Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ը Կրթանպաստ Տրամադրեց 264 Աշակերտներու

Դեկտեմբեր 4, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 1 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ բազմաթիւ հայ ծնողներու ու աշակերտներու:

Հանդիպումը սկսաւ Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց Սիւզան Օհանեան:

Ապա օրուան պատգամը ուղղեց Յակոբ Հաւաթեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի կատարած բազմաճիւղ եւ նուիրական գործունէութիւնը, որուն մէջ անպայման իրենց բաժինը ունին կրթական մարզը, հայ աշակերտն ու դպրոցը, որովհետեւ մեր ազգային կեանքին մէջ գործող միութիւնները կը հաւատան, որ հայ դպրոցն ու հայեցի դաստիարակութիւնը առանցքային են մեր գոյերթին մէջ, իսկ ԼՕԽ-ի այս նախաձեռնութիւնը անգամ մը եւս շեշտը կը դնէ այս իրականութեան վրայ:  Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ աշակերտին հիմնական պատասխանատուն ծնողքն է, բայց եւ այնպէս, մանաւանդ ներկայիս, հայ դպրոցը ծնողական պարտականութիւն ալ կը կատարէ, գուրգուրանք կը փոխանցէ, հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ: Յ. Հաւաթեան հերոսութիւն նկատեց հայկական դպրոց պահելը` դիտել տալով, որ անիկա կանգուն կը մնայ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հովանաւորութեամբ եւ նեցուկով` շեշտելով, որ այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենալ հայ դպրոցին եւ անոր գոյատեւման ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն:

Յակոբ Հաւաթեան հաստատեց, որ տարուած աշխատանքին դիմաց ոչ մէկ ակնկալութիւն կայ անշուշտ, բայց եւ այնպէս երախտագիտութիւնը գնահատելի եւ գոհացնող երեւոյթ է, մանաւանդ որ մեր դաստիարակութեան առանցքն է անիկա, մեր գոյութեան արժէքային համակարգի երաշխիքը: Ան կոչ ուղղեց` նեցուկ կանգնելու մեր միութիւններուն եւ հաստատեց, որ միայն նիւթականով չէ, որ կ’ըլլայ զօրակցութիւնը, այլ նաեւ հաւաքական աշխատանքին մասնակից դառնալով, այս պարագային` ԼՕԽ-ին մաս կազմելով, անոր ծրագիրներուն յաջողութեան համար կամաւորաբար գործելով եւ ստանալով հոգեկան բաւարարութիւն:

Իր խօսքին մէջ Յակոբ Հաւաթեան ծնողները հրաւիրեց իրենց առաջնահերթութիւնները ճշդելու եւ ըստ այնմ կազմակերպելու իրենց կեանքը, որովհետեւ ներկայիս մեր ընկերութեան մէջ ուշագրաւ դարձած են արժէքներու նահանջը, երեւութապաշտութեան գերակայութիւնը, կարեւորը անկարեւորէն տարբերելու գիտակցութեան պակասը: Ան դիտել տուաւ, որ ծնողները իրենց կարելին պէտք է ընեն, որպէսզի իրենց զաւակներն ու անոնց կրթութիւնը միշտ մնան առաջնահերթ, անոնք իրենց ընկերներէն տարբեր չզգան, ծնողները պէտք է ըլլան զգաստ ու զգօն` իրենց զաւակները տարբեր փորձութիւններէ հեռու պահելու համար:

Իր խօսքի աւարտին ան բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը, որ սերունդներու գոյատեւումը երաշխաւորող աշխատանք է, եւ իր ու ծնողներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց քուլիսներու ետին նուիրական եւ մեծ աշխատանք տանող իւրաքանչիւր անհատի, որուն ներդրումին շնորհիւ այսօր լիբանանահայութիւնը կանգուն կը մնայ եւ անոր երթը կը շարունակուի:

Գեղարուեստական բաժինով քանոնի վրայ նուագեց Սալբի Քէօշկերեան, իսկ երկու երգեր մեկնաբանեց Նաթալի Տեկիրմենճեան:

Ձեռնարկի աւարտին Սիւզի Օհանեան ծնողներուն եւ ներկաներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որ իրեն դիմած ոչ մէկ աշակերտի մերժած էր:

Հանդիպումի աւարտին ծնողները ստացան իրենց զաւակներուն տրամադրուած կրթանպաստի կտրօնները:

 

 

Նախորդը

Կեանքէն Հեռացած Է Թատերական Գործիչ Ժալալ Խուրի

Յաջորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 135. «Քրտական Գործօնը` Շրջանի Նորագոյն Իրադարձութիւններուն Լոյսին Տակ» Նիւթով Դասախօսութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?