Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Ս. Գէորգ Զօրավարի Տօնին Յիշատակումը` Հալէպի Ս. Գէորգ Հրկիզուած Եկեղեցւոյ Մէջ
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, շաբաթ, 30 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին Նոր Գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Գէորգ զօրավարի տօնին յիշատակումը:
Հակառակ պատերազմին պատճառած ահաւոր տագնապին եւ վնասներուն` հալէպահայը վերանորոգ թափով եկաւ Ս. Գէորգ եկեղեցի: Ուխտաւորներ հաւատքի ջերմեռանդութեամբ եւ կարօտակէզ զգացումներով աղօթեցին քահանայ հայրերուն հետ միասին, որպէսզի Տէր Աստուած Ս. Գէորգ զօրավարին բարեխօսութեամբ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն շնորհէ սուրիական հայրենիքին:
Յունաստան
11 Նորագիրներ Անցան Յունաստանի ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերը
ՀՅԴ Բիւրոյի կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 30 սեպտեմբեր եւ կիրակի 1 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մարմիններու Ռայոնական ժողովը` Աթէնքի մէջ:
Ժողովին առընթեր, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ 11 նորագիրներու երդման արարողութիւն. ՀՅԴ Երիտասարդական միութենէն եկող 11 երիտասարդ-երիտասարդուհիները, ամբողջացնելով յատուկ դաստիարակչական ծրագիրը, իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին մուտք գործելու ՀՅԴ շարքերը` ծառայութեան դաշտը ընդլայնելու համար կուսակցական, քաղաքական, Հայ դատի եւ հայապահպանման բնագաւառներէն ներս:
Երդման արարողութեան մթնոլորտը յուզիչ էր: Ներկայ եղան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները, Ռայոնական ժողովին մասնակցող ընկերները, ինչպէս նաեւ` Աթէնքի մէջ գործող կոմիտէութեանց ընկերները եւ ընկերուհիները:
Երդման արարողութեան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, որ կուռ խօսքով մը արտասանելով, հրաւիրեց նորագիրները արժեւորելու իրենց երդումն ու կուսակցական ինքնութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութեան ընդմէջէն ծառայելու հայ ժողովուրդին, անոր Դատին, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան գործին, մեր հայրենի աշխարհի ազգային, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական բարգաւաճման:
Այնուհետեւ, 11 նորագիրները, իրենց ձեռքը դնելով ՀՅԴ դրօշին, Ծրագիրին եւ Կազմակերպական կանոններուն վրայ, երդուեցին եւ մուտք գործեցին Դաշնակցութեան շարքերը:
Յաջորդեց ընկերային խրախճանք` բաժակաճառերով, կենացներով, մեներգներով եւ խմբերգներով` դաշնակցական մթնոլորտին հարազատ, ոգեւորիչ եւ խանդավառ արտայայտութիւններով:
Բոլոր մասնակցողները սրտաբուխ կերպով բարի գալուստ յայտնեցին նորագիրներուն` յաջողութեան եւ անսակարկ ծառայութեան մաղթանքներով:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Հայաստանի Անկախութեան 26-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, գործակցութեամբ Ապու Տապիի Ազգային վարչութեան, 15 սեպտեմբերին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կից «Սուրէն Կոճակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձին:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեան անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` իր մաղթանքները կատարեց ներկաներուն:
Համերգի աւարտին ելոյթ ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչը, որ շնորհաւորեց Հայաստանի անկախութեան
26-ամեակը: Ան անդրադարձաւ անցնող տարիներուն իրագործուած յաջողութիւններուն, նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի եռամիասնութեան մասին:
Ֆրանսա
«Քրիստոնէութեան Ծնունդը Միջին Արեւելքի Մէջ» Խորագիրով Ցուցահանդէսին Կը Ներկայացուին Հայկական Ձեռագիրներ
25 սեպտեմբերին Փարիզի Արաբական աշխարհի հիմնարկի թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Քրիստոնէութեան ծնունդը Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրով ցուցահանդէսին: Բացման արարողութեան ներկայ էին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանը ուղարկած էր 14-րդ դարու երկու ձեռագիրներ եւ 1798 թուականի խորանի վարագոյր մը` զանոնք ցուցահանդէսին ներկայացնելու համար:
Ցուցահանդէսին անդրադարձ կար նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան` նկարներու միջոցով ներկայացնելով հայերու հաստատումը Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ:
Վրաստան
Վերաօծում Դադեշի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ
16 սեպտեմբերին Ախալքալաքի Դադեշ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ վերակառուցուած Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Եկեղեցւոյ վերաօծումը կատարուեցաւ ձեռամբ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, մասնակցութեամբ Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Բաբգէն վրդ. Սալբիեանի: Դռնբացէքի արարողութենէն ետք սուրբ միւռոնով օծուեցան սուրբ սեղանը, մկրտութեան աւազանը եւ 16 սիւները: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին թեմի առաջնորդը շնորհաւորեց դադեշցիները` վերակառուցուած շքեղ եկեղեցւոյ համար, արժեւորելով անոնց նուիրումը ի նպաստ գիւղի զարգացման, ժողովուրդին բարեկեցութեան եւ եկեղեցւոյ բարօրութեան համար: Սրբազանը օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքեր արտասանեց` ուղղուած բարերարներ Լութֆիկ եւ Վալանթինա Թովմասեան ամոլին եւ անոնց նուիրեց սրբապատկերներ ու օրհնութեան գիր:
Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած անդրանիկ պատարագէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն:
Միացեալ Նահանգներ
Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ
Հայաստանի անկախութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձին առիթով, 24 սեպտեմբերին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին տնօրինումով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք:
Առաջնորդ սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, գլխաւորեց Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւնը, կատարեց եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ ուղղեց իր պատգամը: Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւնը սկսաւ խաչի եւ դրօշակի թափօրով: ՀՄԸՄ-ի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտներ հայկական եռագոյնը բերին Ս. խորան, ուր աղօթքներու, շարականներու, Ս. Գրային ընթերցումներու կատարումներէ ետք առաջնորդ սրբազանը օրհնեց դրօշը:
Իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը ներկայացուց Հանրապետական մաղթանքին իմաստն ու նպատակը` աւելցնելով, որ նոյն օրը կը զուգադիպի Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, որուն մասին պատմական ակնարկ մը ներկայացուց: Ապա ան անդրադարձաւ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովին, որ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատւութիւն» նշանաբանին տակ կոչուած էր համախմբելու հայութեան երկու գլխաւոր թեւերուն` հայրենի ու արտերկրի հայութեան ձեռքերն ու հայրենաշինութեան կամքը:
Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ 26 տարիներու երթը նոր հանգրուաններ կտրած է` մեր ազգային իրաւունքներուն ճանաչում ապահովելու ճանապարհին: Ան ընդգծեց, որ իբրեւ Արեւմտեան թեմի հաւատաւոր զաւակներ` հպարտ ենք Հայաստանով, զօրակից ենք Արցախի ինքնապաշտպանութեան լծուած բանակայիններուն ու ազատամարտիկներուն, Արցախի ու Հայաստանի պետութեանց:
Արարողութիւններէն ետք եկեղեցւոյ կից «Եղիա Սարաֆեան» սրահին մէջ կազմակերպուած էր անակնկալ հիւրասիրութիւն մը` ի պատիւ առաջնորդ սրբազանին, անոր ծննդեան 60-րդ տարեդարձին առիթով:
Առաջնորդ սրբազանին շնորհաւորանքի ու բարի մաղթանքի խօսքեր ուղղեցին Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետն ու հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Արապեանը: Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ անակնկալին համար:
Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքը Կը Հասնի «Տէյթըն» Մրցանակի Աւարտական Փուլ
Հեղինակաւոր «Տէյթըն գրականութեան խաղաղութեան մրցանակ»-ի աւարտական փուլ հասած 12 հատորներէն մէկն է Հարաւային Քալիֆորնիա հաստատուած մրցանակակիր լրագրող Տան Անահիտ ՄըքՔինի «Հարիւրամեայ արշաւը. հայկական ոդիսական մը» հատորը, որուն պատրաստութեան համար ՄըքՔին տրամադրած է գրեթէ տասնամեակ մը:
Մրցանակին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել գրականութեան դերը, յատկապէս` խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն խրախուսելու գործին մէջ: Անիկա ներշնչուած է Տէյթըն քաղաքին մէջ 1995-ին գոյացած` Պոսնիոյ խաղաղութեան համաձայնագիրէն: Մրցանակը պիտի շնորհուի նոյեմբեր 5-ին:
Նշեալ հատորը նուիրուած է Ցեղասպանութենէն վերապրած ՄըքՔինի մեծ հօր` Ստեփան Միսքճեանի պատմութեան, որուն զուգահեռ, կը պատմուի նաեւ Ստեփանին պահած օրագրութեան բացայայտման ու անոր հետեւանքներուն մասին: