Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 125-Ամեակին Առիթով Աննախընթաց Նուիրահաւաք. 1 Միլիոն 350 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Հայ Դատի Աշխատանքներուն

December 3, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

TPY15-(657)

Երէկ` չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած կալա-ընթրիքը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ իւրայատուկ նուիրահաւաք, եւ Հայ դատի աշխատանքներուն ի նպաստ հանգանակուեցաւ 1 միլիոն 350 հազար տոլար:

TPY15-(270)

TPY15-(259)Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղի ունեցած կալա-ընթրիքին ներկայ էին նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մըքարիի ներկայացուցիչ տիկին Մահա Մըքարի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Միջին Արեւելքի հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ եւ փոխվարչապետ Միշել Մըր, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ նախկին նախարար Ուալիտ Տաուք, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլա, Ապպաս Հաշեմ եւ Իպրահիմ Քանաան, նախկին նախարարներ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, Ռեմոն Աուտէ, Ֆատի Ապպուտ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուի,  նախկին երեսփոխան Սելիմ Հապիպ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդի անդամ նախկին նախարարներ Շահէ Պարսումեան, Ժաք Չուխատարեան, Աբրահամ Տէտէեան, Սեպուհ Յովնանեան, Ալեն Թապուրեան, Զօր. Փանոս Մանճեան, Վրէժ Սապունճեան եւ նախկին երեսփոխան տոքթ. Նուրիճան Տեմիրճեան, Դրամատուներու արաբական ընկերակցութիւններու նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ, լիբանանեան դրամատուներու նախագահներ, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Յարութիւն Սամուէլեան, կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Պերճ Հաճեան, մեծ թիւով քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, տեղացի գործարարներ եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործին զօրավիգ հանդիսացող մեծ թիւով հայորդիներ:

Ալիս Պօղոսեան
Ալիս Պօղոսեան
Յակոբ Հաւաթեան
Յակոբ Հաւաթեան

Երեկոյեան բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Ալիս Պօղոսեան, որ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան սկզբունքներուն եւ անոր հաւասարակշռուած քաղաքականութեան:

Ապա խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ ՀՅԴ-ի 125-ամեակը ժողովուրդին տօնն է, երազներու իրականացման տօնն է. անոր համաձայն, Դաշնակցութեան զօրավիգ, քաջալեր եւ նեցուկ կանգնողներուն դիմաց կուսակցութիւնը կը դրուի յաւելեալ պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան դիմաց` շարունակելու իր պահանջատիրական երթն ու պայքարը:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Հրանդ Մարգարեան
Հրանդ Մարգարեան
Յակոբ Բագրատունի
Յակոբ Բագրատունի

Անկէ ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, թէ բնական պայմաններու մէջ տեղի չ՛ունենար Դաշնակցութեան 125-ամեակը, բայց եւ այնպէս կուսակցութիւնը վարժ է դժուար պայմաններու մէջ իսկ պայքար մղելու, յաղթանակ կերտելու եւ տօնակատարելու: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած ընդունելութեան առիթով համախմբուած են զանազան ուղղութիւններու եւ շերտերու ներկայացուցիչներ` ողջունելու ՀՅԴ-ի 125-ամեայ գործունէութիւնը, որ նպատակաուղղուած է հայութեան ու Հայաստանի շահերուն եւ կը միտի բոլոր ձեւերով անոնց ծառայել: Յ. Բագրատունի գոհունակութեամբ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը առանձին չէ իր պայքարին մէջ, այլ միշտ իր կողքին ունեցած է իր առաքելութեան հաւատացողներ եւ զօրակցողներ, որոնց շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ առաւել եւս հասնիլ ժողովուրդին: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան տրուածին փոխարէն անիկա հազարապատիկ կը վերադարձնէ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան 125-ամեակը նաեւ կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, եւ այս ծիրին մէջ Դաշնակցութիւնը կրնայ հաստատակամ յայտարարել, որ այս առումով միասնականութեան գոյացման մէջ ունեցած է իր ներդրումը, որովհետեւ հայութիւնը մէկ մարդու նման համախմբուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շուրջ եւ իր պահանջատէրի ձայնը լսելի դարձուց աշխարհին: Հրանդ Մարգարեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապին` դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը ճիգ ի գործ դրաւ, որպէսզի գաղութը նուազագոյն վնասով դուրս գայ այդ պատերազմական վիճակէն: Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան ներկայութեան եւ դերակատարութեան մասին` յատուկ կերպով ծանրանալով սահմանադրական փոփոխութեան վրայ:

Հրանդ Մարգարեան ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները, որոնք թեւ ու թիկունք են Դաշնակցութեան, կը հաւատան անոր զոհաբերութեան, կ՛արժեւորեն զայն եւ իբրեւ զինակից մաս կը կազմեն տարուած պայքարին:

Արամ Ա. կաթողիկոս
Արամ Ա. կաթողիկոս
TPY15-(1068)
Ցոլակ Թիւթէլեան, Հրանդ Մարգարեան, Էլիաս Ապու Սաապ եւ Յակոբ Բագրատուն

Աւարտին խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ շեշտը դրաւ տալու, նուիրելու արարքին մէջ գոյութիւն ունեցող գոհունակութեան զգացումին վրայ` շեշտելով, որ մարդ պէտք է ուրախանայ ուրիշը ուրախացնելով, իսկ այս հանգանակութեան պարագային կատարուած նուիրահաւաքը պիտի ծառայէ շատ կարեւոր եւ հիմնական նպատակի մը` Հայ դատի աշխատանքներուն: Ան նաեւ խօսեցաւ Լիբանանին կառչածութեան, Հայ դատին կողքին նաեւ Լիբանանի դատին նուիրուելու երեւոյթին մասին:

Աւարտին հատուեցաւ Դաշնակցութեան 125-ամեակի կարկանդակը:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ Այսօր Քուէարկութեան Պիտի Դրուի Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծ Մը

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Հայ Ըմբիշները Կը Մասնակցին Նուսուեւի Յուշամրցաշարքին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրբաթ Օր Եւ Բանակցային Փուլի  Կայացման Հաւանականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրբաթ Օր Եւ Բանակցային Փուլի Կայացման Հաւանականութիւնը

February 23, 2026
Ըստ Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը.  Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի  Բանակցութիւնները` Մարտի Սկզբնաւորութեան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի Բանակցութիւնները` Մարտի Սկզբնաւորութեան

February 23, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Միացեալ Նահանգներ-Իրան  Բանակցութիւններ Ուրբաթ Օր, Եթէ…
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններ Ուրբաթ Օր, Եթէ…

February 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.