Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողով

November 23, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս հաղորդած էինք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ տարի համահայկական համաժողովով պիտի նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը։

100-ամեակի համաժողովի կազմակերպման յանձնախումբը իր նիստը գումարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ, 20 նոյեմբեր 2017-ին։ Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Կը մասնակցէին Համաժողովի նախապատրաստութեան յանձնախումբի անդամներ՝ Երուանդ Փամպուքեան (Լիբանան), փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան (Հայաստան), Շահան Գանտահարեան (Լիբանան), Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Արժանթին) եւ Խաչիկ Տէտէեան (Լիբանան)։

Ժողովին որոշուեցան Համաժողովի ընդհանուր թեման, զեկուցումներու եւ քննարկումներու ընդհանուր ուղղութիւնները եւ հրաւիրեալներու անուանացանկը։ Համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններէն պետական դէմքեր, ակադեմականներ եւ հասարակական գործիչներ։

Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ տեղի ունենալիք Համաժողովը պիտի վարեն նախագահներ՝ փրոֆ. Րիչըրտ Յովհաննէսեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեան։ Քննարկման օրակարգի նիւթերը կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան պատմաքաղաքական, պետա-իրաւական, արտաքին քաղաքականութեան, իրաւապայմանագրային ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ խորհրդայնացման պայմաններուն եւ անկախութենէ վերանկախացում ժամանակահատուածի հայրենական եւ սփիւռքեան իրադարձութիւններուն։

Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 21-23 մարտ, 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

 

Նախորդը

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց իր աշխատութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.