Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Հոկտեմբեր 1968)

Հոկտեմբեր 29, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուիլիըմ Սարոյեանի Այցելութիւնը
«
Ասպարէզ»-ի Խմբագրատուն 

Աշխարհահռչակ գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեան հոկտեմբեր 12-ին այցելած է Ֆրեզնոյի մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ի խմբագրատունը եւ ջերմ հանդիպում ունեցած է խմբագիրին եւ ներկաներուն հետ:

Ուիլիըմ Սարոյեան իր մանկութիւնը անցուցած է Ֆրեզնոյի մէջ, եղած է լրագրավաճառ` իր պատանի տարիքին եւ լայն շփումներ ունեցած է Ֆրեզնոյի հայ համայնքին հետ: Ճանչցած է խմբագիրներն ու գործիչները:

– Այս տարի «Ասպարէզ»-ի 60-ամեակն է (1908-1968),- ըսած է խմբագիրը:

Սարոյեան հետաքրքրուած է հիմնադիրներով: Խմբագիրը թուած է եօթը հիմնադիրներու անունները` Աբրահամ Սէքլէմեան, Յովհաննէս Գապատայեան, Ասլան Ասլանեան, Աւետիս Թիւֆէնկճեան, Պետրոս եւ Լեւոն Յակոբեան եղբայրներ եւ Արփաքսատ Սեդրակեան, որ միակ վերապրողն է եւ որուն լաւ կը ճանչնայ Սարոյեան:

– Օ՜, Սակը (Արփաքսատի կրճատուած անունը), հիմնադիր, խմբագի՞ր ալ եղած է,- բացագանչած է Սարոյեան: Ապա ըսած է.

– Իսկական խմբագրատուն է, ահա` նկարը Աւետիս Ահարոնեանի, այս թերթերը եւ գիրքերը, կը ճանչնամ հիմնադիրները:

Խմբագիրը Սարոյեանին նուիրած է «Ասպարէզ»-ի 50-ամեակին բացառիկ մեծ հատորը, որուն նիւթերն ու նկարները հետաքրքրութեամբ դիտած է, ապա խնդրած է, որ խմբագիրն իր ձեռքով եւ ստորագրութեամբ նուէր գրէ բացառիկին վրայ:

Սարոյեանի նուիրուած է նաեւ Ս. Ադամեանի «Արմենիըն Քմիւնիթի» անգլերէն հատորը:

Այնուհետեւ այցելած է նաեւ «Ասպարէզ»-ի տպարանը եւ ակումբը, հետաքրքրուած է յեղափոխական-գործիչներու նկարներով:

Ուիլիըմ Սարոյեան իր վերջին գիրքը նուիրած էր մեծատաղանդ հրապարակագիր ընկ. Ռուբէն Դարբինեանին, որ խրախուսած էր Սարոյեանը գրական ասպարէզին մէջ: Գիրքը լոյս տեսած էր- դժբախտ զուգադիպութեամբ մը, Դարբինեանի մահուան օրերուն:

Ազգագրական Տուեալներ

Շահեկան տուեալներ կը պարունակէ ՄԱԿ-ի կողմէ վերջերս հրապարակ հանուած է Ազգագրական տարեգիրքը (1968):

Համաձայն վիճակագրութիւններու, 1967-ի կիսուն աշխարհի բնակչութեան թիւը եղած է երեք միլիառ 420 միլիոն եւ, եթէ աճի ներկայ թափը շարունակուի նոյն ձեւով, այդ թիւը պիտի կրկնապատկուի 2006-ին:

Իսլանտայի մէջ ծնած աղջիկ մը մեծ հաւանականութիւն ունի ապրելու երկար կեանք մը (76 տարի), մինչդեռ Վերին Վոլթա ծնած մէկը` նուազագոյն կեանքը, այսինքն 31,1 տարի:

Ամուսնացած այրերն ու կիները ամէն տեղ, բաղդատմամբ ամուրիներուն, ամուսնալուծուածներուն կամ այրիներուն, աւելի երկար կ՛ապրին:

Զարգացած երկիրներու մէջ մահերուն մեծ մասը առաջ կու գայ խլիրդէն եւ սրտի հիւանդութենէն:

Տեղեկագիրը ցոյց կու տայ, որ աշխարհի բնակչութեան թիւը արձանագրած է 65 միլիոնի յաւելում մը` 1966-ի կէսէն մինչեւ 1967-ի կէսը: Կը նշանակէ, թէ վերջին հաշուով 180 հազար ծնունդ կ՛արձանագրուի իւրաքանչիւր օր:

Աշխարհի բնակչութեան երեք չորրորդը կը բնակի այսպէս կոչուած թերաճ շրջաններու մէջ: Մեր մոլորակի վրայ ապրողներուն կէսը կը գտնուի Ասիա: Միայն Չինաստանի մէջ կ՛ապրին 720 միլիոն անձեր: Այս երկրին ծնունդներու աճին տոկոսն է տարին 1.4 առ հարիւր, որ, ի դէպ, ամէնէն բարձրը չէ աշխարհի մէջ:

Բնակչութեան աճի տոկոսը, համաձայն 1963-1967-ի ժամանակաշրջանի տուեալներուն, հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ:

Ափրիկէ 2,5 առ հարիւր, Ասիա` երկու,  Եւրոպա` 0,8, Լատին Ամերիկա` 2,9, Հիւսիսային Ամերիկա` 1,3, Խորհրդային Միութիւն` 1,20, իսկ Կեդրոնական Ամերիկա ամէնէն բարձրը` 3,5 առ հարիւր:

Մանուկներու մահուան տոկոսը ամէնուրեք կը նուազի: Ամէնէն նուազը Շուէտի մէջ է (հազար ծնունդներու վրայ 12,6 մանուկ կը մեռնի): Ամէնէն բարձր տոկոսը, որ կարգ մը թերաճ երկիրներու մէջ կ՛արձանագրուի` հազարի վրայ 150 է:

Երկարակեցութեան բարձրագոյն տոկոսը Իսլանտայի մէջ է (կնոջ մը համար 76 տարի): Նախապէս Նորվեկիայի մէջ էր: Այս վերջինը Հոլանտայի, Շուէտի, Ֆրանսայի եւ Ուքրանիոյ հետ կը գրաւէ երկրորդ տեղը: Այժմ 38 երկիրներու կեանքի միջին տեւողութիւնը 70 է կամ աւելի: Տեղեկագիրը կ՛ըսէ, թէ ընդհանրապէս կիները այրերէն աւելի երկար կ՛ապրին:

Թ. Ա. Թ.

Հայաստան

Ստեփանակերտը Օր
Ըստ Օրէ Կը Մեծնայ

Լեռնային Ղարաբաղի շրջանային կեդրոն Ստեփանակերտի ընդհանուր քաղաքաշինութեան համար, կառավարութիւնը նոր յատակագիծ մը որդեգրեց,- կը գրէ ԹԱՍՍ-ի թղթակիցը` Պաքուէն: Ըստ այս նախագիծին, Ստեփանակերտի տուներուն բնակելի տարածութիւնը պիտի եռապատկուի, քսան տարուան ընթացքին: Քաղաքին մէջ, որուն տուները մեծ մասամբ քառայարկ են, ութ եւ տասը յարկանի բազմաթիւ տուներ պիտի կառուցուին: Պիտի շինուին նաեւ 15.000 հոգինոց մարզական աւան մը, մարմնամարզանքի պալատ մը, նոր ակումբներ, սինեմայի սրահներ, դպրոցներ, ճաշարաններ ու վաճառատուներ: Քաղաքին հիւսիսային թաղամասին մէջ պիտի հաստատուի արուեստական լիճ մը, որ զբօսավայրի գօտի մը պիտի ունենայ: Ստեփանակերտի պարտէզներուն եւ այգիներուն տարածութիւնը պիտի աւելնայ, թէեւ արդէն կանաչազարդ քաղաք մըն է ան:

Ստեփանակերտի բնակչութեան թիւը 30.000 է ներկայիս, պիտի կրկնապատկուի այս քսան տարիներուն: Փոխադրական միջոցներու ցանցը եւ արդիւնաբերութիւնը արդէն կը զարգանան քաղաքին մէջ: Յեղափոխութենէն առաջ արդիւնաբերութիւն չունէր Ղարաբաղը: Իսկ այժմ 44 ձեռնարկութիւն ունի:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հոկտեմբերի Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առիթով. Իտալահայ Գաղթօճախի Եւ Հայ Տպագրութեան Անցեալին Կարճ Ակնարկ Մը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?