Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ եւ «Սփիւռք» գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, ընկերակցութեամբ` «Կամար»-ի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանի, այցելեց «Ազդակ»:
Փրոֆ. Դանիէլեան, որ մօտէն ծանօթ է «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն, առիթ ունեցաւ նաեւ տեսնելու արխիւի թուայնացման աշխատանքին արդիւնքը: Ան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի բազմաշերտ գործունէութիւնը, հաստատելով, որ «Ազդակ» հայ ժամանակակից մամուլի յառաջատարն է:
Փրոֆ. Դանիէլեանի հետ «Ազդակ» պիտի ունենայ հարցազրոյց մը եւ պիտի կազմակերպէ մամլոյ լսարան մը արեւմտահայ գրականութեան, արեւմտահայերէնի, «Սփիւռք» գիտահետազօտական կեդրոնի գործունէութեան եւ նման նիւթերու գիտակարգային խնդիրներու մասին: