Խըրխըզիստանի խորհրդարանը երէկ երրորդ եւ վերջնական ընթերցումով որդեգրած է եւրասիական տնտեսական համարկման պայմաններուն մէջ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման մասին Ղազախստանի հետ համաձայնագիրի ջնջման մասին օրէնքի նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:
Համաձայնագիրը ջնջուած է Պիշքեքի եւ Ասթանայի միջեւ դիւանագիտական գայթակղութեան լոյսին տակ, որ տեղի ունեցած է Խըրխըզիստանի մէջ հոկտեմբերին կատարուած նախագահական ընտրութիւններէն առաջ: Խըրխըզիստանի նորընտիր նախագահ Սոորանպայ Ժէենպեքով չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ Ղազախստանի հետ խնդիրները շուտով պիտի լուծուին:
Խըրխըզիստանի եւ Ղազախստանի կառավարութիւնները համաձայնագիրը կնքած էին 2016 թուականին: Համաձայնութիւնը կը նախատեսէ Խըրխըզիստանին Ղազախստանի կողմէ 100 միլիոն տոլարի օգնութեան տրամադրում` «Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Խըրխըզիստանի Հանրապետութեան համարկման հոլովոյթներուն նպաստելու նպատակով»: Համաձայնագիրի ջնջման մասին օրէնքի նախագիծը ուղարկուած էր կառավարութեան 20 հոկտեմբերին երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական գայթակղութենէն ետք:
«Այս տարուան օգոստոսին կողմերուն միջեւ ստորագրուած է Խըրխըզիստանի Հանրապետութեան 41 միլիոն տոլարի չափով թեքնիք աջակցութեան միջոցառումներու մանրամասն ցանկը, հետագային կը նախատեսուէր, որ օգնութիւնը պիտի տրամադրուի` հետագայ ֆինանսաւորման համար համաձայնեցուած պիւտճէներուն համաձայն», նշած է ան: Սակայն որովհետեւ «մինչեւ հիմա տուեալ օգնութիւնը չէ տրամադրուած խըրխըզական կողմին», խորհրդարանը որոշած է խզել համաձայնագիրը` վկայակոչելով Վիեննայի ուխտին յօդուածները:
Խըրխըզիստանի եւ Ղազախստանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած են Խըրխըզիստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին, երբ տեղի ունեցած էր դիւանագիտական գայթակղութիւն` ընդդիմութենէն Խըրխըզիստանի նախագահի թեկնածու Օմուրպեք Պապանովի հետ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հանդիպումին պատճառով: Նախկին նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւ յայտարարած էր, որ այդպիսով Ղազախստան կը միջամտէ Խըրխըզիստանի ներքին գործերուն:
Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ Խըրխըզիստանի եւ Ղազախստանի սահմանին կացութիւնը սրուած է 10 հոկտեմբերին, երբ Ղազախստանի իշխանութիւնները ուժեղացուցած են անցակէտերուն վրայ հսկողութիւնը: Այս պատճառով ալ Խըրխըզիստանի կողմը կուտակուած են մեծ թիւով մարդիկ եւ բեռնատարներ: