Չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2015-ի, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 2015 տարեշրջանի հունձքի արժեւորման առիթով, ներկայութեամբ մտաւորականներու, գրողներու եւ ընթերցասէրներու խմբակի մը:
Հանդիպումին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան բարեմաղթութիւններով ողջունեց ներկաները Նոր տարուան սեմին եւ ըսաւ, որ հակառակ անցնող տարուան տնտեսական ու ապահովական ծանր պայմաններուն` «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը, տպարանը, գրատարածը, գրախանութը եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը աշխուժօրէն շարունակած են իրենց աշխատանքները եւ առաքելութիւնը: Ան համառօտ ձեւով ներկայացուց միամեայ իրագործումները եւ յայտնեց, որ հրատարակչատան գանձարանը հարստացած է աւելի քան 20 գիրքով եւ 10-է աւելի վերահրատարակութիւններով, իսկ ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած են 11 ցուցահանդէսներ:
Ան անդրադարձաւ Համազգայինի հրատարակչատան 85-ամեակին, որ պիտի նշուի 2016-ին. այս առիթով Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ, որ 85 տարիներ հայ գիրին, գրականութեան եւ գիրքին նկատմամբ ցուցաբերուած գուրգուրոտ վերաբերմունքը եւ արեւմտահայ գրականութեան ձեռք բերուած հարուստ շտեմարանը հարստութիւն են բովանդակ հայութեան: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց հրատարակչատան հիմնադիրներուն, հեղինակներուն, մեկենասներուն, որոնց հաւաքական ճիգին արգասիքն է նորօրեայ իրագործումները, ապա աւարտեց իր խօսքը մաղթելով, որ Համազգայինը շարունակէ իր երթը` հաւատալով հոսանքն ի վեր թիավարելու կոչումին, հայ հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման, հայ ժողովուրդի արժէքային համակարգի եւ հայութեան գոյերթի յառաջընթացի երաշխիքներու հզօրացման:


Խօսք առաւ լրագրող եւ մտաւորական Սարգիս Նաճարեան: Ան նախ մատնանշեց հրատարակչատուներուն եւ մասնաւորաբար «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան սպառիչ աշխատանքն ու նիւթական միջոցները, որոնք ի գործ կը դրուին ի խնդիր հայկական դպրութեան տարածումին ու ծանօթացումին, ապա հիմնուելով Աւետարանի խօսքին վրայ, թէ «Հունձքը առատ է, բայց աշխատաւորները` սակաւաթիւ», փոխաբերաբար հաստատեց, որ Համազգայինի 2015 տարեշրջանի հունձքը ոչ միայն առատ էր, այլեւ բարձրորակ, ընտիր ու գերազանց, շնորհիւ սակաւաթիւ, բայց նուիրեալ մշակներու տքնաջան աշխատանքին: Ան աւելցուց, որ նման աշխատանքներ ներկայ պայմաններուն տակ հոսանքն ի վեր թիավարելու նման մեծ ուժ կը պահանջեն, մինչ հունձքէն օգտուողները եւ անկէ հոգեմտաւոր սնունդ ստանալու տրամադրութիւն ցուցաբերողները դժբախտաբար սակաւաթիւ են: Միւս կողմէ, ան կարեւոր նկատեց գիրքի մարզին մէջ մօր ունեցած դերը զաւակներու ճաշակին ու նախասիրութիւններուն մշակումին մէջ, ապա կիսելով իր մտահոգութիւնը ներկաներուն հետ հարցադրեց, որ եթէ մայրեր ի սկզբանէ գրքասիրութեան եւ ընթերցանութեան ճաշակն ու նախասիրութիւնը չունին, ապա իրենց զաւակները ինչպէ՞ս ընթերցասէր պիտի ըլլան:
Սարգիս Նաճարեան նշեց նաեւ, որ հայ աշակերտին մօտ հայ գիրքին ու գրականութեան նկատմամբ սէր մշակելու պարտականութիւնը ճիշդ չէ միայն հայ դպրոցէն եւ հայերէնի ուսուցիչէն ակնկալել. այդ ակնկալութեան ուղղութիւնը հաւասարապէս պէտք է ուղղել ընտանիքի մօր: Ապա յայտնեց, որ մայրերը եւ յատկապէս երիտասարդ մայրերը ամէն գնով պէտք է ներգրաւուին ընթերցասիրութեան, գրականասիրութեան, գրքասիրութեան ճաշակը իրենց զաւակներուն մօտ մշակելու միտող աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն մէջ:
Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով .«Կարելի է հիանալ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ մատուցուած առատ հունձքին վրայ եւ ողջունել հունձքին մշակներն ու հոսանքն ի վեր թիավարելու գնով անոնց յարատեւութիւնը»:
Խօսք առաւ նաեւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան: Ան շնորհաւորեց Համազգայինի հրատարակչատունը հայ գիրքը տարածելուն եւ միամեայ իրագործումներուն առիթով: Ապա ըսաւ, թէ չէ եղած ժամանակ, երբ հայ գիրքը այսքան շքեղ, գեղեցիկ, հրապուրիչ հրատարակուած ըլլայ, սակայն նոյն ատեն չէ եղած որեւէ ժամանակ ու տեղ, ուր հայ գիրքը այսքան սակաւ ընթերցողներ ունեցած ըլլայ:
Ան տարակուսանք յայտնեց արհեստագիտական միջոցներով գրականութեան մէջ լիովին մխրճուելու կապակցութեամբ եւ ըսաւ, որ ելեկտրոնային տարբերակով կարելի է հազիւ խորագիրները ընթերցել, տեղեկութիւններուն եւ լուրերուն հետեւիլ, որովհետեւ սպառիչ տեղեկութիւնները առիթ չեն տար խոկալու կամ մտածելու: Միեւնոյն ժամանակ Երուանդ Փամպուքեան հաստատեց, որ թուայնացած գիրքերու ընթերցումը հաճոյք չի տար, ինչպէս տպագիր գիրքէն բանաստեղծութեան մը կամ վէպի մը ընթերցումը: Ան ըսաւ, թէ ներկայիս ընթերցելու հաճոյքը գրեթէ կորսուած է:
Ե. Փամպուքեան գնահատանքով նկատել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Համազգայինի հրատարակչատունը մեծ կարեւորութիւն ու արժէք տուած է եւ կու տայ մանկական գրականութեան, որովհետեւ հասարակութեան մէջ ամէնէն շատ մանուկներն են, որոնք կապուած են հայ գիրքին: Ան մաղթեց նաեւ, որ պատանեկան տարիքի յարմար հրատարակութիւններ ըլլան, որ նոյնպէս հետաքրքրեն պատանիները:
«Կը հաւատամ, որ եթէ մենք պէտք եղած ճիգը թափենք, անպայման կրնանք յառաջընթաց արձանագրել», ըսելով Փամպուքեան եզրափակեց իր խօսքը եւ կրկին անգամ շնորհաւորեց Համազգայինի հրատարակչատունն ու անոր բոլոր աշխատակիցները, որոնք կ՛աշխատին տքնաջանօրէն, որպէսզի հայ մշակոյթի արժէքները չմնան փակ, լոյս աշխարհ գան եւ սեփականութիւն ստանան:


Խօսք առաւ նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան նախ շնորհաւորեց ներկաները Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով, ապա բաժնեկցեցաւ իր մտորումներն ու խորհրդածութիւնները գիրքին ու ընթերցանութեան մասին: Ան դիտել տուաւ, որ մարդոց ներկայ սովորութիւններուն, ժամանցին եւ զարգացման միջոցներուն մէջ կանոնաւոր ընթերցանութիւնը շատ փոքր տեղ կը գրաւէ, ապա հաստատեց, որ գիրքը չէ մեռած եւ որոշ ժանրային գիրքեր տակաւին կը շարունակեն մեծ շուկայ ունենալ ու կը հրատարակուին շատ մեծ տպաքանակներով: Վեր. Փոլ Հայտոսթեան անդրադարձաւ նաեւ գիրքերու ելեկտրոնային տարբերակներուն եւ ըսաւ, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչներու որոշ տոկոս մը կը կարծէ, թէ թուայնացած գիրքերը փոխարինած են տպագիր գիրքը, մինչ իրականութեան մէջ ասիկա անցումային հանգրուան կարելի է սեպել:
Միւս կողմէ, ան կարեւոր նկատելով հայ դպրոցին դերը հայապահպանման հոլովոյթին մէջ շեշտեց, որ առանց հայ դպրոցի` հայատառ թերթն ու գիրքը չեն կրնար հայերէնը պահել ու զարգացնել: Հայ դպրոցը անվերապահ դեր ունի հայ գիրքին նկատմամբ հետաքրքրութեան յառաջացման ու կապուածութեան մէջ, ըսաւ ան, ապա հաստատեց, որ լեզուի համակարգին զարգացումը դպրոցին մէջ տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ լեզուն համակարգի եւ կանոնի կարիք ունի:
Վեր. Հայտոսթեան անդրադարձաւ նաեւ, թէ քիչ կարդալով հասարակութիւնները կ՛ունենան նուազ զարգացած, նուազ կեդրոնացած, նուազ հանդարտ ու հաղորդական սերունդ, մինչ գիրքերը օգտակար են հոգիին ու մտքին: Անոնք անձը կ՛առաջնորդեն հասունութեան, արթուն մնալու եւ գիտակից անհատ ըլլալու: Ան աւարտեց խօսքը մաղթելով լաւագոյնը` «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ բարի օրեր ու աստուածային իմաստութիւն` հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, թէ տարեվերջին մեր կատարած հաշուետուութիւնները առիթ են տեսնելու մեր առաւելութիւնները եւ սրբագրելու թերութիւնները, ապա աւելցուց. «Թէեւ մարդկութիւնը տագնապներու մէջ կը գտնուի, սակայն միշտ ալ յաջողութիւնները տագնապներէն կը ծնին»: Առաջնորդ սրբազան հայրը հաստատեց նաեւ, որ արձանագրուած յաջողութիւններով մեր գոյութեան երթին պայծառ արեւը կը շողայ: Ան բարձր գնահատեց Համազգայինի հրատարակչատունը, որ տակաւին պատնէշի վրայ է եւ իր բազմերես աշխատանքներով լիբանանահայ գաղութին ամէնէն աշխուժ կառոյցը կը նկատուի: Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը մաղթեց, որ գիրքը դարձեալ իր արժէքն ու դերը շարունակէ ունենալ մեր հասարակութեան մէջ` իբրեւ սերմ գալիք բերքահաւաքներուն, ապա ըսաւ. «Յառաջիկայ տարին միասնաբար գեղեցիկը կերտենք եւ գիրն ու գրականութիւնը մեր էութեան անբաժան մէկ մասնիկը դարձնենք:
Աւարտին ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հիւրասիրութեան մը սեղանին շուրջ համախմբուեցան ներկաները: Սրահին մէջ անկիւն մը տեղադրուած էին նաեւ տարուան ընթացքին Համազգայինի Վահէ Սէթեան» տպարանին հրատարակութիւններէն օրինակներ, որոնք տրամադրուեցան ներկաներուն: