«Աշխարհը առանց ցեղասպանութեան» կազմակերպութեան կողմէ թուրք պատմաբան, Մասաչուսեցի «Քլարք» համալսարանի պատմութեան դասախօս Թաներ Աքչամին մրցանակ շնորհուեցաւ:
Ըստ «Ակօս» օրաթերթին, կազմակերպութեան նպատակներէն է` «Պաշտպանել անմեղ մարդիկ, կանխել այլատեացութեան եւ նախապաշարումի հիման վրայ իրականացուող ցեղասպանութիւնները, աշխատանքներ տանիլ, որպէսզի յանցանք գործած մարդիկ պատասխանատուութեան ենթարկուին դատական կարգով, ինչպէս նաեւ` յիշատակել անոնք, որոնց կեանքն ու մշակոյթը ոչնչացուած է»:
Կազմակերպութեան ղեկավար Էլէն Քենետի Աքչամին շնորհուած մրցանակին առիթով յղած է նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Մենք երկար ատեն է, որ կը հիանանք ձեր խիզախ աշխատանքով, որուն նպատակն է փաստել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած վայրագութիւնները: Հակառակ թուրք ծայրայեղականներուն կողմէ եղած մահուան սպառնալիքներուն` դուք Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ձեր խօսքին մէջ ցուցաբերած էք հետեւողական յամառութիւն»: