Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դիտարկումի յանձնախումբի Հայաստանի վերաբերեալ համազեկուցողներ Ալան Միլը եւ Ճուզեփփէ Կալաթինը:
Ողջունելով հիւրերը` հանրապետութեան նախագահը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն կարեւոր նկատած է ԵԽԽՎ դիտարկումի հոլովոյթը եւ ընդգծած, որ Եւրոպական խորհուրդին հետ համագործակցութիւնը, որուն շնորհիւ վերջին տարիներուն բաւական յառաջընթաց արձանագրուած է մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան մարզերուն մէջ, կը բխի Հայաստանի շահերէն: Նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանը եւս իր դրական նպաստը բերած է համաեւրոպական այդ կարեւոր կառոյցի զարգացման եւ ամրապնդման` միշտ հաւատարիմ մնալով Եւրոպական խորհուրդի անդամակցութեամբ ստանձնած յանձնառութիւններու պատշաճ իրականացման: ԵԽԽՎ համազեկուցողներուն հետ հանդիպումները, նախագահ Սարգսեանի գնահատումով, միշտ կ՛անցնին բաց եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, որ օգտակար է աշխատանքները ճիշդ ուղղութեամբ տանելու եւ դրական արդիւնքներ ունենալու: Նախագահը նկատել տուած է, որ համազեկուցողներուն այցելութիւնը զուգադիպած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող համակարգային բարեփոխումներու կարեւոր շրջափուլի մը հետ, որ աննախադէպ է թէ՛ ընտրական հոլովոյթներուն նկատմամբ հանրութեան վստահութեան աճին եւ թէ՛ ընտրութիւններուն յաջորդած հասարակական փոխադարձ համաձայնութեան ձեւաւորման տեսանկիւնէն, ինչ որ արժանացած է միջազգային դիտորդական առաքելութիւններուն, որոնց շարքին` ԵԽԽՎ պատուիրակութեան դրական գնահատականին:
Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Եւրոպական խորհուրդը Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու իրականացման հարցով կարեւոր գործընկեր է, որուն հետ մեր երկիրը շահագրգիռ է համագործակցութիւնը շարունակելու: Նկատի առնելով, որ համազեկուցողի պաշտօնին ասիկա Ալան Միլի վերջին այցելութիւնն է Հայաստան, նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է անոր գործունէութիւնը, որ եղած է կառուցողական եւ ի նպաստ առկայ խնդիրներու արդիւնաւէտ լուծման:
Համազեկուցողները գոհունակութեամբ արձանագրած են այն փոփոխութիւնները, զորս նկատած են Հայաստան իրենց հերթական այցելութեան ընթացքին: Անոնք դրուատանքով խօսած են սուրիահայ գաղթականները իրենց նախնիներու պատմական հայրենիքին` Հայաստանի մէջ ընդունելու եւ զգալի աջակցութիւն ցուցաբերելու մասին` նշելով, որ ատիկա լաւ օրինակ կրնայ հանդիսանալ նաեւ աշխարհի այլ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու համար: Համազեկուցողները շնորհաւորած են հանրապետութեան նախագահը երկրին մէջ նկատելի յառաջընթացին առնչութեամբ եւ նշած, որ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ գնահատելի եղած է պետական կառավարման կիսանախագահական համակարգէն աւելի ժողովրդավարական` խորհրդարանական համակարգին անցնելու Հայաստանի քայլը, ինչպէս նաեւ այն հետեւողականութիւնը, որ երկիրը կը ցուցաբերէ սահմանադրական փոփոխութիւններէն բխող բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ: Համազեկուցողներ Ալան Միլը եւ Ճուզեփփէ Կալաթին յոյս յայտնած են, որ Հայաստանի մէջ այսուհետեւ լաւագոյն ջանքը պիտի ներդրուի ամրապնդելու ժողովրդավարութիւնը եւ Հայաստանի դիրքերը աշխարհի մէջ:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:
Հանդիպում` Վարչապետ Կարապետեանի Հետ
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկումի յանձնախումբի անդամներ, ԵԽԽՎ համազեկուցողներ Ալան Միլը եւ Ճուզեփփէ Կալաթինը:
Վարչապետը կարեւոր նկատած է համազեկուցողներու Հայաստան տուած պարբերական այցելութիւնները, որոնք թոյլ կու տան քննարկելու մեր երկրին մէջ ընթացող բարեփոխումները եւ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը:
«Եւրոպական խորհուրդին անդամակցութենէն ի վեր Հայաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած եղած է կառոյցի եւ անոր տարբեր մարմիններու աշխատանքներուն մէջ: Մենք բարձր կը գնահատենք մեր համագործակցութիւնը եւ շնորհակալ ենք Եւրոպական խորհուրդին` փորձագիտական աջակցութեան համար, այդ կարգին` նաեւ օրէնսդրական բարեփոխումներու ծրարներու մշակման գործին: Կը կարծեմ, որ Հայաստանը մեծ ճամբայ անցած է այդ պարտաւորութիւններու կատարման ուղղութեամբ, որուն մասին կը վկայեն ԵԽԽՎ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին կողմէ իրականացուող դիտարկումի արդիւնքները», ըսած է Կարէն Կարապետեան:
ԵԽԽՎ համազեկուցողներ Ալան Միլը եւ Ճուզեփփէ Կալաթինը համակարծիք եղած են, որ Հայաստանը բաւական կարճ ժամկէտի մը մէջ բաւական երկար ուղի անցած է` նշելով, որ համապետական ընտրութիւններէն ետք երկիրը փոփոխութիւններու եւ զարգացումներու յաջորդ փուլ թեւակոխած է:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են սահմանադրական բարեփոխումներով պայմանաւորուած հոլովոյթներուն, ընտրական բարեփոխումներուն եւ փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ներկայացուցած է այս ուղղութիւններով կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները, որոնց նպատակը վերոնշեալ հոլովոյթներուն արդիւնաւէտ եւ սահուն կազմակերպումն է: Վարչապետը նշած է, որ հակափտածութիւն պայքարը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մշտական ուշադրութեան կեդրոնն է, եւ բացի փտածութեան նուազեցման ուղղութեամբ յստակ քայլերէն, շարք մը ձեռքբերումներ արձանագրուած են նաեւ օրէնսդրական դաշտին մէջ:
Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ համարկումի տարբեր միաւորումներու եւ առանձին երկիրներու հետ տնտեսական համագործակցութեան կարելիութիւններուն, խօսած գործարարական միջավայրի բարելաւման, ներդրումային աշխուժութեան խթանման եւ ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու մասին: «Մեր գլխաւոր նպատակը իւրաքանչիւր ներդրողին` թէ՛ տեղական, թէ՛ օտարերկրեայ, իր գործունէութեան համար անհրաժեշտ բոլոր պայմաններով ապահովելն է: Մենք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք գործարարական միջավայրին, կ՛արձանագրենք, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ունինք դրական արդիւնքներ, բայց գիտենք նաեւ թոյլ կէտերը եւ կ՛աշխատինք զանոնք վերացնելու ուղղութեամբ», նշած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան:
ԵԽԽՎ համազեկուցողները ողջունած են Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տարբեր մարզերու մէջ իրականացուող բարեփոխումները:
«Կարելի է երկու բանի համար շնորհակալութիւն յայտնել` նախ, այն արժանապատիւ եւ լուրջ մօտեցման համար, որ ձեր երկիրը կը ցուցաբերէ Սուրիայէն գաղթականներու, յատկապէս, սփիւռքահայերու հոսքին առումով: Մենք երախտապարտ ենք անոր համար: Երկրորդ` Եւրոպական խորհուրդին անունով ալ շնորհակալ ենք այն աշխատանքին համար, որ Եւրոպայի մէջ կը կատարեն Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագէտներն ու ներկայացուցիչները, ԵԽԽՎ-ի մէջ ձեր պատուիրակութիւնը: Մենք կրնանք վստահեցնել, որ պիտի շարունակենք օժանդակել ձեզի, որպէսզի ձեր երազած նոր Հայաստանը կառուցելու ճամբուն վրայ այդ աշխուժութիւնը պահպանէք», իր խօսքին մէջ ըսած է Ալան Միլը: