Ազգային Ընդհանուր Ժողովի
Ա. Նիստ
Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին Անթիլիասի կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ գումարուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի Ա. նիստը:
Տէրունական աղօթքով ժողովին բացումը կատարեց վեհափառ հայրապետը:
Ժողովականներու միաձայնութեամբ, առժամեայ դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ երիցագոյն պատգամաւոր Յակոբ Տէր Մելքոնեանը, քարտուղար` Գաբրիէլ Սուլթանեանը:
Առժամեայ դիւանը կատարեց լիազօրագրերու ստուգումը: Ներկայ էին` Լիբանանի, Բերիոյ, Կիպրոսի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Յունաստանի թեմերէն 35 պատգամաւորներ (5-ը եկեղեցական, 30-ը աշխարհական): Գոյացած մեծամասնութեամբ, ժողովը նկատուեցաւ օրինական:
Կամքէ անկախ պատճառներով ժողովէն կը բացակայէին Թեհրանի, Ատրպատականի եւ Իրանա-Հնդկաստանի թեմերու եկեղեցական եւ աշխարհական պատգամաւորները: Բացակայ թեմերու առաջնորդներուն ստորագրութեամբ ուղարկուած էին հեռագիրներ: Կը յայտնէին շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մայր դիւանի ընտրութիւն: Գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրուեցան`
Ա. Ատենապետ` Վահէ Սէթեան
Բ. Ատենապետ` Եդուարդ Սահակեան
Ա. Ատենադպիր` տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան
Բ. Ատենադպիր` Յակոբ Սարաֆեան
Ա. Ատենապետ Վահէ Սէթեանը մայր դիւանին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ժողովականներուն` իրենց տրուած վստահութեան համար, Խորէն Ա. կաթողիկոս կարդաց բացման ճառը: Վեհափառ հօր ընդարձակ եւ բովանդակալից ճառը յոտնկայս ծափահարուեցաւ ժողովական պատգամաւորներուն կողմէ: (Ճառը ամբողջութեամբ պիտի տանք մեր յաջորդական թիւերով):
Ժողովականներու պաշտօնավարութեան շրջանի վիճակով ճշդումը կատարուելէ ետք, ժամը 5:30-ին կէս ժամուան դադար մը տրուեցաւ:
Ժամը 6:00-ին ժողովը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն:
Կարդացուեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովոյ տեղեկագիրը: Կարդաց` Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի քարտուղար Գարեգին եպս. Սարգիսեանը:
Ընդարձակ եւ մանրամասն տեղեկագիրը, իր զանազան բաժանմունքներով, մեծապէս գնահատուեցաւ ժողովականներուն կողմէ: Արդարեւ, յոյժ գնահատելի աշխատանք տարած էր Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովը:
Ժողովականները լայնօրէն արտայայտուեցան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման, կրօնական դաստիարակութեան, աղանդներու դէմ պայքարի եւ, մանաւանդ, զարգացեալ քահանաներու անհրաժեշտութեան եւ պատրաստութեան հրամայական պահանջներուն շուրջ:
Ա. նիստը փակուեցաւ ժամը 9:20-ին:
Պաղտատ
Երգի Եւ Պարի Ելոյթներ
Պաղտատի Հայ Ե. Ե. միութեան երգի եւ պարի ելոյթները տեղի ունեցան 16, 17, 18, 20 եւ 21 հոկտեմբերին, «Ալ Խուլտ» սրահին մէջ: Ներկայ եղան չորս հազար հայ եւ օտար հանդիսականներ:
Իւրաքանչիւր ելոյթ տեւեց երկուքուկէս ժամ:
Յայտագիրը կը բաղկանար երկու մասէ.
Ա. մաս.- «Մարշ պար», «Դաշոյններու պար», «Աղջիկներու պար», զուգերգ` «Մարտիկին երգը», կատարեցին Յովիկ Գրիգորեանը եւ Արծրունի Սայաթեանը, «Սրինգի պար», «Զոյգ պար», «Զանազանութիւններ քրտական պարի մը», «Ընտրութիւն» (միմիք պար), եւ ամէնէն յաջողն ու ամէնէն ճոխը` «Ռուսական պար», պատրաստութիւն` պարուսոյց Վարդան Մալաքեանի:
Բ. մաս.- «Ճօճան պար», «Պարի դաս մը» (միմիք պար), «Արաբական պար», մեներգ` «Գոզալս խռով է», կատարեց Ար. Տէր Պօղոսեանը, «Ժողովրդական պար», մեներգ` «Սիրոյ երգ», կատարեց` Արծրունի Սայաթեանը, «Մոլտաւական պար», մեներգ` «Տուր սրինգը» (արաբերէն), կատարեց Սեդա Յակոբեանը (Պասրայէն), «Քանաքեռ», զուգերգ` «Հարսն ու կեսուրը», կատարեց Ա. Տէր Պօղոսեանը եւ Պ. Եսայեանը եւ անանուն, հաւաքածոյ ու ճոխ «Վերջին պար», պատրաստութիւն` Յակոբ Մալխասեանի եւ Վարդան Մալաքեանի:
Պարախումբը կը բաղկանար 36 հոգիէ (20 տղայ, 16 աղջիկ):
Լաւագոյն մենապարողները եղան Սիրան Առաքելեանը եւ Վարդան Մալաքեանը:
Միմիք պարերը պատրաստած էր գեղարուեստի ընդհանուր պատասխանատու Տիգրան Գասապեանը: Պարախումբի ղեկավար Յակոբ Մալխասեանը պատրաստած էր ինը պար: Պարախումբի փոխ ղեկավար Վարդան Մալաքեանը պատրաստած էր հինգ պար: Գեղարուեստի փոխ ղեկավար եւ տարազներու պատասխանատուն էր Խաժակ Մարաշլեանը: Նուագախումբին ղեկավարն էր Արմէն Մարգարեանը:
Հագուստները գունագեղ եւ գրաւիչ էին:
Այս ճոխ յայտագիրը կարելի եղաւ իրագործել չորս ամսուան յոգնեցուցիչ աշխատանքներէ ետք: Բոլոր ելոյթներն ալ անցան մեծ յաջողութեամբ եւ գնահատուեցան:
Իւրաքանչիւր ելոյթին ներկայ եղող հանդիսականները շատ գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն:
Ռ. Ս.
Պաղտատ