Մ. Պ.
Կազմակերպութեամբ «Քոմիւնիթի նոլէյճ էքսչէյնճ/Քարոլտ» հաստատութեան, ուրբաթ, 22 նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Արփի Համալեան» հիմնադրամին բացումը` Քոնքորտիա համալսարանին մէջ, Քանատա:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հաստատութեան վարչական տնօրէն Ռոզ Լինը, որ կառոյցի առաքելութեան մասին հակիրճ բացատրական մը տալէ ետք անդրադարձաւ այն լայնածաւալ աշխատանքին, զոր փրոֆ. Արփի Համալեանը տարած է չափահասներու ուսման եւ քաղաքային ընկերային ծիրին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ «Արփի Համալեան» հիմնադրամը նեցուկ պիտի կանգնի անոնց, որոնց փորձառութիւնները արհամարհուած են, ինչպէս նաեւ առիթը պիտի ընծայէ լսելի դարձնելու իրենց ձայնը:
Լի ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք փակեց իր խօսքը` ըսելով, որ օրուան արարողութիւնը փրոֆ. Համալեանի տարիներու գործունէութիւնը տօնելու առիթ մըն է:
Ապա Քոնքորտիա համալսարանի երէց պատասխանատուներէն Վիքի Պոլտոնը իր անձնական փորձառութենէն մեկնած` նշեց, որ կարեւոր է գաղթականները չնոյնացնելու գաղափարը, ինչպէս նաեւ` բազմազանութիւնն ու այլազանութիւնը յարգելն ու փառաբանելը: Ան ըսաւ, որ ինք` իբրեւ կին, մայր եւ մեծ մայր, կը խոնարհի փրոֆ. Համալեանի նուիրուածութեան դիմաց. ապա անոր տուաւ սագի փետուր մը: «Էգ սագը թէ՛ ղեկավար է, թէ՛ մայր է: Սագը ոչ ոք կ՛անտեսէ, ընդհակառակը, կը ստուգէ, որ իւրաքանչիւրը հասնի իր դիրքին», շեշտեց Պոլտոնը: Ան աւելցուց, որ իր մեծ մօրմէ ժառանգած իր նախնիներուն սովորութիւններն ու մշակոյթը զինք ամրապնդած են եւ ամրացուցած` իր արմատները: Ապա իր թմբուկով կիներու եւ փոքրիկներու նուիրուած երգ մը նուիրեց փրոֆ. Համալեանին:
«Քոմիւնիթի նոլէյճ էքսչէյնճ/Քարոլտ» հաստատութեան վարչութիւնը Պոլտոնի յանձնեց նիւթական օժանդակութիւն մը, զոր ան, իր կարգին, Մոնրէալի Նախնական աշակերտութեան կեդրոնին պիտի փոխանցէ:
Հանդէս եկաւ նաեւ հաստատութեան վարչական անդամներէն Քելսի Սփիծ-Տիյեթրիչը` արտասանելու համար իր սրտին խօսքը: Տիյեթրիչ նշեց, որ փրոֆ. Համալեանի նուիրեալ գործունէութենէն դաս մը պէտք է սորվինք, ինչպէս նաեւ անոր արդար եւ սիրով լի ղեկավարութեան արժանիքները կտակուին եկող սերունդներուն: Ալեքսանտր Տայրեքսընը նաեւ իր կարգին ներկաներուն վստահեցուց, որ ինք եւ իր գործընկերները` իբրեւ հաստատութեան վարչականներ, ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն փրոֆ. Համալեանի սկզբունքներն ու արժանիքները վառ պահելու` սոյն հիմնադրամին միջոցով:
Ապա փրոֆ. Համալեանը արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան նախ եւ առաջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հաստատութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք մաս կազմեցին օրուան գեղեցիկ անակնկալի կազմակերպման: Համալեան նաեւ ակնարկեց Քոնքորտիա համալսարանի ընդունակ միջավայրին, որուն նաեւ ականատես է իր նախկին գործընկեր եւ Քարոլտ հաստատութեան նախկին նախագահ Միքայէլ Քուքը: Ան ընդգծեց հաստատուն յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, որոնք, ըստ Համալեանին, ընկերութիւններու յաջողութեան հիմնական բանալիներէն մէկն են: Համալեանը նաեւ աւելցուց, որ ինք զգացուած է` տեսնելով երեք տարբեր սերունդներու ներկայութիւնը ձեռնարկին եւ իր խօսքը եզրակացուց երախտագիտութեան լաւագոյն մաղթանքներով:
Բաժնեկցինք նաեւ քանի մը վկայութիւններ, որոնք այդ հանդէսը առաւել կը ջերմացնէին: Քոնքորտիայի ուսանողներէն Անտրիւ Ուտըլը, փրոֆ. Համալեանի աշակերտներուն հանդէպ յանձնառութիւնը բարձր գնահատեց, ինչպէս նաեւ ան ողջունեց փրոֆ. Համալեանի աշակերտներուն միջեւ միասնակամութիւն քարոզող գաղափարը: Իսկ փրոֆ. Եոսրա Տալին ըսաւ, որ ան աշակերտած է փրոֆ. Համալեանին եւ այժմ ինք իբրեւ փրոֆ. կը փորձէ Համալեանէն սորված արժանիքներէն` գուրգուրանքով մշակել իր դասաւանդման ծրագիրները:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ թէ՛ աշակերտած, թէ՛ աշխատած է փրոֆ. Համալեանին հետ, շեշտեց, որ Համալեանը եզակի երեւոյթ է: Ան վկայեց, որ փրոֆ. Համալեանը միշտ քաջալերած է հայ երիտասարդութիւնը ո՛չ միայն հայկական, այլ տարբեր շրջանակներու մէջ եւս: Տէր Խաչատուրեանը շեշտեց, որ փրոֆ. Համալեանը առաջին հայ գաղթական կիներէն եղած է, որ վարած է Քոնքորտիայի ուսումնական բաժանմունքի նախագահի պաշտօնը:
——————–
Արփի Համալեանը ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Ապա տեղափոխուած է Պէյրութ եւ նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ս. Նշան վարժարանին մէջ, ապա հետեւած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ընկերային եւ մարդկային գիտութիւններու ուսմանց: 1973-ին տիրացած է իր մասնագիտութեան մագիստրոսականին: 1947-էն ի վեր կը դասաւանդէ Քոնքորտիա համալսարանի կրթութեան բաժանմունքին մէջ (Education), ինչպէս նաեւ վարած է տարբեր կրթական եւ ընկերային հաստատութիւններու մէջ` իբրեւ նախագահ:
Պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով ու յուշագիրներով: