Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհին Շուրջ` Արեւուն Շնորհիւ

Մայիս 9, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

5-09-15_otanav-1Մարտ ամսուն «Սոլար իմփալս» օդանաւը թռիչք առաւ հանգրուաններով աշխարհին շուրջը ընելու համար: Մինչ միւս օդանաւերը իբրեւ վառելանիւթ քարիւղ կը գործածեն բանելու համար, այս արեւային օդանաւը կ՛աշխատի շնորհիւ արեւուն ուժանիւթին: Ծանօթանանք այս իւրայատուկ օդանաւին:

Աշխարհին շուրջը արեւային օդանաւով դառնալու ծրագիրը սկսած է 12 տարիներ առաջ: Զուիցերիացի գիտնական եւ արկածախնդիր Պերթրան Փիքար այս գաղափարը յղացած է օդաչուի մը` Անտրէ Պորշպըրկի հետ: Առաջին արեւային օդանաւէ մը ետք, «Սոլար իմփալս»-ը թիւ 2 օդանաւն է:

***

«Սոլար իմփալս» ծածկուած է արեւային «տախտակներով» արեւուն ուժանիւթը ամբարելու համար. այս ուժանիւթին շնորհիւ է, որ շարժակները կը բանին: Արեւուն շնորհիւ` մարտկոցները կը լեցուին օրուան ընթացքին: Իսկ իրիկունը անոնք օդանաւին կարելիութիւնը կու տան իր թռիչքը շարունակելու մինչեւ արեւուն ծագիլը յաջորդ առտու:

***

5-09-15_otanav-25-09-15_otanav-3«Սոլար իմփալս»-ին թեւերը ամէնէն մեծ օդանաւերուն թեւերուն նման երկար են, սակայն անոնք հազիւ ինքնաշարժի մը ծանրութիւնը ունին: Այս օդանաւը շինուած է երկարատեւ թռիչքի համար, հետեւաբար ան ուրիշ օդանաւի մը բաղդատմամբ, շատ արագ չէ (ժամական 50-100 քմ արագութիւն), սակայն ան կրնայ թռչիլ դասական օդանաւէ մը աւելի երկար ժամանակ: Օդանաւին առջեւը գոյութիւն ունի օդաչուին համար փոքրիկ խցիկ մը:

***

Ճարտարագէտներ շատ աշխատած են այս օդանաւը մէջտեղ բերելու համար: Անոնք հարցեր ունեցած են. հետեւաբար այդ հարցերը լուծելու համար անոնք գիւտեր կատարած են: Օրինակի համար, անոնց աշխատանքը կարելիութիւն տուած է ստեղծելու կատարելագործուած եւ թեթեւ մարտկոցներ: Այս մարտկոցները կրնան գործածուիլ ելեկտրական ինքնաշարժները բանեցնելու համար:

 

 Հետաքրքրական Լուրեր

Վստահաբար նշմարած ես, թէ յաճախ կը նշուի բանի մը միջազգային օրը: Կան շատ լուրջ միջազգային օրեր, ինչպէս` Մանուկներու միջազգային օրը: Կան նաեւ ուրիշ նուազ ճանչցուած միջազգային օրեր, ինչպէս` 3 ապրիլին նշուած Բարձերու կռիւի միջազգային օրը, 3 մայիսին` Խնդուքի միջազգային օրը եւ Արեւուն միջազգային օրը, 25 մայիսին` Անձեռոցի միջազգային օրը, 26 մայիսին` Խաղերու տօնին միջազգային օրը, 13 յունիս` Հիւսքի միջազգային օրը:

* * *

5-09-15_lourer-1Արդեօք կրնա՞ս երեւակայել, թէ ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ դպրոց երթայիր մարդամեքենայի մը հետ: Այս փորձառութիւնը արդէն կ՛ապրին Ֆրանսայի Փիւթօ քաղաքին կարգ մը դպրոցներու աշակերտները:

Քաղաքը որոշած է գնել Նաօ կոչուած երկու մարդամեքենաներ, որոնք խօսելու, լսելու, քալելու, եւ պատմութիւններ պատմելու կարողութիւնը ունին: Այս քայլին նպատակն է աշակերտներուն օգնել` զարգացնելու իրենց խմբային աշխատանքի կարողութիւնները եւ ծանօթացնելու գիտութիւններուն:

Իսկ դո՞ւն, ի՞նչ պիտի ընէիր 58 սմ հասակ եւ 4.8 քիլօ կշռող նման մարդամեքենայ «ընկերոջ» մը հետ:

* * *

5-09-15_lourer-2Լոնտոնի թանգարաններէն մէկը տարօրինակ անակնկալ մը պատրաստած է իր այցելուներուն համար: «Տալուիչ Փիքչըր կալըրի»-ի 270 արուեստի գործերէն մէկ հատը փոխարինուած  է…

Կեղծ գեղանկարով մը, սակայն ոչ մէկ ցուցմունքներ տուած են զայն գտնելու համար:

Այս ձեւով թանգարանին պատասխանատուները ուզած են մղել իւրաքանչիւր այցելու` բնականէն աւելի ուշադիր դիտել գործերը եւ գտնել կեղծ գեղանկարը, որ գծել տրուած էր Չինաստանի մէջ, մօտաւորապէս 150 տոլարի:

Կեղծ գեղանկարը կախուեցաւ 10 փետրուարին: Երեք ամսուան ընթացքին մօտաւորապէս 3000 այցելուներ քուէարկեցին: Անոնցմէ միայն 10 առ հարիւրը կռահեց, թէ փոխարինուած գործը 18-րդ դարու Ժան-Հոնորէ Ֆրակոնարի «Երիտասարդ կին» գեղանկարն էր:

* * *

5-09-15_lourer-31969 թուականին Նիլ Արմսթրոնկ եղաւ առաջին մարդ արարածը, որ իր ոտքը դրաւ լուսինին վրայ: Այս ճամբորդութենէն վերադարձին, գաղտնապահ Արմսթրոնկ պզտիկ յիշատակներ պահած է իր ճամբորդութենէն, յատկապէս այն քամերան, որ լուսինին վրայ իջնելը նկարած է:

Օգոստոս 2012-ին պատահած անոր մահէն ետք է որ անոր կինը գտած է այդ նշանաւոր պայուսակը, ուր դրուած էին նաեւ գործիքներ, հայելի մը կամ լարեր: Իսկական գանձ մը, որ յանձնուեցաւ «Սմիցոնիան նաշընըլ էր էնտ սփէյս միւզիում»-ի, Ուաշինկթընի մէջ անջրպետագնացութեան յատուկ թանգարանին:

 

Հարցարան

Ընդհանուր Գիտելիքներ

5-09-15_hartsaran1) Պրազիլի մէջ, Բարեկենդանին, ամէն մարդ իբրեւ հտպիտ կը ծպտուի:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

2) Հարաւային Ամերիկայի մէջ ամէնէն շատ խօսուած լեզուներն են…
ա – անգլերէն եւ ֆրանսերէն, բ – անգլերէն եւ սպաներէն, գ – սպաներէն եւ փորթուգալերէն, դ – գերմաներէն եւ ֆրանսերէն

3) Ի՞նչ նիւթով շինուած է Էյֆֆել աշտարակը:
ա – Փայտէ, բ – Երկաթէ, գ – Քարէ

4) Անգլիոյ թագուհին նաեւ ո՞ր երկրի թագուհին է:
ա – Միացեալ Նահանգներու, բ – Քենիոյ, գ – Աւստրալիոյ, դ – Հնդկաստանի

5) Մեքսիքացիները սոմպրերոներ (լայն գլխարկ) կը դնեն, երբ տխուր են:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

6) Ինչո՞ւ Զատկուան կղզին հռչակաւոր է:
ա – Հոն միայն անասուններ կ՛ապրին, բ – Անոր ծովափին վրայ հսկայ արձաններ կան, գ – Տարբեր տեսակի նապաստակներ կ՛ապրին հոն, դ – Անիկա կղզի չէ

7) Մեքսիքայի մէջ բուրգեր չկան:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

8) Ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներու դրօշակներուն վրայ գոյութիւն ունի կանաչ գոյնը, որ կը ներկայացնէ ցամաքամասին բազմաթիւ անտառները:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

9) Որքա՞ն է Չինաստանի Մեծ պատին երկարութիւնը:
ա – Մօտաւորապէս 8,9 քմ, բ – Մօտաւորապէս 89 քմ, գ – Մօտաւորապէս 890 քմ, դ – Մօտաւորապէս 8900 քմ

10) Ո՞ր երկրէն էր դէպի անջրպետ ճամբորդած առաջին մարդը` Եուրի Կակարին:
ա – Միացեալ Նահանգներէն, – բ- Չինաստանէն, գ – Ռուսիայէն, դ – Արժանթինէն:

11) Շուն մը եւ կապիկ մը արդէն դէպի անջրպետ ճամբորդած են:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

12) Ամէնէն տարիքոտ աստղանաւորդը Ճոն Կլենն էր: Ան անջրպետ գնաց 77 տարեկանին:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

13) Եթէ կ՛ուզես երկրագունդին վրայ մէկ մեթր ցատկել, քանի՞ մեթր ցատկած կ՛ըլլաս լուսինին վրայ:
ա – 2 մեթր, բ – 4 մեթր, գ – 6 մեթր, դ – 8 մեթր

14) Ո՞ր մոլորակին վրայ օրերը ամէնէն երկարն են:
ա – Հրատ, բ – Երկրագունդ, գ , Երեւակ, դ – Լուսնթագ

15) Մոլորակները լոյսը կ՛արձակեն:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

16) Արեւը եւ լուսինը նոյն չափը ունին:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

17) Երբ աստղանաւորդ մը կը պատրաստուի քնանալու անջրպետին մէջ…
ա – Ան անկողինի մը մէջ կը պառկի, ինչպէս պիտի պառկէր երկրագունդին վրայ, բ – Ինքզինք կը կապէ քնանալու տոպրակին մէջ, որպէսզի չծփայ, գ – Անջրպետանաւի իր սենեակին մէջ կը ծփայ, մինչեւ արթննայ, դ – Այս պատասխաններէն ոչ մէկը ճիշդ է, անջրպետին մէջ քնանալու պէտք չունինք:

18) Առաջին մարդ արարածները երեւցած են հոյամողէզներուն շրջանին:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

19) Բոլոր հոյամողէզները միս կ՛ուտէին:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

20) Ոզնիները արդէն գոյութիւն ունէին հոյամողէզներուն ժամանակ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

21) Հսկայ կրիան ընդհանրապէս մէկ հաւկիթ կ՛ածէ ամէն անգամ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

22) Աղուէսները իրենց ուտելիքին մնացորդները կը պահեն յատուկ տեղեր, որպէսզի անոնք դարձեալ գտնեն եւ ուտեն:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

23) Բուին աչքերը կը գտնուին…
ա – Գլխուն առջեւը, բ – Գլխուն ետեւը, գ – Գլխուն երկու կողմերը, դ – Գլխուն վրայ

24) Նոր ծնած ոզնիները արդէն փուշեր ունին:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

25) Չափահաս փանտաները կրնան լողալ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել մարդամեքենային գլխուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել մարդամեքենային գլխուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու գողերը:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու գողերը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` իւրաքանչիւր թիւ իրեն համապատասխանող տեղը դնելով:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` իւրաքանչիւր թիւ իրեն համապատասխանող տեղը դնելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

 

1 – բ, 2 – գ, 3 – բ, 4 – գ, 5 – բ, 6 – բ, 7 – բ, 8 – ա, 9 – դ, 10 – գ, 11 – ա, 12 – ա, 13 – գ, 14 – դ, 15 – բ, 16 – բ, 17 – բ, 18 – բ, 19 – բ, 20 – բ, 21 – բ, 22 – ա, 23 – ա, 24 – բ, 25 – բ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Մայիս 1965)

Յաջորդը

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին` Եւրոպական Միութեան Մշակութային Ժառանգութիւն

RelatedPosts

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025
Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞
Մանկապատանեկան

Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞

Ապրիլ 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?