Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

19-29 Յուլիսին ՀՄԸՄ-ը Յատկանշական Նախաձեռնութիւններով Կը Նշէ Իր Փառապանծ 100-ամեակը

Մարտ 9, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը իր հիմնադրութեան 100-ամեակը կը նշէ տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ հանդիսութիւններով, որոնց մասին հանրային կարծիքը իրազեկ դարձնելու նպատակով հինգշաբթի, 8 մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ անդամներ Վաչէ Նաճարեանի ու Իշխան Եղիայեանի, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ մամլոյ ու լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներու: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ յայտարարուեցաւ, որ թուայնացման աշխատանքները որոշ փուլ թեւակոխած ու հասանելի դարձած են, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի իրերու առցանց վաճառքի կեդրոնը սկսած է գործել:

Գառնիկ Մկրտիչեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 19-29 յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք տարբեր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը վայելեն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութիւնը եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներու հովանաւորութիւնը եւ երկու հիմնական հանդիսութիւններու անոնց ներկայութիւնը:

100-ամեակի ձեռնարկները ընթացք պիտի առնեն Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ, Բիւրականի մէջ, 1100 սկաուտներու մասնակցութեամբ: Պատմական այս բանակումին ներկայ ըլլալու առիթ ու կարելիութիւն պիտի ունենան նաեւ այն բոլոր հայորդիները, որոնք այդ թուականներուն տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններու մասնակցելու նպատակով հայրենիք կը գտնուին: Նոյն օրը Բիւրականի մէջ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ 110 մասնաճիւղերու անունով բացումը պիտի կատարուի յուշաքանդակի մը, որ կրկնօրինակն է միութեան 90-ամեակին առիթով Տէր Զօրի մէջ տեղադրուած յուշաքանդակին:

20 յուլիսը պիտի ըլլայ խորհրդանշական օր մը, երբ 100-ամեայ միութեան դրօշակը պիտի ծածանի Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը անմահացնող եւ հայութեան պահանջատիրութեան հուրը վառ պահող Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուր նաեւ պիտի կատարուի ջահավառութիւն` Փարիզէն (ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն Գրիգոր Յակոբեանի գերեզմանէն), Պոլիսէն (ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն Յովհաննէս Հինդլեանի գերեզմանէն) եւ Անթիլիասէն (Նահատակաց մատուռ)` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, բոցավառած եւ հայրենիք հասած ջահերու միացումով: Անկէ ետք պիտի կատարուի ծառատնկում` միեւնոյն վայրերէն բերուած հողերու միախառնումով: ՀՄԸՄ-ի թանգարանին մէջ պահուած կարեւոր եւ պատմական իրեր այս առիթով պիտի տարուին Երեւան` Ցեղասպանութեան թանգարան, ուր այս տարուան ընթացքին մնայուն ցուցադրութեան պիտի դրուին անոնք:

Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ, թէ 21 յուլիսին բացումը պիտի կատարուի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կեդրոնի մուտքին զետեղուելիք հիմնադիրներու քանդակներուն: Անկէ ետք Երեւանի փողոցները պիտի թնդան մեծաթիւ սկաուտներու խրոխտ տողանցքով, որոնք իրենց աւարտին պիտի հասնին համախմբման կէտին մէջ` Հանրապետութեան հրապարակը, ուր պիտի կատարուի հանդիսաւոր արարողութիւն:

22 յուլիսին համայն ՀՄԸՄ-ականներ ննջեցեալներու եւ նահատակ միութենականներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Եռաբլուրի մէջ: Յաջորդ օրը յատուկ մարդատարներ այս նախաձեռնութիւններուն մասնակիցները պիտի փոխադրեն Գիւմրի, ուր հրապարակին շրջակայքը` եկեղեցւոյ կից, Հեղնար աղբիւրին կողքին, բացումը պիտի կատարուի Հայ մարմնակրթական շարժումի ամէնէն եռանդուն եւ նուիրեալ գործիչներէն, Գիւմրիի մէջ որբախնամութիւն կատարած եւ որբերէն սկաուտներ պատրաստած Վահան Չերազի արձանին:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը տեղեկացուց, որ 24 յուլիսին Օփերայի դահլիճին մէջ մեծ շուքով տեղի պիտի ունենայ 100-ամեակի հանրային պաշտօնական հանդիսութիւնը, իսկ 25 յուլիսին կառավարութեան շէնքին մէջ` գիտաժողով, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանէն եւ սփիւռքէն դասախօսներ ու մասնագէտներ: Յաջորդ օրը ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթերու գործածութեան մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ նախկին խմբապետներու հաւաք ու խարուկահանդէս` Բիւրականի մէջ: 28 յուլիսին Ծիծեռնակաբերդի մէջ դրօշակները վար պիտի առնուին` իբրեւ փակում միութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն, ՀՄԸՄ-ի դրօշակը պիտի յանձնուի թանգարան, իսկ Եռագոյնը պիտի տրուի ՀՄԸՄ-ին. նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի պաշտօնական փակումը, իսկ յաջորդ օրը «Փարաւոն» ճաշարանին մէջ հանրային փակման ճաշկերոյթ պիտի տրուի:

Ապա Վաչէ Նաճարեան ներկայացուց Բիւզանդ Թորիկեանի աշխատասիրած ՀՄԸՄ-ի պատմութեան 4 հատորներու, ինչպէս նաեւ սկաուտական տարբեր գիրքերու թուայնացման յատկացուած կայքերը` https://www.homenetmen.org/hy/history-of-homenetmen-book եւ https://www.homenetmen.org/hy/scout-books, ուրկէ կարելի է ներբեռնել զանոնք եւ փնտռտուք կատարել: Անկէ ետք Աւօ Մումջողլեան տեղեկութիւններ տուաւ ՀՄԸՄ-ի նուիրուած իրերուն յատուկ առցանց վաճառքի կեդրոնին (օնլայն սթոր), ուրկէ կարելի է գնումներ կատարել ո՛ւր ալ գտնուիս (http://homenetmen.store/ ):

Աւարտին ներկաները դիտեցին ու լսեցին ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած երգը, որուն բառերուն հեղինակն է Ներսեհ Լիպարեան, երաժշտական յօրինումը կատարած է Վահրամ Էմմիեան, իսկ մեկնաբանութիւնը` Գառնիկ Սարգիսեան (https://www.homenetmen.org/hy/centennial-anthem ):

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ներկայ Պիտի Գտնուի Վատիկանի Մէջ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Արձանի Զետեղման Արարողութեան

Յաջորդը

Տօնդ Շնորհաւոր, Հա՛յ Ուսուցիչ

RelatedPosts

Սալամ Էլիզէի Պալատին Մէջ Հանդիպում  Ունեցաւ Նախագահ Մաքրոնի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Էլիզէի Պալատին Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Նախագահ Մաքրոնի Հետ

Յուլիս 25, 2025
Բագրատունի. «Ապտալլա Պու Հապիպ`  Լիբանանեան Դիւանագիտութեան Օրինակը»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Ապտալլա Պու Հապիպ` Լիբանանեան Դիւանագիտութեան Օրինակը»

Յուլիս 25, 2025
Ռուսիա Եւ Ուքրանիա Աւարտեցին Զինուորներու  Դիակներու Փոխանակումը
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Եւ Ուքրանիա Աւարտեցին Զինուորներու Դիակներու Փոխանակումը

Յուլիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?