Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Արդարութեան Նախարարութիւնը Կը Մերժէ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջի Քննարկումը

June 17, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

222-1-2-1

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ինչպէս ծանօթ է,  27 ապրիլ 2015-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը:

Շուրջ 100 էջերու վրայ տարածուած դատական հայցը` պատմական, կրօնական, քաղաքական եւ օրինական տուեալներու հիման վրայ, յարակից փաստաթուղթերով եւ վկայութիւններով, կը պարզէր Սիսի կաթողիկոսարանի պատկանելիութիւնը, անոր  դերը Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, Սահակ Բ. կաթողիկոսին ու միաբանութեան պարտադիր հեռացումը Սիսի կաթողիկոսարանէն եւ անոր բռնագրաւումը պետութեան կողմէ:

Անցնող տարուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին հարցազրոյցներուն եւ մտաւորականներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ճամբով, դատին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տրուած էին մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Նկատի ունենալով դատին կարեւորութիւնը` Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը այս գծով ուզած է ունենալ արդարութեան նախարարութեան տեսակէտը: Արդարութեան նախարարութիւնը 11 մայիս 2016 թուակիր նամակով, Սահմանադրական դատարանի իրաւասութեանց առնչուած շարք մը տուեալներէ ու պատճառաբանութիւններէ մեկնելով, թելադրած է մերժել իրեն ներկայացուած դատական հայցի քննարկումը: Ապա, Սահմանադրական դատարանը 15 օրերու պայմանաժամ տուաւ կաթողիկոսութեան պատասխանելու արդարութեան Նախարարութեան մերժողագիրին:

Արդարեւ, 15 օրերու ընթացքին, կաթողիկոսութեան իրաւական յանձնախումբի անդամները, հետեւողական ու մնայուն խորհրդակցութիւններէ ու քննարկումներէ ետք, պատրաստեց իր պատասխանը եւ 26 մայիս 2016 թուականին փոխանցեց Սահմանադրական դատարանին:

Կաթողիկոսարանի պատասխանին մէջ պատմական ու իրաւական յստակ հիմնաւորումներով մերժուեցան արդարութեան նախարարութեան ներկայացուցած անհիմն ու հակասական պատճառները, եւ վերահաստատուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանը իր իրաւատիրոջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերադարձնելու պահանջը:

Այժմ կ՛ակնկալուի, որ արդարութեան նախարարութեան մերժողագիրին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ անոր տրուած պատասխանին հիման վրայ Սահմանադրական դատարանը իր վճիռը արձակէ:

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յիշեալ դատը կը հետապնդէ իրաւական յանձնախումբ մը` բաղկացած թրքական դատական օրէնքի եւ ընդհանրապէս միջազգային ու յատկապէս Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի դատական ու դատավարական օրէնքներու մասնագէտ անձերէ:

 

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ Այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Յաջորդը

Եուրօ-2016. Արցախի Դրօշակը` Ռուսիա-Սլովաքիա Մրցումին

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.