կոչուէր «Էլեքթրոնիք նիւմերիքըլ ինթեկրէյթըր էնտ քոմփիւթըր», ճանչցուած է նաեւ «ԷՆԻԱՔ» անունով: Անիկա կազմուած էր 1946-ին, Փենսիլվանիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներ, «Մուր սքուլ օֆ ինճինիրինկ» համալսարանին մէջ
Այս հրէշի նման մեքենան կազմուած էր ելեկտրական միացումներու շարքերով. անիկա 24 մեթր երկարութիւն ունէր, 2,4 մեթր բարձրութիւն եւ մօտաւորապէս 1 մեթր լայնք:
1996 թուականին Փենսիլվանիոյ համալսարանէն համակարգիչի գիտնականներ շինեցին «ԷՆԻԱՔ»-ի իրենց օրինակը` եղունգի չափով սիլիքոնէ մայքրոչիփի մը վրայ խտացուած:
Ժամանց


