Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիացի Եւ Իրաքցի Արուեստագէտներու Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ

Մայիս 13, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_3734

Հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններուն, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հինգշաբթի, 12 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ իրաքեան եւ սուրիական գեղանկարչական եւ կերպարուեստի հաւաքական ցուցահանդէսին բացումը, որուն կը մասնակցին սուրիացի գեղանկարիչ Համմուտ Շանթութ, սուրիացի քանդակագործ  Ուրուպա Տիպ, ինչպէս նաեւ իրաքցի գեղանկարիչներ Սալամ Օմար եւ Մահմուտ Շուպպար:

IMG_3640

Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմի անդամ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան նախ ներկայացուց ցուցահանդէսին մասնակցող արուեստագէտները` վեր առնելով իւրաքանչիւրին յատկանշական գիծերը: Տէրտէրեան նշեց, որ վերոյիշեալ արուեստագէտներուն ժամանակակից ստեղծագործութիւնները ապաստան գտած են Լիբանանի մէջ եւ մաղթեց, որ անոնք բռնութենէ զուրկ մթնոլորտ մը ստեղծեն ցուցասրահին մէջ: Տէրտէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսը հովանաւորող տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններուն, ապա խօսքը փոխանցեց արուեստագէտներուն:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ իրաքցի գեղանկարիչ Մահմուտ Շուպպար, որ յայտնեց թէ իր գեղանկարչութիւնը սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամ կը փոխանցէ եւ ընդգծեց այդ արժէքներուն կարեւորութիւնը: Շուպպարի գործերուն մէջ կը գերակշռեն մոխրագոյնը եւ այլ մութ գոյներու նրբերանգները, որոնք միեւնոյն տեսարանը կը ներկեն տարբեր ժամանակաշրջաններու. «Ֆոլինկ Այտըլ», «Աֆթըր տը տրիմ», «Քոլտ Սիթի»…

Շուպպարին յաջորդեց սուրիացի քանդակագործ Ուրուպա Տիպը, որ բացատրեց, թէ ինք հիմնականօրէն կը գործածէ պրոնզը` պատերազմի ժամանակամիջոցին հոգեկան ապրումներ արտայայտելու համար: Այս իմաստով, ուշագրաւ է «Ֆէյսըզ» քանդակը, որուն մէջ կան զանազան դիմականման դէմքեր, ամէնէն նախնականէն մինչեւ ամէնէն կատարելագործուածը: Յստակ է, որ այս դէմքերը չեն կրնար իշխել իրենց արտայայտութիւններուն վրայ եւ մեծամասնութեան պարագային կը վերածուին ակամայ պրկումներու…

Սալամ Օմար իր սրտի խօսքը փոխանցեց դրուագի մը ընդմէջէն, որմէ եզրակացուց թէ ողբերգական դէպքերը սովորական դարձած են իրաքցի ժողովուրդին համար, եւ այդ ողբերգութիւնն է, որ կ՛արտացոլայ իր գործերուն մէջ: Զանազան նիւթեր օգտագործելով` Օմար նկարներու 2-էն 4 խաւ իրար վրայ շարելով կը ստեղծէ նոր անջրպետներ եւ ցայտուն կը դարձնէ քաղաքին կերպարանափոխութիւնները պատերազմին պատճառով:

Իսկ Համմուտ Շանթութ բացատրեց, թէ ան կը փորձէ ամբողջ տիեզերքը կեդրոնացնել ծառին մէջ, որովհետեւ ան կը խորհրդանշէ մայրը, ապահովութիւնը, գուրգուրանքը… Ան աւելցուց, թէ ծառը կը պարփակէ իր ամբողջ կեանքը եւ արուեստագիտական հոլովոյթը: Շանթութ, բաղդատաբար բաց եւ թեթեւ գոյներով, կը ներկայացնէ իր ծննդավայրէն պատկերներ, ուր կը կրկնուի տունի նկարը իր ընդգրկած խորհրդանշական իմաստով. «Աուըր հոմ ին Համա», «Հաուս աֆ Մալուլա», «Արապ հոմ» եւ «Տը հոլի հաուս», որուն մէջ կարելի է նաեւ տեսնել հոգեւոր իմաստ մը:

IMG_3722

Չորս արուեստագէտները խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին` այս ցուցահանդէսին կազմակերպման համար:

Արուեստագէտներէն ետք խօսք առաւ Սուրէն Սարգիսեան, որ շնորհաւորեց ցուցասրահին անձնակազմը, որ տարբեր ինքնութիւններէ արուեստագէտներ համախմբած է «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ եւ առիթ ընծայած է արուեստասէր հանրութեան` ծանօթանալու այս արուեստագէտներուն:

Սուրիացի եւ իրաքցի չորս արուեստագէտներուն ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ շաբաթ, 28 մայիս, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. «Քննադատական Մտածողութիւնը Լիբանանահայ Վարժարաններու Մէջ» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?