Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միւնիխի եւ Ուաշինկթընի խորհրդաժողովներուն արդիւնքները, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին Լիբանանին եւ անոր կապուած որոշումներուն, որոնց կը հետեւի Պըրրի:
Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ ընդգծեց, որ ինք Պըրրիին ներկայացուցած է այդ խորհրդաժողովներուն որոշումները եւ իմացած Պըրրիի կեցուածքները, որոնք այդ հարցին կը վերաբերին եւ ծանօթ են լրատուամիջոցներուն:
Պու Սաապ նշեց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է պաշտպանութեան մարզին վերաբերող այն օրէնքները, որոնք վաւերացուած են խորհրդարանին կողմէ, սակայն ցարդ չեն գործադրուած: «Այս ծիրին մէջ կայ օրէնք մը, որ 36 տարի առաջ վաւերացուած է, սակայն մինչեւ օրս չէ գործադրուած», ըսաւ ան:
Պու Սաապ հաստատեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի հրապարակէ հրամանագիրներ, որոնց լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ պաշտպանութեան նախարարութեան վերաբերող օրէնքները գործադրութեան դնել:
Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Նասեր Քանտիլ: