Ն. Բ.
Վերջերս թրքական մամուլը տեղեկացուց, որ Կարս նահանգի Տեկոր գաւառին մէջ գտնուող հայկական հինգ եկեղեցիներէն միակ կանգուն մնացածը` Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, փլուզման վտանգի տակ է:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը գրած է, որ եկեղեցին կարճ ժամանակի ընթացքին վերջնականապէս պիտի կործանի` միւս չորս եկեղեցիներուն նման:
Ախոռի վերածուած այս եկեղեցւոյ պատերը փլած են, իսկ քարերը` փոխադրուած տեղւոյն բնակիչներուն կողմէ, նաեւ եկեղեցւոյ որոշ հատուածները քանդուած են գանձախոյզներու կողմէ:
Օրին տրուած լուրին կցուած էր լուսանկար մը, որ տարբեր եկեղեցի է, Ս. Սարգիսը չէ, այլ Տեկորի եկեղեցին է: Այս մատնանշումը կատարեց պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը:
«Այս լուրին ընթերցումը զիս տարաւ բաւական ետ` 1966 թուական, երբ Միացեալ Նահանգներէն երկու ամերիկացիներ եկած էին Պէյրութ, ուրկէ պիտի անցնէին Թուրքիա` արեւելեան նահանգներ, կին մը ու այր մարդ մը` նախկին զինուորական եւ մասնագէտ ուժանակի (տինամիթի), կինը խմբագիր էր ամերիկեան թերթի մը` «Ճիոկրաֆիքըլ մեկեզին»-ին, որ բաւական լուրջ թերթ մըն էր», այս մասին «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան` անդրադառնալով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական կոթողներուն վերաբերող հսկայական աշխատանքի մը, որ 1972-ին կատարուած էր:
Ան յայտնեց, որ երբ Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով ստեղծուած Հայ դատի մարմինի անդամները իմացած են, որ տուեալ անձերը նման ծրագիր մը ունին, ուղղակի կապ հաստատած են անոնց հետ` առաջարկելով յաւելեալ բոլոր ծախսերը հոգալ` խնդրելով, որ իրենց մատնանշած վայրերն ալ այցելեն: «Յատկապէս այս առնչութեամբ մեծ հետաքրքրութիւն ունէր Հրաչ Տասնապետեանը, որ յատուկ սէր ու հակում ունէր հայկական ճարտարապետութեան նկատմամբ: Այս առնչութեամբ նշեմ, որ երբ 50-ամեակին առիթով գրքոյկներ պատրաստեցինք, անոր մէջ պատմական բաժինը ես կը ստանձնէի, իրաւական բաժինը Շաւարշ Թորիկեանը կը գրէր, գրական բաժինը` «Եղեռնի զոհեր» խորագիրով, Վահէ Օշականը կը կատարէր, իսկ ճարտարապետական ցեղասպանութիւնն ալ Տասնապետեանը կը ստանձնէր:
Օրին Հ. Տասնապետեանը կազմեց շատ մանրամասն, շուրջ 20 էջնոց ցուցակ մը, թէ ո՛ր վայրերուն մէջ կան հայկական պատմական յուշարձաններ, որոնց վիճակը կ՛ուզէինք գիտնալ: Այս անձերը յանձն առին այս աշխատանքը եւ մեր տուած ուղեցոյցին հիման վրայ գացին: Բաւական ժամանակ անց, շուրջ 50 օր ետք վերադարձան մեզի համար մեծ հարստութեամբ` 2000 գունաւոր լուսանկարներով, որոնց հիման վրայ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան «Հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններ» անունով եռալեզու` հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով գունաւոր շքեղ հատորներ», ըսաւ Ե. Փամպուքեան:
Այդ լուսանկարները պատկառելի ու գեղեցիկ կերպով օգտագործուած են այդ հատորներուն մէջ, ուր երբեմն նաեւ այդ յուշարձաններուն նախկին վիճակը պատկերող նկարներ զետեղուած են` իբրեւ բաղդատական:
«Այդ նկարներուն մէջ կան տեղեկութիւններ թէ՛ Տեկորի եւ թէ՛ Խծկոնքի մասին. վերջինը համալիր մըն է, զոր Պէշ քինիսէ կը կոչէին, որովհետեւ բաղկացած էր հինգ եկեղեցիներէ, որոնք պայթեցուած էին, սարահարթին վրայ կը գտնուէին, եւ գնդապետը իրեն հետ բերած էր արկղի մը մէջ զետեղուած քարի կտորներ, զորս քիմիական քննութիւններու ենթարկելէ ետք եզրակացուց, որ ուժանակով պայթեցուած էին: Քարերը օրին արկղի մը մէջ յանձնեց Ճեմարանի տարրալուծարանին:
«Հինգ եկեղեցիներէն կանգուն մնացած էր միայն Ս. Սարգիսը, որուն նկարին երբ լաւապէս նայիս, կը տեսնես, որ պատերուն վրայ ճեղքեր կան, փլած բաժիններ ալ կան, սակայն հիմերը չեն կրցած խախտել: Ասիկա Վեստ Սարգիս իշխանին շինել տուած եկեղեցին էր: Վանքը իր համալիրով կը կոչուէր Խծկոնք, անոր հինգ եկեղեցիներն են` Սուրբ Կարապետ, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Գրիգոր եւ Սուրբ Սարգիս», ըսաւ ան:
Այս եկեղեցիները ընդգրկող վանական համալիրը` Խծկոնքը, որ կառուցուած է 1920 թուականին, եկեղեցիներու սքանչելի անսամպլ մըն է: Ան ներքնապէս քառապսիտ է եւ ունի անկիւնային չորս աւանդատուներ, բայց արտաքնապէս առնուած է բազմանիստ ծաւալի մէջ:
Պարզութեան մէջ գեղեցկութեան սքանչելի կառոյց մըն է արտաքին երեսներն ու անկիւնային գիծերը շեշտող որմնասիւնիկներու եւ կամարաշարքերու դրութիւնը: Գմբէթը ունի հովհարաձեւ ծածկ: Արտաքին երեսները կը կրեն բազմաթիւ արձանագրութիւններ:
«Ամէնէն կարեւորը այն էր, որ մենք այդ լուսանկարներէն 500 հատ, լաւագոյնները, ընտրովի ղրկեցինք Հայաստան` Մօրուս Հասրաթեանին, Երեւանի պետական թանգարանի տնօրէնին, որ մեզի հետ սերտ կապի մէջ էր: Ուրախ եմ ըսելու, որ այդ նկարները Հայաստանի մէջ օգտագործուեցան Հանրագիտարանին մէջ, թէեւ մեր անունը, բնականաբար այդ ժամանակներուն չէ յիշուած: Հանրագիտարանին մէջ եղած Արեւմտեան Հայաստանի լուսանկարներուն մեծամասնութիւնը` Կարսի, Տիգրանակերտի, Վանի, Անիի, Վասպուրականի եւ այլն, մեր ուղարկածներն են:
«Տեկորը բաւական հին է, 5-րդ դարու երկրորդ կիսուն կառուցուած է, ժամանակաշրջան մը, երբ հայոց ճարտարապետութեան մէջ բուն ազգային ոճի անցում կը կատարուէր. հին յունական ոճի պազիլիքայէն, ասորական ձեւի եկեղեցիներէն հայկական ոճի կազմաւորումը կը սկսէր, ինչ որ յստակ է Տեկորի մէջ: Բայց դժբախտաբար Տեկորին նկարներուն մէջ յստակ կ՛երեւէր, որ ամբողջ սրբատաշ քարերը` ներսէն ու դուրսէն, քակած ու տարած էին, ինչ որ թուրքերուն կողմէ գործադրուած սովորական արարք մըն է. այդ քարերը իբրեւ պատրաստ քար կ՛առնէին, կը տանէին իրենց տուներու շինութեան օգտագործելու նպատակով:
«Խծկոնքը 11-րդ դարուն սկսած է կառուցուիլ, Ս. Սարգիս եկեղեցին Վեստ Սարգիսը շինել տուած է 1033-ին, միայն ատիկա կանգուն էր, միւսները հիմնայատակ քանդուած էին նոյնիսկ անոնց հիմերը կ’երեւէին», դիտել տուաւ Երուանդ Փամպուքեան:
Ըստ անոր, Հայաստանի եկեղեցիները շատ թանձր պատեր կ՛ունենային` երբեմն մէկ մեթր, նոյնիսկ երբեմն մէկ մեթր քառորդ հաստութեամբ, երկու կողմէն պատուած սրբատաշ քարերով, ներքին եւ արտաքին կողմէն, մէջը շաղախ կը լեցնէին: Երբ թուրքերը երկու կողմի սրբատաշ քարերը հանած ու տարած են, եկեղեցւոյ պատերուն միայն շաղախի բաժինը մերկութեամբ մնացած է, հաւանաբար կան մինչեւ հիմա: Տեկորի պարագային այդպէս էր:
Երկուքը կը գտնուին նոյն վայրին մէջ, սակայն բաւական հեռու են իրարմէ, հասարակաց գետակ մը կայ, Տեկոր անունով, որ կ’երթայ ու կը թափի Ախուրեանի մէջ: Երկուքն ալ այդ գետեզերքին կառուցուած են:
«Մինչ այդ ըսեմ, որ Հայաստան կատարած իմ այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին ինծի ըսած են, թէ Գիւմրիէն (այն ատեն Լենինական), որ սահմանին մօտիկ է, ուժգին պայթումներու ձայներ լսած են սահմանին միւս կողմէ, եւ աւելի ուշ յստակացաւ, որ ուժանակով հայկական եկեղեցիները պայթեցուած են», ըսաւ Փամպուքեան:
Ան աւելցուց, որ այս առիթով արժէ յիշել, որ այս բոլորը օրին լաւապէս ուսումնասիրուած են Թորոս Թորամանեանի կողմէ, որ լաւ մարդ էր, Իտալիա ուսանած էր, սակայն տերվիշի նման կ’ապրէր, իր ուսումնասիրութիւններուն համար երբ հեռու տեղեր երթար, սովորական հաց-պանիր տարած կ’ըլլար իրեն հետ, այդ պատճառով ալ զինք սովորական մարդ կը կարծէին եւ վարպետ կը կոչէին: Ան յատակապէս նշանաւոր դարձաւ Զուարթնոց տաճարի յատակագիծի վերակազմութեամբ, իր տեսութեամբ, Զուարթնոցը եղած է բոլորակ, եռայարկ եկեղեցի: Օրին նշանաւոր ճարտարապետներ քննադատած են Թորամանեանի այս տեսութիւնը, սակայն աւելի ուշ փաստեր եկան ապացուցելու, որ ան ճիշդ էր: Անիի պեղումներուն ժամանակ ռուսական ակադեմիան Ս. Փեթերսպուրկէն գիտնականներու արշաւախումբ մը ղրկեց հոն` գլխաւորութեամբ Ն. Մառի, որ Թորամանեանը ներառեց աշխատանքներուն մէջ: Անիի պեղումներուն ընթացքին ան յայտնաբերեց եկեղեցի մը, որ Գագկաշէն եկեղեցի կը կոչուի, որովհետեւ Գագիկ թագաւոր կառուցել տուած է զայն, եւ այդ եկեղեցին լման փլատակ էր, սակայն կային հիմքերը, որոնց ընդմէջէն կարելի եղաւ եզրակացնել, որ անիկա բոլորակաձեւ եկեղեցի եղած է, հոն կար նաեւ թագաւորին արձանը, ձեռքը, իսկ մանրանկարէն կարելի եղաւ փաստել, որ անիկա եռայարկ եւ բոլորակաձեւ է: Թորոս Թորամանեանը նաեւ մատենագիտութեան մէջ գտաւ վկայութիւն մը, ըստ որուն, թագաւորը այդ եկեղեցին այդ ձեւով շինել տուած է, որպէսզի անիկա յար եւ նման ըլլայ Զուարթնոց եկեղեցիին, որ փուլ էր եկած: Այս փաստէն ետք բոլոր քննադատութիւնները ջրուեցան, ըսաւ Փամպուքեան:
Ներկայիս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող հայկական կոթողներուն եւ եկեղեցիներուն վիճակին վատթարացած ըլլալուն մասին խօսելով` Երուանդ Փամպուքեան դիտել տուաւ, որ ո՛չ միայն բաւական վատ վիճակի մէջ են հայկական կառոյցները, այլ նաեւ վախ կայ, որ անոնք այլակերպուին: Ըստ անոր, թէեւ Ս. Խաչի Աղթամար եկեղեցւոյ պարագային զբօսաշրջութեան նպատակներով եւ անոր վրայ եղած լուսարձակները նկատի առնելով` թուրքերը չաղաւաղեցին հայկականութիւնը, սակայն աւելի լքեալ այլ եկեղեցիներու պարագային չեն բացառուած նման արարքներ` վերաշինութեան պատրուակով: Նաեւ ժողովրդային մակարդակի վրայ լուրեր կը տարածուին այն մասին, որ տուեալ կառոյցներուն մէջ գանձեր կան, որպէսզի սովորական մարդիկ այդ գանձի փնտռտուքի ատեն աւելի եւս քանդեն հայկական կառոյցները: Ե. Փամպուքեան դիտել տուաւ, որ ասիկա եւս պատմութիւնը ջնջելու քաղաքականութեան մաս կը կազմէ:
Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ տարածքին 2400 հայկական վանք ու եկեղեցի կար, ցուցակագրուած են անոնք: Ըսեմ նաեւ, որ կիսականգուն կամ փլատակ վիճակի մէջ եղող եկեղեցիները ուսումնասիրելու համար նաեւ ֆրանսացի այլ զոյգ մը գնաց հոն, մասնագիտական կերպով սերտեցին կացութիւնը եւ նախ պարբերաթերթերով, ապա յատուկ գիրքով հրատարակեցին իրենց հաւաքած տեղեկութիւնները:
Ան նաեւ ըսաւ, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ եկեղեցիները թէեւ չէին քանդեր, սակայն այնքան լքեալ վիճակի մէջ էին, որ ինքնաբերաբար քիչ քիչ կը քանդուէին: Իսկ այն եկեղեցիները, որոնք լաւ վիճակի մէջ էին, կոլխոզներու պահեստանոցի վերածուած էին: «1963 թուականին, երբ ուսուցիչներու խումբի մը հետ Հայաստան գացի, ես աւելի երկար մնացի, կրթութեան նախարարութեան հիւրը եղայ, եւ անոնք ըսին, թէ իրենք զիս պիտի տանէին հոն, ուր կ’ուզէի: Պէտք է ըսել, որ համայնավարութեան ժամանակաշրջանին իշխանութեան վրայ գտնուողները երկու խմբակի կարելի է բաժնել. կային վարչակարգին մարդիկը, որոնք ամուր դիրքեր ունէին, սակայն հայրենասէրներ էին խորքին մէջ, իսկ միւսները ծայրայեղական էին: Կրթութեան նախարարը լաւ մարդ էր: Օրին կար նաեւ Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէ, որ իրենց զբօսաշրջութեան կազմակերպութիւնն էր, Հայաստանի մէջ այդ կառոյցին տնօրէնը Փերսափէ Գրիգորեանն էր, շատ հեղինակաւոր, զօրաւոր կին մը: Օր մը ան ուզած էր տեսնուիլ հետս, խնդրեց, որ տպաւորութիւններս յայտնեմ: Մինչ այդ անոնք նոր սկսած էին աշխատանքի, մեզմէ տարի մը առաջ` 1962-ին առաջին հրաւէրը ուղղուած էր, Լիբանանէն գացին Մուշեղ Իշխանը, Հրաչ Տասնապետեանը, Հալէպէն Էլոյեանը, Տօնապետեանը, իսկ երկրորդ տարին 22 գացողներուն մէջ էինք ես ու հայր Տասնապետեանը, որ այդ ատեն կուսակցական չէր: Փ. Գրիգորեանը ըսաւ, որ տպաւորութիւններս կ’ուզէ, որպէսզի եթէ թերացումներ կան, ուղղեն: Դիտողութիւններս ըրի, մատնանշեցի, որ մասնակիցները միայն պատմական քանի մը վայր տարուած էին, իսկ միւս յուշակոթողներուն եւ եկեղեցիներուն այցելութեան չէին տարած: Ան խոստացաւ ծրագիր մը կազմել ինծի համար, որպէսզի փափաքած վայրս երթայի, նոյնիսկ պզտիկ օդանաւով պատրաստ էին տանելու, որովհետեւ ճամբաները ապահով չէին այն ատեն: Գացին Հաղբատ, Սանահին, Սեւանի շրջան, Կարմիր Բլուր, Էրեբունի, պեղումներու շրջաններ եւ այլն: Իբր թէ ինծի հետ պտտելու համար ճշդած էին ուղեցոյց մը… Այն եկեղեցիները, որոնք նշանաւոր էին իբրեւ զբօսաշրջիկներու այցելութեան վայր, բաւական բարեկարգ վիճակի մէջ էին, սակայն մնացեալը լքեալ էր: Իւրաքանչիւր շրջան, որ կ’երթայի, տեղւոյն պատասխանատուները, պետական գործիչները արդէն տեղեկացած կ’ըլլային, թէ ո՛վ է այցելուն: Օրինակ` ես խնդրեցի երթալ Օձուն, սակայն փորձեցին խուսափիլ շրջանի պատասխանատուները: Ինծի ընկերակցողը` Գրիգոր Քէշիշեան, ներգաղթած հայ մը, գրող էր, Մելքոնեան վարժարանէն շրջանաւարտ էր, մէկդի տարաւ այդ անձերէն մէկը, քանի մը վայրկեան խօսելէ ետք համաձայնութիւն տուին, որ երթամ: Ինծի ընկերացողը յետոյ պատմեց, որ անոնք չեն ուզած Օձուն երթամ, որովհետեւ անիկա կոլխոզի պահեստանոցի վերածուած էր, սակայն ընկերակիցս պատասխանած է, որ ես արդէն ամէն ինչ գիտէի, ցանկեր ունէի այդ մասին, ուստի եթէ չտանէին զիս, աւելի մեծ կասկածներ կրնայի ունենալ: Գացինք Օձուն, սակայն դուռը չբացուեցաւ, միայն դուրսէն կրցանք տեսնել: Այն ատեն մտածեցի, որ թերեւս տեղ մը բարեբախտութիւն էր պահեստանոցի վերածելը, որպէսզի յաւելեալ ուշադրութեան արժանանար, այլապէս կատարեալ լքեալ վիճակի մէջ պիտի մնային անոնք», եզրափակեց Երուանդ Փամպուքեան:
Լուսանկարները` 1972-ին լոյս տեսած «Հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններ» հատորէն