Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Դեկտեմբեր 22, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Կարօ Սասունի

Կարօ Սասունի (Վիգէն Գլակ). բանասէր, արձակագիր, խմբագիր, իրաւաբան, ուսուցիչ, քաղաքական-պետական գործիչ եւ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 15 յուլիս 1888-ին, Սասունի Խուլբ գաւառակի Ահարոնք գիւղը: Մայրը (Աննա մայրիկ) զինք աշխարհ բերած է դէպի Սուրբ Կարապետ վանքի ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ, ուրկէ ալ` իր Կարապետ անունը (Կարօ):

Իր ազգական Հրայր Դժոխքէն եւ Գէորգ Չաւուշէն կը ներշնչուի եւ կ՛որակուի «Ծուռ»` իր անսպառ եռանդին եւ Սասունցի Դաւիթի ծռութեամբ յատկանշուած ըլլալուն համար: Նախնական ուսումը գիւղի վարժարանին, ապա Մուշի Մուրատ-Մխիթարեան միջնակարգ վեցամեայ վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, քանի մը տարի, 1906-1908, ուսուցիչ եղած է Տիգրանակերտի մէջ:

1908-ին կ՛անցնի Պոլիս, ուր մէկ տարի կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան: 1909-1914 կը յաճախէ Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանական բաժինը եւ զայն կ՛աւարտէ 1914-ին:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկիզբը կը մեկնի Կովկաս, ուր կը լծուի կամաւորական շարժումին. հայ կամաւորական եւ ռուս բանակներու հետ կը մտնէ Տարօն, 1916-ին, ուր կը նշանակուի Տարօնի կառավարիչ: Հետագային, ռուս բանակի նահանջի ատեն կրցաւ փրկել շատ մը գաղթականներ եւ կազմակերպել անոնց տեղափոխումը դէպի Արեւելեան Հայաստան:

1917-ին կ՛ամուսնանայ Միսաք Մեծարենցի զարմուհի` Հռիփսիմէ Մեծատուրեանին հետ եւ կը պարգեւատրուի չորս զաւակներով: Նոյն թուականին ռուսական Փետրուարեան յեղափոխութիւնէ ետք կը ստեղծուի Թրքահայաստանի կոմիսարիատը: Կարօ Սասունին կը նշանակուի Տարօնի նահանգապետ:

Տարօն նահանգի վարչական եւ կուսակցական գործերը արդիւնաւէտ ընթացք ունէին, երբ տեղի ունեցաւ 1917-ի հոկտեմբերեան յեղաշրջումը, որուն հետեւեցաւ ռուսական ճակատի արագ քայքայումը: Ռուսերու նահանջին յաջորդեց թուրքերուն յառաջխաղացումը, որուն հետեւանքով Կարօ Սասունին ժողովուրդի բեկորներու հետ նահանջեց Արեւելեան Հայաստան: Ան կարեւորագոյն նպաստ ունեցաւ Էջմիածինի, Աշտարակի եւ Թալինի թաթար բնակչութեան հալածման եւ անոնց բնակավայրերուն մէջ արեւմտահայութեան տեղաւորման գործին մէջ: Իսկ Թալինի բերդի գրաւման կազմակերպումը անոր կողմէ 5 մայիս 1918-ին` կարեւոր նշանակութիւն կ՛ունենայ Սարդարապատի ճակատամարտին հայութեան յաղթանակին համար: Սարդարապատի թրքական բանակը կը զրկուի Արագածի թաթարական ուժերու օժանդակութենէն: Կ. Սասունին փաստօրէն իր ներդրումը կ՛ունենայ Հայաստանը հայացնելու գործին մէջ` Ռուբէնի եւ Արամի հետ մէկտեղ, նոր պետականութեան արարումէ առաջ:

1919-ի յունուար-յուլիս ամիսներուն Կ. Սասունին կուսակցական-կազմակերպական աշխատանքներով կը գտնուի Կ. Պոլիս եւ Զմիւռնիա: Վերադառնալով Հայաստան` ան 21-23 յունիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն կ՛ընտրուի խորհրդարանի պատգամաւոր:

Կ. Սասունի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմքերը խարխլող ներքին եւ արտաքին թշնամիներու դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ կը նկատէր ստեղծել կուսակցական մենատիրութիւն:

Այնուհետեւ, Սասունին կը նշանակուի Շիրակի նահանգապետ: Մինչեւ այդ, ան Ռուբէնի եւ Սեպուհի հետ համախորհուրդ` կը ճնշէ Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) մայիսեան խռովութիւնները եւ կ՛ազատէ ան պոլշեւիկներէ:

Մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը Սասունին վճռական քայլեր կ՛իրականացնէ Շիրակի նահանգի վարչական գործերու կարգաւորման, կուսակցական կառոյցներու ամրապնդման, կաշառակերութեան վերացման առումներով: Իսկ 1920 սեպտեմբերին սկսած հայ-թրքական պատերազմի օրերուն ջանք ու եռանդ չի խնայեր թրքական յառաջխաղացումը կասեցնելու ուղղութեամբ:

1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան ընթացքին Կ. Սասունի մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ: Ան էր մշեցիներու, խնուսցիներու եւ սասունցիներու դէպի Աշտարակ, Էջմիածին եւ ապա Երեւան շարժող ուժերուն հրամանատարը: Իսկ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի գործունէութեան շրջանին ներքին գործոց նախարարն էր:

1922-ին կը սկսի Սասունիի թափառական կեանքը` Պուլկարիա, Զուիցերիա, Աւստրիա եւ ապա` Ֆրանսա, ուր կը հաստատուի 1924-ին: Փարիզեան արուարձան Շաւիլի մէջ (իրեն կը միանայ իր ընտանիքը) կը հաստատէ փոքրիկ ընկերութիւն մը: Ազգային-քաղաքական գետնի վրայ կը գործէ յանուն ՀՅԴ-ի նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումին: Հայ լրագրութեան զարթօնքի օրերուն («Հայրենիք»` Պոսթըն եւ «Յառաջ»` Փարիզ) կը նուիրուի գրականութեան: Ան միշտ կը վերլուծէ եւ կը փորձէ հասկնալ 1915-ի իրադարձութիւնները:

1933-ին կը փոխադրուի Հալէպ, հոնկէ ալ` Պէյրութ, ուր կը գործէ հանրային-մշակութային մարզի մէջ իբրեւ ուսուցիչ (Համազգայինի Ն. Փ. Ճեմարան),  գործիչ ու խմբագիր: Այնտեղ կը հրատարակէ արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը, իսկ 1962-ին կը հիմնադրէ «Բագին» գրական հանդէսը: Անոր կողքին, ունի բազմաթիւ աշխատութիւններ` բանասիրական-գրապատմական եւ  պատմաքաղաքական, լոյս տեսած` մամուլի մէջ, եւ որոնք հետագային մասամբ միայն հրատարակուած են հատորով:

Կարօ Սասունի կը մահանայ Պէյրութ, 11 օգոստոս 1977-ին:

Արամ Սաֆրաստեան

Արամ Սաֆրաստեան. յայտնի հայ գիտնական-թրքագէտ, քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1888-ին Վանի Այգեստան թաղամասը: Ուսանած է Այգեստանի միջնակարգ կեդրոնական դպրոցին մէջ, ուսումը աւարտելէ ետք ան մանկավարժական աշխատանք տարած է Վանի Հայ կոյսերու դպրոցին մէջ, իսկ այնուհետեւ` Աղթամարի վանքի, Պայազիտի եւ Շապին-Գարահիսարի դպրոցներուն մէջ: 1911-ին ան կը մեկնի Կ. Պոլիս եւ կ՛ընդունուի Կ. Պոլսոյ բարձրագոյն մանկավարժական հիմնարկի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը, որ շուտով կը միանայ Կ. Պոլսոյ համալսարանի համանուն բաժանմունքի հետ: 1915-ին գերազանց վկայականով աւարտելով համալսարանը` Սաֆրաստեան կը ստանայ Թուրքիոյ միջնակարգ դպրոցներու մասնագէտ-ուսուցիչի կոչում եւ աշխատանքի կ՛անցնի Բերա թաղամասի Կալաթասարայի ճեմարանը, ուր ան կը դասաւանդէ 1915-1917 թուականներուն: Երիտթրքական կառավարութիւնը պատերազմի առիթը օգտագործելով` 1915-1918 թուականներուն կ՛իրականացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն պատճառով Արամ Սաֆրաստեան 1919 սեպտեմբերին ընտանիքով կը տեղափոխուի Հայաստան:

Արամ Սաֆրաստեան երիտասարդ տարիներուն եղած է ՀՅԴ-ի անդամ, Ա. Աշխարհամարտէն ետք ղեկավարած է Կ. Պոլսի ՀՅԴ կազմակերպութիւնը: Աշխատակցած է պոլսահայ մամուլին, հրատարակած է մանկավարժութեան նուիրուած պարբերականներ: Իբրեւ արեւմտահայութեան ներկայացուցիչ 1919-ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր եւ ստանձնած է կրտսեր քարտուղարի պաշտօնը: Արամ այդ պաշտօնը վարած է 5 օգոստոս 1919-էն  մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920:

1921-ին հեռանալով քաղաքական գործունէութենէն` զբաղած է գիտական եւ դասախօսական աշխատանքով, Թիֆլիսի մէջ: 1958-էն մինչեւ կեանքին վերջը եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող` հիմք դնելով օսմանագիտական հետազօտութիւններուն` Հայաստանի մէջ:

1922-1923 թուականներուն, երբ սկսաւ արաբական տառերէ հրաժարելու շարժումը, Արամ Սաֆրաստեան այդ գործի առաջին շարքերուն էր: Ան աշխուժօրէն կ՛աշխատակցի  Թիֆլիսի մէջ նոր ազրպէյճաներէն տառերով լոյս տեսնող «Եէնի եոլ» թերթին եւ «Թան եըլտըզի» ամսագրին` որպէս վերջինիս պատասխանատու քարտուղար: Շուտով ան կ՛ընտրուի Վրաստանի մէջ ազրպէյճանական նոր տառերու կոմիտէի անդամ-քարտուղար: 1926-ին Սաֆրաստեանը մասնակցած է Պաքուի մէջ գումարուած Համամիութենական թրքագիտական համագումարին` իբրեւ Վրաստանի պատգամաւոր: Խորհրդային իշխանութեան կողմէ ենթարկուած է հալածանքներու. 1937-1939 թուականներուն բանտարկուած է, իսկ 1949-1955-ին աքսորուած է Սիպիր: Աքսորէն վերադառնալէ ետք տեղափոխուած է Երեւան:

Արամ Սաֆրաստեանը մահացած է 1966-ին, Երեւան:

Զօր. Սեպուհ

Արշակ Ներսէսեան. աւելի յայտնի է` որպէս Սեպուհ, հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 20 ապրիլ 1872-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Բաբերդ քաղաքի Թոմնա գիւղը: Հայ ազատագրական շարժումին մաս կազմած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, հետագային գործած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Սկիզբը յարած է ՍԴՀ կուսակցութեան, 1894-ին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ: Ուսանած է Տրապիզոնի ազգային վարժարանին մէջ: Ապրած եւ գործած է Կ. Պոլսոյ մէջ, 1890-ին, Գում Գափուի ցոյցէն ետք անցած է Խրիմ (Սեւասթափոլ, Եալթա):

1895-ին սկիզբը անցած է Կարս: Այստեղ մտած է Հրայր Դժոխքի (Արմենակ Ղազարեան) խումբին մէջ եւ անոր հետ 1895 օգոստոսի վերջը անցած է Բասէն, այնտեղէն` Խնուս, ուր քանի մը ամիս մնալէ ետք, 1895-ին հոկտեմբերին սասունցիներու եւ մշեցիներու խումբով անցած է Տարօն: 1896-ին վերադարձած է Կովկաս:

1899-ին Խանի (Բարսեղ Թիրաքեան) խումբին հետ  անցած է ռուս-թրքական սահմանը` Սասուն հասնելու նպատակով, սակայն Խաստուրի մէջ խումբին մղած հարկադիր հերոսամարտէն ետք նոյն խումբին կազմին մէջ վերադարձած է Կարս: 1900-1903 թուականներուն աշխուժօրէն մասնակցած է Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) ՀՅԴ «Քար»-ի Կեդրոնական կոմիտէի ծաւալած աշխատանքներուն: 1903-ին` Թորգոմի «Մրրիկ» խումբին (23 հոգի) հետ անցած է Սասուն: Մասնակցած է 1904-ին Սասունի ինքնապաշտպանութեան, որուն ընթացքին մնացած է ծանր կացութեան մէջ: Անոր օգնութեան հասած Հրայրը զոհուած է, իսկ ինքը` վիրաւորուած: Այնուհետեւ տեղափոխուած է Վան, գործակցած է Վանայ Իշխանին (Նիկոլ Պօղոսեան) հետ, իսկ կարճ ժամանակ անց մեկնած է Կովկաս: Յեղափոխական գործունէութեան համար ձերբակալուած եւ բանտարուած է Մուշի բանտին մէջ: 1907-ին  Վիեննայի մէջ գումարուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան Դ. Ընդհանուր ժողովին մասնակցելէ ետք մեկնած է Բաբերդ, մինչեւ 1912 գործած է Տարօնի մէջ, ապա` Կարնոյ, Թիֆլիսի մէջ, 1913-ին ապրած է Խարկով:

Ա. Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը 21 հոգիէ բաղկացած խումբով միացած է Անդրանիկին: Եղած է հայկական 1-ին կամաւորական գունդի 2-րդ վաշտի հրամանատար: Այդ պաշտօնին վրայ մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմի Կովկասեան ճակատին վրայ մղուող կռիուներուն: Այդ ընթացքին Սեբաստացի Մուրատի հետ հիմնադրած է «Մէկ հայ, մէկ ոսկի» հիմնադրամը, որուն նպատակն էր քիւրտերէն հաւաքել հայ որբերը եւ նիւթական օգնութիւն ցոյց տալ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով գաղթական դարձած արեւմտահայ ընտանիքներուն:

1918 սեպտեմբերին Մուրատի եւ խմբապետ Համազասպի (Սրուանձտեան) հետ կռուած է Պաքուի հայութիւնը թրքական զօրքերէն պաշտպանելու համար: Պաքուի անկումէն եւ թուրքերու կողմէ գրաւուելէն ետք անցած է Երեւան: Եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, ճնշած է 1920-ին պոլշեւիկեան մայիսեան խռովութիւնները:

1920-ի աշնան Կարսի ճակատին վրայ մասնակցած է թուրք-հայկական պատերազմին: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Զանգեզուրի ճամբով նախ անցած է Պարսկաստան, այնուհետեւ մեկնած է արտասահման: Բնակած է Ամերիկայի Միացեալ Նահագներ, ուր ալ գրած եւ տպագրած է երեք հատորէ բաղկացած իր յայտնի յուշերը:

Արշակ Ներսիսեանը մահացած է 31 յուլիս 1940-ին, Նիւ Եորքի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ: 20 նոյեմբեր 2014-ին զօրավար Սեպուհի աճիւնասափորը, որ պահուած էր Տիթրոյթի ՀՅԴ կուսակցութեան ակումբին մէջ, ամփոփուած է Եռաբլուր պանթէոնի մէջ` համաձայն իր վերջին կամքի:

(Շար. 18)

 

 

Նախորդը

«Ապարաժ»-ի Խմբագրական. Արցախի Պատմական Առաքելութեան Թելադրանքով

Յաջորդը

Համեստ Եւ Հայրենասէր Պօղոսը (Պօղոս Ղուկասեանի Մահուան Տարելիցին Առիթով)

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?