Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժընեւեան Հայաբոյր Երեկոյ Մը ` Սուրիահայ Աշխարհահռչակ Երգչուհի Լենա Շամամեան Խրոխտ Կանգնեցաւ «Վիքթորիա Հոլ»-ի Բեմին Վրայ

December 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Վիրաւոր Սուրիոյ գաղթական զաւակները եւ ժընեւաբնակ երաժշտասէր ընտրանի մը, շուրջ հազար հանդիսատես, աւելի քան երկու ժամ անընդհատ, յոտնկայս ծափողջոյններու ընդմիջումներով, ունկնդրեցին սուրիահայ աշխարհահռչակ երգչուհի Լենա Շամամեանի իւրայատուկ կատարումները:

Ժընեւի «Վիքթորիա հոլ»-ը, իր դասական յարդարումով, եւրոպական բարձրորակ երաժշտական փարոս մըն է, ուր կը սլանան աշխարհահռչակ արուեստագէտներու կատարումները:

Շաբաթ, 5 դեկտեմբեր 2015-ին, Լենա Շամամեան իր արտակարգ ելոյթով այդ հորիզոնին բարձրացուց անմահն Կոմիտասն ու Կանաչեանը եւ արաբական երգարուեստը:

Սուրիոյ խաղաղ օրերուն արդէն իսկ իր արուեստով աշխարհահռչակ դարձած դամասկահայ Լենան ունէր իւրայատուկ արուեստի մը երկրպագուները` արաբական դասական երգը մեկնաբանելով արդիականի համեմումով, իր ետին ունենալով դաշնամուրն ու ճազը, ջութակն ու տհոլը: Դասականի կաղապարուած սահմաններէն դուրս գալու այս յատկութիւնը կրնայ պահ մը խորթ թուիլ, յատկապէս` նման սրահի մը պալատական  քանդակներուն տակ, միւս կողմէ, սակայն,  ծափերն ու կանչերը կը հաստատեն արդիականացման պաշտպաններու տեսակէտը:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Արաբական եւ միջերկրական մշակութային կեդրոնին կողմէ: Իր բացման խօսքին մէջ Ալան Պիթար յայտնեց, թէ  այս ձեռնարկին հասոյթը  «Թահատտի» կազմակերպութեան կողմէ պիտի յատկացուի  Լիբանան հաստատուած սուրիացի գաղթական մանուկներու կրթական կարիքներուն:

«Քուն եղիր, բալա՛ս» երգի գեղեցիկ ունկնդրութեամբ, մենք վերացանք Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ին մայրական ապրումներով, Լենային մեկնաբանութեամբ, առաջին իսկ երգով ան կամուրջ մը նետեց ներկայ խառն հանրութեան հետ` երգը բազմալեզու հրամցնելու իր յատկութեամբ:

Յայտագիրը կազմուած էր ընդհանրապէս արաբական դասական երաժշտական կտորներէ, Լենային մեկնաբանելու ոճը կը համընկնի Ֆէյրուզեան գանձարանին, այս շարքին մէջ անոր «Եա հաուա»-ն ալեկոծեց հայրենազուրկ սուրիացիներուն հոգիները օտարութեան մէջ, «Խտնի ալա պլատի» (տար մեզ մեր երկիրը) սրտխօսիկ նախադասութեամբ:

Հայ երաժշտութեան հայրն է Կոմիտաս, այսպէս ներկայացուց Լենան «Սարերի հովին մեռնեմ»-ը երգելէ առաջ, հոս հայորդիի մաքուր սէրը հայրենիքը եւ սիրահարը կը միախառնէ` անքակտելի կապ մը ստեղծելով հայրենասիրութեան եւ մարդ արարածի սիրոյ միջեւ:

Հալէպեան «Քտուտ»-ները անմասն չէին, «Եա մալ իլ Շամ» երգի «Եա րապպի թրճա զաման իլ աուալ» (Տէ՛ր Աստուած, վերադարձուր հինաւուրց օրերը) նախադասութիւնը արտասուաբեր ռումբի զօրութիւն ունեցաւ:

Խաղաղութեան եւ արդարութեան ծարաւը ապրող երկրագունդի տագնապին առիթով լսեցինք նաեւ Ճոն Լենոնի «Երեւակայութիւն» երգը, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով:

Լենան սրահը թնդացուց, երբ հանդիսատեսները  «Հալալ է ջան Լալէ» կրկներգի մասնակցութեան հրաւիրեց` երգը դասական մեկնաբանութենէն փոխադրելով արագ կատարողական նորարարութիւն, յոտնկայս ծափերու տարափին տակ կրկնելով այս երգը` յայտագիրը իր աւարտին հասաւ, Մեսրոպի լեզուով ինչպէս սկսած էր մայրական «Օրօր»-ով:

Լենա Շամամեանին անունը ծանուցումներուն վրայ երեք լեզուներով` ֆրանսերէնի, հայերէնի եւ արաբերէնի յաջորդականութեամբ, եւ որպէս սուրիացի հայ ծանօթացումի երեւոյթը իր պարզութեամբ կը հաստատէ համբաւաւոր հայ արուեստագիտուհիի մը հայրենասէր նկարագիրը, իսկ Սուրիոյ գաղթական որբերու նպաստը կը ցոլացնէ անոր երախտագէտ եւ մարդասէր հոգին:

Ժընեւեան տարագիր երկամեայ կեանքս ցարդ նման հայաշունչ մթնոլորտի մը մէջ չէր վերացած` շնորհիւ սուրիահայու հպարտութիւն առթող Լենա Շամամեանի անմոռանալի երեկոյին:

Ժընեւ                 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անշէջ Հուրը

Յաջորդը

«Մայր» Ու «Որդի» Արարատի Գագաթին (Վարդան Մելքոնեանին Եւ Մարիա Ճէյքըպսընին)

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.