Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապագայի Ինքնաշա՞րժը

Մարտ 18, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Առանց վարիչի ինքնաշարժը կրնայ մօտ օրէն իրականութիւն դառնալ: Ինքնաշարժ շինող կարգ մը ընկերութիւններ արդէն կարգ մը օրինակներու վրայ փորձեր կը կատարեն…

– Ինչպէ՞ս կը բանի առանց վարորդի ինքնաշարժ մը

Ինքնաշարժը կը յառաջանայ մինակը. վարորդը զայն չի քշեր: Ինքնաշարժին մէջի ճամբորդները իրենց երթալիք տեղը կ՛արձանագրեն համակարգիչի մը վրայ: Այս համակարգիչը կապուած է արբանեակի մը, որ ինքնաշարժին անդադար կը հեւտեւի: Քամերաներ եւ ռատարներ ալ անոր տեղեկութիւններ կ՛ուղարկեն:

– Ասիկա բնական ինքնաշա՞րժ մըն է

10 արկածէն 9-ը հատը տեղի կ՛ունենայ մարդկային սխալի մը պատճառով (յոգնութիւն, անուշադրութիւն, խմիչք, արագութիւն…): Համակարգիչի մը կողմէ քշուած ինքնաշարժ մը աւելի ապահով է: Ան շատ աւելի լաւ կը յարգէ երթեւեկութեան կանոնները:

– Ե՞րբ պիտի կարենանք գործածել այս ինքնաշարժը

Ոչ 10-15 տարիէն առաջ: Ինչո՞ւ նախեւառաջ բազմաթիւ վարորդներ տակաւին պատրաստ չեն իրենց ղեկը վստահելու համակարգիչի մը: Անոր կողքին, տակաւին բազմաթիւ հարցումներ գոյութիւն ունին, օրինակի համար, արկածի պարագային, ո՞վ է յանցաւորը: Համակարգի՞չը, թէ՞ ինքնաշարժին մէջի ճամբորդները:

 

Խոհագիր

Աղի Քէյք

Նախորդ շաբթուան այս էջին մէջ մենք կարդացինք անուշ քէյքի պատրաստութեան մասին: Սակայն գիտէի՞ր, որ կրնաս նաեւ պատրաստել աղի քէյքեր, որոնք կրնաս հետդ դպրոց տանիլ զբօսանքին ուտելու համար:

Պէտք ունիս (6 հոգիի համար)

150 կրամ ալիւրի, 3 հաւկիթի, 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, 5 սանթիլիթր ձէթի, 3 ապուրի դգալ քրեմ ֆրեշի, 75 կրամ տաշուած էմանթալ պանիրի, աղի, պղպեղի:

Պատրաստութիւն

– Փուռը տաքցուր 180 աստիճանի վրայ:
– Խառնէ ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըրը:
– Մէկ-մէկ ա ւելցուր հաւկիթները` խմորը անդադար խառնելով:

Ապա աւելցուր քրեմ ֆրեշը եւ ձէթը:

– Աւելցուր տաշուած էմանթալը, պտղունց մը աղ եւ քիչ մը պղպեղ: Լա՛ւ խառնէ՛, մինչեւ որ առանց  գունդերու խմոր մը ստանաս: Քէյքի հիմնական խմորը պատրաստ է:

– Այս խմորին վրայ կրնաս աւելցնել 150 կրամ պզտիկ քառակուսիներու կտրուած  խոզապուխտի, 110 կրամ երկուքի կտրուած կանաչ ձիթապտուղ եւ քիչ մը հերպ տը փրովաս չոր խոտ. խառնէ՛:

– Այս խմորը պարպէ կարագով քսուած եւ ալիւրով սրսկուած քէյքի յատուկ կաղապարի մը մէջ եւ փուռին մէջ եփէ 45 վայրկեան:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

–  Գիտէի՞ր, որ Սպանիոյ Սարակոսա շրջանին թաղամասերէն մէկուն փողոցը կը կոչուի «Ավինիտա տէ Սուփըր Մարիօ Պրոս» (Սուփըր Մարիօ եղբայրներու պողոտայ), նշանաւոր վիտէօ խաղի հերոսներուն անունով:

–  Ճափոնի աղջիկներու ֆութպոլի ազգային խումբը կը կոչուի Նատեշիքօ, որ ճափոներէն կը նշանակէ «գեղեցիկ ծաղիկ»:

–  Աշխարհի ամէնէն մեծ հրաբուխը, որ ունի անգլիական կղզիներու մեծութիւնը, կը գտնուի պահուած Խաղաղական ովկիանոսին յատակը, Ճափոնի արեւելքը:

–  Ճափոնի մակերեսին մօտաւորապէս 73 առ հարիւրը ծածկուած է լեռներով:

–  Բուերը կրնան իրենց գլուխը դարձնել 270 աստիճան, մէկ կողմէն միւսը:

–  Էնքաները Անտեան բարձր լեռներուն վրայ շինեցին Մաչու Փիչուի քարէ շինուած քաղաքը` առանց գործածելու անիւներ, եւ մետաղէ գործիքներ:

–  Թագուհի մեղու մը կրնայ մինչեւ1 միլիոն հաւկիթ ածել իր կեանքին ընթացքին, այսինքն` օրական մօտաւորապէս 2000 հաւկիթ:

–  Մինչեւ 1967 թուականը պատկերասփիւռի յայտագիրները կը սփռուէին սեւ ճերմակ:

–  Գերմանիոյ մէջ 53 մեթր քառակուսի մեծութեամբ պանդոկ մը միաժամանակ կրնայ ընդունիլ միայն երկու հիւր:

–  Փիղերը շատ լաւ լողորդներ են:

–  Հիւսիսային բեւեռի տակի ովկիանոսին խորութիւնը կը հասնի 3960 մեթրի:

–  Թրթուր մը ունի մօտաւորապէս 4000 մկան:

–  Անջրպետի միջազգային կեդրոնը մէկ երկվայկեանի մէջ կը յառաջանայ 8 քմ. արագութեամբ:

–  Ծովային կարգ մը սպունգներու տեսակներ երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 600 միլիոն տարիներէ ի վեր:

–  Որքան մենք զօրաւոր ծամենք, այնքան աւելի լորձունք կ՛արտադրենք:

 

Ինչո՞ւ Մէկ Ժամը
Կազմուած Է 60 Վայրկեանէ

Գիտէի՞ր, որ ժամանակի այս բաժանումը ծնած է 5000 տարի առաջ: Այդ ժամանակաշրջանին Միջագէտքի մէջ (ներկայի Իրաքը) մարդիկ իրենց մատներուն վրայ կը հաշուէին` հիմնուելով 60-ի վրայ. անոնք կը գործածէին իրենց 4 մատներուն 3 բաժինները եւ բութամատով ցոյց կու տային հաշուելու համար, 3 x 4= 12: Երբ կը հասնէին 12-ի, անոնք միւս ձեռքէն մատ կը բանային եւ այս ձեւով կը շարունակէին մինչեւ… 5 x 12= 60: Այս 60-ի հիմն է, որ մենք տակաւին մինչեւ այսօր կը գործածենք ժամանակը հաշուելու համար:

 

Ո՞վ Հնարած Է Դաշնակը

Պարթոլոմէօ Քրիսթոֆորի: Ան երաժշտական գործիքներու վաճառական մըն էր: 1709 թուականին ան կը հնարէ փիանօ ֆորթէն, Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքին մէջ: Իտալերէն «փիանօ» կը նշանակէ «մեղմօրէն» եւ «ֆորթէ» «զօրաւոր»: Փիանօ Ֆորթէն զարնուող լարերով երաժշտական գործիք մըն է. դաշնակի բանալիները կապուած են փոքրիկ մուրճերու, որոնք կը հարուածեն լարերը: Այս թեքնիքը  կարելիութիւն կու տայ նուագելու թէ՛ մեղմօրէն, թէ՛ ալ զօրաւոր կերպով: Այս պատճառով է, որ Ուոլֆկանկ Ամարէուս Մոցարթ շատ կը սիրէր այս երաժշտական գործիքը:

Փիանօ Ֆորթէն զարգացած է ժամանակի ընթացքին եւ դարձած` ներկայիս մեզի ծանօթ դաշնակը: Ան յաճախ կ՛ունենայ 88 բանալիներ` 52 ճերմակ եւ 36 սեւ:

 

Հարիւր Տարի Ետք…

Յունուարի սկիզբը Սան Ֆրանսիսքոյի գրադարաններէն մէկուն վերադարձուեցաւ… 1917-ին փոխ առնուած գիրք մը: Գիրքը փոխ առած կնոջ զաւկին թոռը զայն գրադարան վերադարձուց:

Գիրքին անունը` «Քառասուն վայրկեան ուշացում»:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել գլխարկին եւ ձեռնոցներուն հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու տախտակը` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1967)

Յաջորդը

The Land Of Legends «Առասպելներու Երկիր» Ռիհամ Աֆիֆի

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?