Հայաստան կատարելիք այցելութեան նախօրեակին, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը ուղղած է հետեւեալ ուղերձը.
«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, քանի մը օր ետք մեծ ուրախութեամբ պիտի ըլլամ ձեզի հետ, Հայաստանի մէջ:
Այս պահէն արդէն կը հրաւիրեմ ձեզ աղօթելու այս առաքելական ճամբորդութեան համար: Աստուծոյ օգնութեամբ կու գամ ձեր քով, իրականացնելու համար, ինչպէս ճամբորդութեան կարգախօսը կ՛ըսէ` «Այցելութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր»: Ես կու գամ իբրեւ ուխտագնաց, այս յոբելենական տարուան ընթացքին թաթխուելու ձեր ժողովուրդին հնագոյն իմաստութեան մէջ եւ ըմպելու ձեր ժայռէն` ինչպէս ձեր յայտնի փորագիր խաչքարերն են, հաւատքի աղբիւրէն:
Կու գամ դէպի Հայաստանի առեղծուածային բարձունքները` իբրեւ եղբայր, մղուած ձեր դէմքերը տեսնելու փափաքէն, աղօթելու ձեզի հետ եւ կիսելու բարեկամութեան պարգեւը: Ձեր պատմութիւնը եւ ձեր սիրելի ժողովուրդին նկատմամբ կատարուածները իմ մէջս կը յառաջացնեն հիացմունք եւ վիշտ: Հիացմունք, քանի որ Յիսուսի խաչին ու ձեր տաղանդաւոր մտքին մէջ գտած էք կրկին ոտքի կանգնելու ուժը` նոյնիսկ ամէնէն սարսափելի տառապանքներէն ետք, զորս պատմութիւնը կրնայ յիշել: Վիշտ` այն ողբերգութիւններուն համար, զորս ձեր հայրերը կրած են իրենց մաշկին վրայ: Թոյլ չտանք, որ ցաւոտ յիշողութիւնները տիրանան մեր սրտին: Նոյնիսկ չարին շարունակական յարձակումներուն չյանձնուինք: Գործենք ինչպէս Նոյը, որ ջրհեղեղէն ետք չյոգնեցաւ դէպի երկինք հայեացք ուղղելէ եւ քանի մը անգամ աղաւնի ուղարկեց, մինչեւ որ ան վերադարձաւ ձիթենիի մատղաշ տերեւով:
Ատիկա նշան էր, որ կարելի էր կեանքի վերսկսիլ եւ յոյսը պէտք է յարութիւն առնէր: Իբրեւ Աւետարանի ծառայ եւ խաղաղութեան սուրհանդակ կ՛ուզեմ գալ ձեր մօտ, ըլլալ ձեզի հետ` նեցուկ կանգնելու խաղաղութեան ուղիին վրայ գործադրած իւրաքանչիւր ջանքին եւ միասին քալելու հաշտութեան արահետով, որ յոյս կը ծնի: Թող ձեր ժողովուրդին մեծանուն սուրբերը, մասնաւորապէս եկեղեցւոյ վարդապետ Գրիգոր Նարեկացին, օրհնեն մեր հանդիպումները, որոնց կը սպասեմ վառ ցանկութեամբ: Յատկապէս կը սպասեմ իմ եղբայր Գարեգինին կրկին գրկելու զայն եւ անոր հետ միասին նոր թափ հաղորդելու դէպի լիակատար միութիւն տանող ուղիին: Անցեալ տարի Հռոմ եկած էիք աշխարհի տարբեր երկիրներէ եւ Ս. Պետրոսի շիրմաքարին մօտ բոլորս միասին աղօթեցինք: Հիմա ինքս կու գամ ձեր օրհնեալ երկիրը` մեր հաղորդութիւնը ամրապնդելու, հաշտեցման ուղիով յառաջ ընթանալու եւ մեզ յոյսով քաջալերելու համար:
Շնորհակալութիւն եւ ցտեսութիւն»: