Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է Միջին Արեւելքի Կրօնական Ու Մշակութային Բազմազանութիւնը Պահել»

November 1, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած Աթէնքի երկրորդ միջազգային համագումարին իր արտասանած խօսքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի կեանքին ու պատմութեան իւրայատուկ երեւոյթը կազմող ցեղային, կրօնական եւ մշակութային բազմազանութիւնը պահելու հրամայականը: Մեկնելով այս շեշտաւորումէն եւ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ.

  1. Կեանքը աստուածատուր իրականութիւն մըն է: Մարդը կոչուած է պահելու եւ պաշտպանելու կեանքը. հետեւաբար, կեանքը ապականելու ձգտող որեւէ արարք մեղանչում մըն է Աստուծոյ նկատմամբ: Այս է ուսուցումը միաստուածեան երեք կրօններուն:
  2. Բազմազանութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործութեան իւրայատուկ երեսներէն մէկն է. ան հարստացուցիչ երեւոյթ է: Հետեւաբար Միջին Արեւելքի կրօնական, մշակութային եւ ցեղային բազմազանութիւնը պահելն ու զարգացնելը բոլորին հիմնական մտահոգութիւնը պէտք է դառնայ:
  3. Ծայրայեղութիւնը մերժելի երեւոյթ մըն է բոլոր կրօններուն կողմէ: Որեւէ կրօն իրաւունք չունի իր արժէքներն ու ուսուցումները պարտադրելու: Արժէքներու եւ աւանդութիւններու գոյակցութիւնը հիմքն է ազգերու համակեցութեան:
  4. Խաղաղութիւնը աստուածատուր իրաւունք է, սակայն ճշմարիտ ու մնայուն խաղաղութիւնը հիմնուած է արդարութեան վրայ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ յիշեց, որ կրօնական ծայրայեղութիւնը, արտաքին ուժերու միջամտութիւնը, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց անտեսումը այլազան տագնապներ յառաջացուցած են շրջանին մէջ` հարցականի տակ առնելով մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնը: Միջին Արեւելքը լուրջ վտանգներու կրնայ ենթարկուիլ, եթէ իր ինքնութեան անբաժան մասը կազմող բազմազանութիւնը վտանգուի, յիշեցուց վեհափառ հայրապետը եւ կոչ ուղղեց, որ երեք միաստուածեան կրօններու առաջնորդները քաղաքական ղեկավարներու հետ միասնաբար դիմեն այնպիսի քայլերու, որոնցմով կարելի ըլլայ պահպանել Միջին Արեւելքի բազմազանութիւնը:

Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողքին համագումարին ներկայ եղան Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան: Համագումարին նաեւ կը մասնակցէր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեան` իբրեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութեան պատուիրակութեան անդամ:

Համագումարին բացումը կատարեց Յունաստանի նախագահը, ապա ժողովին ատենապետութիւնը ստանձնեց արտաքին գործոց նախարարը: Ներկայ էին աւելի քան 200 ներկայացուցիչներ` պետական, դիւանագիտական, կրօնական եւ միաստուածեան երեք կրօնները ներկայացնող հոգեւոր ղեկավարներ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Պրիւքսելի Հայ Դատի Գրասենեակէն Յարութ Շիրինեան Այցելեց «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

Յաջորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 20 Դիմումի Ընդառաջում` Հոկտեմբերին Վեցամսեայ Հաշուեկշիռ` 152 Պարագայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.