Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի՛ վերամուտ

October 20, 2017
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դպրոցը այն միջավայրն է, ուր աշակերտը կը դաստիարակուի, այդտեղ է, որ կը կերտուի անոր նկարագիրը: Դպրոցին մէջ աշակերտը կ՛ամբարէ գիտելիքներ, կը սորվի հմտութիւններ եւ կը զարգացնէ ընկերային յարաբերութիւններ: Հետեւեալ գործընթացները պարագայաբար չէ, որ տեղի կ՛ունենան, այլ  կ՛ենթադրեն ծրագրաւորում եւ հետապնդում, արհեստավարժ անձնակազմի ներկայութիւն ու նուիրում: Դպրոցները  կը հետեւին պետական ու ազգային որոշ ծրագրի եւ, բնականաբար, վերոյիշեալ կէտերը կ՛ամբողջացուին այդ համակարգի ազգային, քաղաքական եւ պետական բաղկացուցիչներով: Ազգային, պետական բաղկացուցիչները կը հանդիսանան բնական ենթահողը, ուր վերոյիշեալ  գործընթացները կը զարգանան:

Նոյնն է պարագան հայ դպրոցին: Հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը կը ստանայ  գիտելիքներ, հմտութիւններ, ընկերային ու մշակութային կազմաւորում` հայ ազգային ենթահողին վրայ: Այսպէս, հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը կը ծանօթանայ իր ազգի պատմութեան, մշակոյթին, սովորութիւններուն եւ Դատին: Սակայն այս բոլորը չեն ըլլար կրթական համակարգի այլ բաղկացուցիչներու հաշուոյն, այլ կու գան ամբողջացնելու զանոնք: Այս հաւասարակշռութեան ստեղծումը եւ կիրարկումը կ՛ենթադրէ` բծախնդրութիւն, արհեստավարժ մօտեցում եւ հետեւողական աշխատանք:

Այսպիսով կ՛ուրուագծուի արհեստավարժ հայ դպրոցի տեսլականը: Դպրոց, ուր արհեստավարժ ձեւով կը ծրագրուի հայ աշակերտին զարգացումը բոլոր ոլորտներուն վրայ: Դպրոց, ուր քայլ կը պահուի այսօրուան արագընթաց համաշխարհային փոփոխութիւններուն հետ: Եւ վերջապէս, դպրոց, ուր այս բոլորին կողքին կան նուիրուած ուսուցիչներ եւ պատասխանատուներ, որոնք պատրաստ են այս աշխատանքը տանելու իր ամբողջական իմաստով:

Այսօր երբ հայ ծնողներէն ոմանք իրենց զաւակները կ՛ուղղեն դէպի օտար դպրոց, կը փորձեն անոնց տրամադրել դպրոցի այն բաղկացուցիչները, որոնք կը կարծեն հայ դպրոցին մէջ չգտնել: Անոնք սակայն չեն գիտակցիր, որ այդպէս ինքնաբերաբար կը կորսնցնեն հիմնական բաղկացուցիչ մը` ազգային դաստիարակութիւնը: Անոնք այս դաստիարակութիւնը կը փորձեն փոխարինել իրենց զաւակները ուղղելով հայկական մշակութային, մարզական, սկաուտական  միութիւններ: Սակայն այս միութիւնները չեն կրնար փոխարինել ամբողջութեամբ հայ դպրոցը, ուր հայ աշակերտը պէտք է ստանայ ազգային ամբողջական կրթութիւն:

Արհեստավարժ հայ դպրոցի տեսլականը իրականութիւն դարձնելով` հայ դպրոցը կը դառնայ այն գրաւիչ հաստատութիւնը, որ ոչ մէկ բանով կը զիջի բոլոր այլ կրթական կառոյցներուն: Հայ դպրոցը արդէն իսկ բոլոր տուեալները ունի այս զարգացման համար, այս տեսլականի իրագործման համար:  Վերջերս լիբանանահայ գաղութը օժտուեցաւ մերօրեայ պայմանները ամբողջացնող Ազգային Միացեալ վարժարանով, մնացեալ բոլոր հայկական դպրոցները նոյնպէս սկսած են օժտուիլ արհեստագիտական սարքերով եւ արհեստավարժ որոշ մեթոտներով: Արդէն բոլոր պայմանները ամբողջացած են` իրագործելու արհեստավարժ հայ դպրոցի տեսլականը, կը մնայ ունենալ ամբողջական գիտակցութիւն սոյն գործին կարեւորութեան եւ արհեստավարժութեան ամբողջական կիրարկում  անոր իրագործման մէջ:

Բարի՛ վերամուտ:

Նախորդը

Տարածքային Ամբողջականութիւն Ընդդէմ Ինքնորոշման Իրաւունքի

Յաջորդը

Ցեղախումբի Պետութիւն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.