Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 144-րդ Լսարան. «Արեւմտահայերէնը Եւ Արեւմտահայերէնի Պահակները» Նիւթով Դասախօսութիւն

Դեկտեմբեր 18, 2018
| Գաղութային
1
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի,  17 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած 144-րդ մամլոյ լսարանը, որուն ընթացքին Լեւոն Շառոյեան ներկայացուց «Արեւմտահայերէնը եւ արեւմտահայերէնի պահակները» նիւթը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Ան ներկայացուց դասախօսը` ըսելով, որ զեկուցաբեր Լեւոն Շառոյեանը «Ազդակ»-ի հալէպահայ աշխատակիցն է, մտաւորական, որ այս օրերուն Լիբանան կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով ` դասախօսելու համար հայագիտական դասընթացքի ուսանողներուն: Լեւոն Շառոյեան հայ մամուլին մէջ լոյս տեսնող ուսումնասիրական յօդուածներու եւ քանի մը գրականագիտական հատորներու հեղինակ է:

Լեւոն Շառոյեան իր նիւթը սկսաւ ըսելով. «Արեւմտահայերէնի ներկան եւ ապագան միշտ ալ օրակարգի նիւթ դարձած են մեր գրական, մտաւորական եւ կրթական շրջանակներուն կողմէ: Վերջին 30-35 տարիներուն այս նիւթը բազմիցս արծարծուած է թէ՛ պաշտօնական համագումարներու, թէ՛ հաւաքներու ընթացքին, թէ՛ ալ մամուլի սիւնակներէն: Արեւմտահայերէնի նահանջը շարունակական հոլովոյթի մը վերածուած է եւ իւրաքանչիւր տասը տարին անգամ մը անիկա մեզ կը դնէ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ: 100 տարի անցած  է Մեծ եղեռնի սեւ թուականէն, եւ Արեւմտահայաստանը կորսուած է թէ՛ իբրեւ հող եւ թէ՛ այդ հողին վրայ գտնուող նիւթական ժառանգութիւն: Արեւմտահայաստանէն մեր ձեռքը մնացած միակ աւանդը արեւմտահայերէնն է, որ աննիւթական ժառանգութիւն մըն է, եւ ատոր համար թշնամին չէր կրցած զայն խլել մեր ձեռքէն»:

Ան ըսաւ, թէ արեւմտահայերէնը շարունակական ընկրկումի ընթացքի մէջ է, բայց տակաւին կը գոյատեւէ եւ իր բոլոր զէնքերը վար չէ դրած, որովհետեւ արեւմտահայերէնը գործածութեան որոշ ծիր մը ունի: Ապա զեկուցաբերը ճշդեց արեւմտահայերէնի գործածութեան դաշտերը` արեւմտահայերէնը խօսակցական լեզու է Միջին Արեւելքի տարածքին, ան խօսակցական լեզու է տուներուն մէջ, մասնաւորաբար եթէ տան հայրն ու մայրը հայ են, արեւմտահայերէնը խօսակցական լեզու է մեր դպրոցներուն, ակումբներուն, եկեղեցիներուն մէջ, արեւմտահայերէնը ալիքներու ճամբով մեր ականջին հասնող ազդու միջոց է, արեւմտահայերէնը ուսման լեզու է մեր դպրոցներուն եւ հայագիտական կարգ մը հիմնարկներու մէջ:  Արեւմտահայերէնը նաեւ մամուլի եւ համացանցային գրաւոր արդի արտայայտչամիջոցներու լեզուն է: Արեւմտահայերէնը գրականութեան լեզու է: Այս բոլորով հանդերձ, արեւմտահայերէնը ներկայիս կը կաղայ, անոր ուսուցումը չ՛արդիւնաւորուիր բաղձալի մակարդակով:

Լեւոն Շառոյեան ըսաւ. «Արեւմտահայերէնի գլխաւոր պահակները դպրոցներն ու այդ դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարող հայերէնի ուսուցիչներն են: Առանց արեւմտահայ դպրոցի չկայ արեւմտահայերէն: Մեր գաղութներու ղեկավարները բաւական հեռատես անձեր եղած են 1920-ական թուականներուն, անոնք հասկցած են, որ առանց հայ վարժարանի գոյութիւն պիտի չունենայ հայը, եւ այդ պատճառով ալ դպրոցներ կառուցած եւ հիմնած են: Բոլոր դպրոցներն ալ կը տառապին հայերէնի հմուտ, նուիրեալ եւ խանդավառ ուսուցիչներու պակասէն: Այս ուսուցիչները պէտք է պատրաստուին ուսուցչանոցի մը կամ հայագիտական հիմնարկի մը մէջ: Վերջին տարիներուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը հաստատեց հայագիտական դասընթացք մը, եւ անոր կողքին կայ նաեւ «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական հիմնարկը, որոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն, կայ նաեւ Հալէպի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկը, որ կը գործէ 22 տարիէ ի վեր»:

Ան անդրադարձաւ արեւմտահայերէնի երկրորդ պահակախումբին, որ հայ մամուլն է եւ անոր շուրջ համախմբուած մտաւորականութիւնը: Առանց հայերէն թերթի գաղութները կը գունաթափին: Բայց այսօր սփիւռքահայ մամուլի մեծամասնութիւնը կ՛ապրի խարխափումի շրջան մը: Պէտք է մամուլը խստապահանջ գտնուի իր նկատմամբ: Գաղութային թերթերը լրջօրէն եւ անյապաղ քայլեր պէտք է առնեն խմբագիրներու եւ լրագրողներու վերաորակաւորման յատուկ դասընթացքներ հաստատելու համար: Իսկ վերջին պահակախումբը արեւմտահայերէնի մեր գրողներն են: Սփիւռքահայ պատմութիւնը կ՛ապրի իր բովանդակ պատմութեան ամէնէն տկար եւ թոյլ շրջանը: Կեանքէն հեռացած գրողներուն աթոռները մնացած են թափուր: Հոս -հոն հրատարակուած քանի մը բանաստեղծական վտիտ հատորներ չեն կրնար փրկութեան լաստ մը ըլլալ արեւմտահայերէնի համար: Շառոյեան ըսաւ, թէ այս տխուր պատկերը զգաստութեան պէտք է մղէ մեզ, այս հարցերը քննարկումի առարկայ պէտք է դառնան մեր մշակութային, եկեղեցական, կուսակցական կազմակերպութիւններու վարիչներուն կողմէ, որովհետեւ լեզուն մշակոյթի մայր երակն է: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Այս բոլոր ընկրկումները պէտք չէ մեզ յուսալքութեան առաջնորդեն, յոռետեսութիւն պատճառող բազմաթիւ երեւոյթներու կողքին երբեմն ալ ականատես կ՛ըլլանք խանդավառող եւ հրաշալի իրագործումներու. ուստի գտնենք միջոցներ արեւմտահայերէնը վերակենդանացնելու եւ արիւն ներարկենք անոր»:

Աւարտին ներկաները իրենց տեսակէտները եւ միտքերը արտայայտեցին նիւթին կապակցութեամբ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Երկրաշարժին 30-Ամեակին Առիթով. Զաքար Քէշիշեան Դասախօսութեամբ Մը Հանդէս Եկաւ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Կեդրոնի «Թնճուկեան» Սրահին Մէջ

Յաջորդը

Ակնարկ. Թէ Ինչո՞ւ Հայկական Կողմը Յղում Պէտք Է Կատարէ Վիեննային

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 13, 2025
Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը  Այցելեց Անթիլիաս
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Այցելեց Անթիլիաս

Մայիս 13, 2025

Comments 1

  1. Խ. Տ. Ղ. says:
    6 years ago

    Պէտք չէ անտեսել ընկերային ցանցերը որոնք Արևմտահայերէնի գործածութեան և զարգացման իւրայատուկ միջավայր կրնան ըլլալ։ Միայն թէ անոնց ե՜ւ ուսումնասիրութեան, ե՜ւ վերլուծումի, ե՜ւ արժևորումի, ե՜ւ արդիւնաւէտ օգտագործման մեթոտաբանութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Հոն անհրաժեշտ է որ հայագիտութիւնը արդիականանայ դիմելով Data Scientist֊ներու և անոնց ճանաչողութիւնը ներառէ գիտաուսումնասիրական թէ ուսուցման իր ծրագիրներուն մէջ։

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?