Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, կիրակի, 27 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական պարի փառատօն` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Քնար» պարախումբի վարչութեան անդամ Դալար Սալխանեանը, որ նշեց, թէ աւանդութիւն դարձած այդ ձեռնարկը կը կազմակերպուի իւրաքանչիւր տարի, համազգայինի կոչումին եւ առաքելութեան համաձայն` պահել, զարգացնել եւ տարածել հայ մշակոյթը:
Ան յայտնեց նաեւ, որ հայ պարը միշտ եղած է հայ ժողովուրդի կենցաղին եւ նկարագրին դրսեւորումը:
Ապա ընթացք առաւ ելոյթը, առաջին հերթին բեմ բարձրացաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի պարախումբը, որ պարեց Անուշ եւ Ինկայի «Հայ, հայ» երգին կշռոյթով, որմէ ետք Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «Փափուրի» պարը: Իսկ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները պարեցին «Հայաստան, Արցախ, սփիւռք» երգի կշռոյթներով: Վահան Թէքէեան վարժարանի պարախումբի աշակերտները ներկայացուցին պար մը` դդմաճազի մեղեդիի կշռոյթներուն ուղեկցութեամբ: Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտները պարեցին «Հայ ենք մենք» երգին երաժշտութեամբ, որմէ ետք դարձեալ բեմ բարձրացան Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտները ու ներկայացուցին «Վասպուրական» պարը, ապա Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները պարեցին ռուսական «Քազաչոք»-ը, իսկ Շամլեանի աշակերտները պարեցին արեւելեան պար մը: Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի պարախումբը պարեց արաբական պար մը, որմէ ետք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի պարախումբը ներկայացուց երկու պար` գնչուական եւ հայկական:
Աւարտին, այս փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած լիբանանահայ վարժարանները միասնաբար պարեցին Արա Գէորգեանի «Սարդարապատ» մեղեդիի կշռոյթով:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: